ՏԵՒԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր ընդունեց «Դաւիթեան» հիմնադրամի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Ասօ Դաւիթեանի, ինչպէս նաեւ Ֆլետչըրի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցի տեսուչ ծովակալ Ճէյմս Սթավրիտիսի։ Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Եդուարդ Նալպանտեան բարձր գնահատեց «Դաւիթեան» հիմնադրամի գործունէութիւնը հայ երիտասարդներու կրթութեան եւ բարձրակարգ վերապատրաստութեան ուղղութեամբ։ Ան արժեւորեց «Դաւիթեան» հիմնադրամի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան հիւրերուն ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղեալ՝ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերը։
Զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային եւ տարածքաշրջանային խնդիրներու, անոնց լուծման ուղիներու վերաբերեալ։
«Դաւիթեան» հիմնադրամի միջոցներով կրթութիւն ստացած կամ վերապատրաստութենէ անցած երիտասարդները Հայաստանի մէջ երկար տարիներէ ի վեր կարեւոր դերակատարութիւն կը ստանձնեն՝ թէ՛ որպէս պետական պաշտօնեայ եւ թէ որպէս մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչ։