«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ «Հայ­կա­կան պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը մեր­ձա­ւոր Սփիւռ­քէ ներս» նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ քննար­կում մը։ Օ­րուան գլխա­ւոր բա­նա­խօսն էր յու­շար­ձա­նա­գէտ Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան, որ կը ղե­կա­վա­րէ Հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րող հիմ­նար­կը։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Ըստ ի­րեն, պէտք է ան­պայ­ման ար­ձա­նագ­րուին աշ­խար­հի բո­լոր հայ­կա­կան յու­շա­կո­թող­ներն ու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը։

Ա­ւե­լի վերջ Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան ներ­կա­յա­ցուց իր հիմ­նադ­րած եւ այժմ գլխա­ւո­րած հիմ­նար­կի ստեղծ­ման պատ­մու­թիւ­նը, ծա­ւա­լած աշ­խա­տան­քը եւ այդ հի­ման վրայ լոյս տե­սած գիր­քե­րը։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ «Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քակր­թու­թե­նէ դուրս» ե­ռա­լե­զու գիր­քին։ Բա­նա­խօ­սը ներ­կա­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց այս աշ­խա­տու­թեան քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թեան ու կա­րե­ւո­րու­թեան։ Այդ գիր­քին մէջ տեղ գտած նիւ­թե­րը կը վե­րա­բե­րին 4-20-րդ դա­րե­րու 120 յու­շար­ձան­նե­րուն։

Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան նշեց, որ այդ գիր­քի լու­սա-նը­կար­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը իր կող­մէ նկա­րա­հանուած են։ Ա­նոնց­մէ մէկ մա­սը նկա­րա­հա­նուած են տիե­զեր­քէն, իսկ ո­րոշ լու­սան­կար­ներ ալ օ­տա­րազ­գի­նե­րու կող­մէ փո­խան­ցուած են իր կազ­մա­կեր­պու­թեան։

Հա­ւա­քոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան յու­շար­ձա­նա­գէտ Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան ընդգ­ծեց, որ օ­տա­րազ­գի ու­սում­նա­սի­րող­նե­րը կը հե­տաքրք­րուին Ատր­պէյ­ճա­նի ներ­կայ տա­րած­քէն ներս գտնուող հայ­կա­կան յու­շար­ձան­նե­րով։ «Սկով­տիա­ցի ու­սում­նա­սի­րող մը, որ ու­նէր ե­րեք շաբ­թուան վի­զա, հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նե­ցաւ Նա­խի­ջե­ւա­նի մէջ աշ­խա­տե­լու։ Ե­րեք օ­րուան ըն­թաց­քին ա­նոր հասկ­նա­լի դար­ձու­ցին, որ պէտք է հե­ռա­նայ։ Հայ­կա­կան յու­շար­ձան­նե­րը մեր անձ­նագ­րերն են, Ատր­պէյ­ճան կը վախ­նայ մեր անձ­նագ­րե­րէն», նշեց Սամուէլ Կա­րա­պե­տեան։

Յու­շար­ձա­նա­գէ­տը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նի միւս եր­կիր­նե­րու, Հնդկաս­տա­նի, Մեր­ձա­ւոր ու Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րու հայ­կա­կան յու­շար­ձան­նե­րուն։

Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան պա­տաս­խա­նեց ու­սա­նող­նե­րու, սփիւռ­քա­հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու հար­ցում­նե­րուն, ո­րոնց­մէ վերջ ներ­կա­նե­րը դի­տե­ցին յու­շար­ձան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հե­ղի­նա­կա­յին ժա­պա­ւէն մը։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017