ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԱԼԵՔՍԱՆ ՏԱՏԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ֆութ­պո­լի մրցա­շարք մը, որ ձօ­նուած էր հան­գու­ցեալ  դար­պա­սա­պահ Ա­լեք­սան Տա­տեա­նի յի­շա­տա­կին։ Իր տե­սա­կին մէջ եր­րորդ այս միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ձեռ­նար­կը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թեան։ Մրցում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի Ֆէ­րի­գիւ­ղի մար­զա­դաշ­տին վրայ։

Եր­կօ­րեայ խա­ղե­րէն վերջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւար­տա­կան­ներն ու մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ներ­կայ էին Շիշ­լիի կրթա­կան տնօ­րէն Մու­րատ Միւ­ճա­հիտ Են­թիւր, հան­գու­ցեալ Ա­լեք­սան Տա­տեա­նի այ­րին՝ Մե­րի Տա­տեան, որ­դի­նե­րը՝ Ռո­պէր Տա­տեան եւ Վահ­րամ Տա­տեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Որ­դիք Մկրտիչ Փա­փա­զեան, Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, Թաք­սիմ մարմ­նա­մար­զի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Կա­րօ Հա­մամ­ճեան եւ այլ հիւ­րեր։ Մրցա­շար­քին ա­ռա­ջի­նը հան­դի­սա­ցաւ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի խում­բը, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Տա­տեան, Ե­շիլ­գիւղ եւ Գա­րա­կէօ­զեան։

Պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին Ար­փի Մա­նու­կեան, Կա­րօ Հա­մամ­ճեան, Վազ­գէն Պա­րըն, Մու­րատ Միւ­ճա­հիտ Են­թիւր եւ այլք։ Ա­ռա­ջին չորս կար­գե­րը նուա­ճած խում­բե­րը ծա­փող­ջոյն­նե­րու ներ­քեւ ստա­ցան ի­րենց պար­գեւ­նե­րը, մինչ Որ­դիք Մկրտիչ Փա­փա­զեանն ալ Կա­րօ Հա­մամ­ճեա­նին յանձ­նեց յու­շա­նուէր մը՝ Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի ջերմ հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը Տա­տեան ըն­տա­նի­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ալ յանձ­նե­ցին ծա­ղիկ­ներ, իսկ ա­նոնք ալ ի­րենց հեր­թին դափ­նե­կիր խում­բին հա­մար պատ­րաս­տած էին յու­շա­նուէր­ներ։

    

Շաբաթ, Մայիս 6, 2017