«ՄԱ՛ՅՐ, ԽՂՃԱ ԻՆԾԻ, ՄԻ՛ ՍՊԱՆՆԵՐ ԶԻՍ» (ՎԻԺՈ՞ՒՄ, ԹԷ՞ ՄԱՐԴԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ)
Գրագիտութիւնը միայն ուսման եւ վկայականներ ստանալուն չի՛ վերաբերիր, ոչ ալ պաշտօններու հասնելու զէնքերէն մին կը հանդիսանայ, այլ ան աղերսուած է կեանքի բազմաբնոյթ շերտերուն եւ երեւոյթներուն հետ։ Անգրագիտութեան ու անպատասխանատուութեան իբրեւ արդիւնք՝ այսօր, դժբախտաբար, ականատեսները կը դառնանք կամակայան հաճոյքի մը պատճառաւ մանուկներու արհեստական ընդհատման խնդրին՝ վիժման ու ապա մահուան։ Այս երեւոյթը հետեւանքն է նաեւ այսօրուայ «աշխարհիկ մարդ» ստեղծելու եւ «աստուածասպան» ըլլալու ձեւաւորուող արժեհամակարգին. ուր մարդու արժանապատուութիւնը ամբողջութեամբ մերժուած է եւ անոր հոգեմտաւոր էակի վերածուիլը ոտնակոխուած ու չարաշահուած է։
Աղջիկներու նկատմամբ տղայ երախաներու ունեցած գերապատուութեան թիւր մտածողութիւնը, բժիշկ-հիւանդ «կաշառակերուած» յարաբերութիւնը, առողջապահական զարգացած տեխնոլոկիաներու սխալ եւ անվերահսկելի կիրառումը, մարդկային իրաւունքի բացարձակեցումն ու պատասխանատուութեան անտեսումը, կանանց իրաւունքի խախտումը եւ խտրականութեան դրսեւորումը, աստուածաբանական, մարդաբանական, բարոյագիտական եզրաշերտերու լուսանցքայնացումը, այսօր, տեղի կու տան ու կ՚առաջնորդեն ապագայ մայրը դէպի սեփական զաւկի սպանութեան ճանապարհ։
Յղիութեան արհեստական ընդհատումը հին դարերէն սկսեալ կը կիրառուէր: Հին Յունաստանի եւ Հռոմի մէջ ան սովորական երեւոյթ մըն էր, որովհետեւ, այդ ժամանակուայ մարդոց ընկալմամբ՝ պտուղը միայն մարդկային ծնունդէն ետքն էր, որ մարդ կը համարուէր: Քրիստոնէութեան տարածման հետ մէկտեղ արհեստական վիժման նկատմամբ պետութեանց մօտեցումը ամբողջապէս փոխուեցաւ եւ ան նոյնացաւ մարդասպանութեան հետ: 16-րդ դարուն եւրոպական երկիրներու մէջ յղիութեան արհեստական ընդհատմանը դիմող կիները նոյնիսկ մահապատիժի կ՚ենթարկուէին: 20-րդ դարուն կարգ մը երկիրներ վիժումը օրինականացուցին: Սակայն Լատինական Ամերիկայի, Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Եւրոպայի որոշ պետութեանց մէջ արհեստական վիժման դիմող կանանց եւ զայն կատարող բժիշկներուն համար տակաւին խիստ սահմանափակումներ կան։
Համաշխարհային բժշկական հաստատութեանց տուեալներուն համաձայն՝ ամէն տարի մօտաւորապէս 175 միլիոն յղիութիւններէն առնուազն 75 միլիոնը անցանկալի է, որուն հետեւանքով 40-50 միլիոն արհեստական ընդհատումներ կը կատարուին: Երբ հարց տանք իր զաւակը վիժեցնող մօր կամ երիտասարդ աղջկան, թէ ի՛նչն էր պատճառը, որ զինք մղած էր նման քայլի։ Հետեւեալ պատճառաբանուած-պատասխանները կը ստանանք. «Անհրաժեշտ էր, քանի որ ուրիշ ելք եւ այլընտրանք չունէի», «Առաջին երախաս նոր ունեցած էի», «Խաբուած էի», «Ամուսնոյս աշխատանքը այնքան ալ լաւ եւ բարեյաջող չէր», «Ֆինանսական խնդիրներ կային, միակ տարբերակը սա էր», «Երկու աղջիկ ունէի, երրորդ աղջիկը ցանկալի չէր…»։
Երախան կեանք է, իսկ վիժումը՝ սպանութիւն։ Քու իսկ ձեռքովդ կատարուած չծնած զաւկիդ մահովը՝ մահուան թոյլ տուած կ՚ըլլաս, որ ան առեւանգէ զինք։ Այդպիսով, անմեղ երախադ խաւարէն մթութիւն կ՚անցնի՝ Աստուծոյ պարգեւած լոյսը չտեսնելով։ Պահ մը զինք որովայնիդ մէջ ունեցար ու կրեցիր, անոր գոյութեամբ ուրախացար, բայց այնուհետեւ գիտակցաբար զինք մահուան ոսկրոտ գիրկը նետեցիր։ Երկաթէ մագիլներով եւ կեանքի գիշատիչ ատամներով ապագայ իմաստունը կեանքէն կտրեցիր՝ մարմինդ անոր կառափնարանը եւ ժամանակաւոր դագաղը դարձնելով։ Իւրաքանչիւր երախայ կ՚ուզէ իր մօր վիզէն թաթիկներով փաթթուիլ, սակայն անխիղճ դահիճը իր եաթաղանով ժպտաշուրթն մանուկիդ ձեռքերը կտրեց՝ հակասելով Աստուծոյ «Մի՛ սպաններ» պատուիրանին։ Ան մայրական կաթը ճաշակել կ՚ուզէր, անով սնանիլ ու մեծնալ, անմեղ սրտով կուրծքիդ հպիլ, բայց դաժան երկաթի կտորը խոցեց իր փոքրիկ աստուածադիր սիրտը։
Բեղմնաւորուած սաղմը եւ ապա զարգացող պտուղը ինքնուրոյն ապրելու կարողութիւն ունի՝ նախախնամութեան հրաշքով։ Սաղմը իր գոյութեան առաջին իսկ վայրկեաններէն սկսեալ կ՚աճի եւ անընդմէջ կը զարգանայ։ Ան բջիջներու աստիճանաբար զարգացող ընթացք ունի, ուստի, իր յատկանիշները հետզհետէ արտայայտելու ունակութեամբ օժտուած է: Մայր արարածը ընդամէնը զինք իր որովայնին մէջ կը կրէ՝ իր ապագայ երախային զարգացման պայմաններ ապահովելով: Սաղմին՝ անկախ էակ ըլլալու մասին կը փաստէ նաեւ բնախօսական (physiological) այն հանգամանքը, որ պտուղը մօր արգանդի պատերուն հետ կապ չունի, այլ իր զարգացման սեփական միջավայրը ունի, իսկ մօր արիւնը պտուղի արեան հետ երբեք չի խառնուիր։
Ապացուցուած է նաեւ, որ պտուղը՝ այդ կենդանի էակը ցաւի, վտանգի, անհանգստութեան զգացողութիւն ունի: Պտուղը միշտ իր կեանքին ուղղուած վտանգը կը զգայ եւ կը փորձէ պաշտպանուիլ: Ամերիկացի հռչակաւոր մանկաբարձ-բժիշկ Պեռնարտ Նաթանսոնը հազարէ աւելի յղիութեան արհեստական ընդհատում կատարած է եւ բացառիկ ֆիլմ մը նկարահանած է։ Ժապաւէնը ցոյց կու տար, թէ լոյս աշխարհ չեկած երախան՝ զգալով մահուան վտանգն ու մղձաւանջը, կը ջանար խոյս տալ վիրաբուժական գործիքէն։ Պտուղը տագնապի մատնուելով՝ այս ու այն կողմ կը նետուէր եւ սիրտը շատ արագ կը տրոփէր։ Ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք, բազմաթիւ բժիշկներ իսկոյն հրաժարած են արհեստական ընդհատում, վիժում կատարելէ:
Իսկ ամերիկացի ակնառու բժիշկ Փոլ Ռոքուէնը իր կատարած երկու ամսական սաղմի վիժման ընթացքը կը նկարագրէ՝ ըսելով. «Սաղմը երկու ամսական էր։ Ընկերքը բռնեցի եւ տեսայ, թէ ինչպէ՛ս պտղապարկի հեղուկին մէջ մանրադիտակային չափերու՝ 3.8 սմ. երկարութիւն ունեցող, արական սեռին պատկանող սաղմը բաւական արագ կը լողար։ Ան լրիւ ձեւաւորուած էր, երկար կոնաձեւ մատներ ունէր։ Անոր մաշկը համարեա թափանցիկ էր, իսկ մատներու ծայրերէն դիւրութեամբ կարելի էր տարբերել բարակ երակներն ու զարկերակները։ Մանկիկը իր շարժունակութիւնը կը ցուցադրէր, կարծես իսկական լողորդ մըն էր։ Մէկ շրջապտոյտը մէկ երկվայրկեան արագութեամբ կը լողար։ Երբ ընկերքը պատռուեցաւ, կեանքէն կտրուեցաւ ու զրկուեցաւ՝ կրկին սաղմի տեսք առնելով»։
Աստուածաբանական տեսանկիւնէն դիտուած՝ մարդ էակին կենդանութիւնը, շարժունակութիւն եւ զարգացում ապահովողը մարդկային հոգին է, որուն մասին Ղազար Ճահկեցի կ՚ըսէ. «Հոգին անմարմին էութիւն է, անմահ, մշտաշարժ։ Հոգին կենդանի է, սկզբնաւոր եւ անմահ»: Առանց հոգիի մարմինը չի կրնար էակ համարուիլ։ Հոգին է մարմնին կենդանութիւն տուող նախապայմանը: Եթէ սաղմին մէջ առկայ չէ հոգին, ապա ան կենդանի էակ չի կրնար համարուիլ։
Խնդիրը այլ տեսանկիւնէն դիտարկենք եւ պարզաբանենք. ընդհանրապէս սկզբնաւորուած իւրաքանչիւր նիւթական արարած ենթակայ է զարգացման կամ մահուան: Հետեւաբար, եթէ զարգացում կայ, ապա ան արդէն իսկ կենդանութեան առհաւատչեան է։ Բանական հոգին Աստուծոյ պատկերակրութեան առաջին պայմանն է, ան յետոյ չի ստեղծուիր։ Եթէ այդպէս ըլլար, մարմինը ժամանակի որեւէ մէկ հատուածին մէջ առանց հոգիի կ՚ապրէր: Կենդանութեան գրաւական չունեցող ոեւէ մէկ մարմին չի կրնար զարգանալ. աւելին՝ փտելու ենթակայ է: Այս իրողութեան վկան մահն է, որովհետեւ երբ հոգին մարմնէն դուրս կու գայ, մարդը մեռած կը սեպուի, իսկ անոր անհոգի մարմինը կը փտի։ Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մարմինը առանց հոգիի մեռած է» (Յկ 2.26)։ Առ այդ, հոգին սաղմին մէջ ներկայ է բեղմնաւորման պահէն իսկ՝ կենդանութիւն ու զարգացում տալով անոր։
Գրիգոր Տաթեւացի խօսելով կեանքի եւ բեղմնաւորման մասին՝ գեղեցկօրէն կը բացատրէ. «Քանի որ կազմաւորող զօրութիւնը, որ նիւթի մէջ է, ազդուելով արարչադիր հրամանէն, նախ կը կազմէ եւ կը պատրաստէ նիւթը՝ ընդունելու համար տնկականը (սնունդը) եւ ապա զգայականը, որմէ ետք բանականը՝ աստուածային ծագումով…։ Ինչպէս ցորենի հատիկը իր մէջ զօրութեամբ խոտը, ծաղիկը, հասկը ունի եւ ասոնք հատիկի մը մէջ միասնական են (զօրութեամբ), որ ժամանակ մը ետք հերթականութեամբ կը ծաղկին։ Նոյնպէս իմա նաեւ հոգին: Ինչպէս հողի վրայ տնկը-ւած տունկը նախ կը դալարի, եւ երբ հաստատուի՝ կը ծաղկի ու կը պտղաբերի: Նոյնպէս հոգին անկատար նիւթի հետ կը սնուի, եւ երբ հաստատուի զգայութեամբ՝ կը ծաղկի, երբ բանականութեամբ աւելի կը հաստատուի՝ կը պտղաբերի աստուածային խնամքով, ինչպէս պտուղը՝ արեգակէն»:
Եթէ ամուսնութեանդ բուն նպատակը որդեծնութիւնը չէ. այլ՝ սեփական հաճոյքը, ան երբեք սէր չի կոչուիր, որովհետեւ սէրը ստեղծագործութիւն կ՚ենթադրէ։ Մարդկային սէրը լոկ մարմնական յարաբերութիւն չէ, այլեւ հոգեւոր տարածք է։ Սէրը մարդկային ամէն երջանկութեան աղբիւրն է եւ տարբեր դրսեւորումներու արմատը։ Այդ դրսեւորումներէն մէկը քու եւ կնոջդ պտուղը հանդիսացող նորակազմ ընտանիքն է, որուն վարդահիւթեղ կակաչները եւ ճռուողիւն թռչունները նորածին ու անմեղունակ երախաներդ են։ Մանուկիդ սպանութիւնը կը խեղաթիւրէ, կը սրբապղծէ քու եւ ամուսնոյդ իրական, նուիրական, փոխադարձ յարաբերութիւնը՝ զայն վերածելով ընդամէնը սեռական կեանքի ընթացքի։ Այդ վիճակը քեզ ո՛չ երջանկութիւն, ո՛չ հոգատարութիւն, ոչ ալ կեանքիդ իմաստ, արժէք ու նպատակ կը հաղորդէ, այլ քեզ կը տանի դէպի ինքնախաբէութեամբ առլցուն բաւարարուածութիւն։
Գիտակցուած վիժումը մահացու մեղք է եւ դատապարտելի է հաւասարապէս թէ՛ կամաւորապէս գործող մօր, թէ՛ պարտադրող հօր կամ ընտանիքի անդամին եւ թէ վիժումը կատարող բժշկին։ Նման արարք ներելի է այն ատեն, երբ զաւակի գոյութիւնը մօր առողջութիւնը կամ կեանքը կը վտանգէ։
Պտուղի բեղմնաւորումը, անկախ սեռական պատկանելիութենէն, Աստուծոյ թանկագին պարգեւն է՝ արարչագործութեան թագն ու պսակը։ «Անով էր որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց, առանց անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց։ Կեանքը անով սկիզբ առաւ։ Եւ կեանքը մարդոց լոյսն էր» (Յհ 1.3-4)։ «Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի», կ՚ըսէ Աստուած Երեմիա մարգարէի բերնով (Եր 1.5)։ Եթէ վիժած եւ չծնած երախայիդ կեանքը չխլէիր՝ թերեւս մարդկային ընկերութեան աղիւսներէն մին պիտի դառնար։ Եթէ անոր սիրտը շարունակէր տրոփել՝ կոտրուած ու երկփեղկուած սրտեր գուցէ իրմով միանային, ամոքուէին։ Եթէ անոր կեանքի թելը չկտրէիր՝ մի գուցէ դառնար Աստուածամօր նման լուսերգակ բարի մայր մը։ Եթէ անոր սարսափահար ճիչը լսէիր՝ այսօր կրնար շատերու կեանքը փրկել եւ պաշտպանը դառնալ չծնելու վտանգին մէջ եղող երախաներու ծնունդին։ Եթէ այսօր ան գիրկդ ըլլար, վստահաբար իրմով պիտի պարծենայիր եւ երանի տայիր անոր գոյութեան։
Սիրելի՛ ընթերցող, սրբակենցաղ ճըգ-նաւոր մը կեանքը չտեսած եւ վիժուած երախայի մը ձայնը մարմնաւորած է եւ զայն հասցէագրած է այդ դժբախտ պահը ապրած ծնողներուն. «Մա՛յր, խղճա ինծի, մի՛ սպաններ զիս։ Ես կ՚երազէի, որ դուն զիս քու ձեռքերուդ վրայ դնելով՝ օրօրէիր եւ ջերմութիւնդ տայիր ինծի, բայց զիս յաւերժապէս խաւարի սառնութեան մէջ նետեցիր։ Երախաներուն օրօրոցներուն մէջ կը դնեն, իսկ իմ մարմինը քառատուած աղբամանի մէջ շպրտուեցաւ՝ արնաշաղախ լաթերու եւ հոտած աղբի վրայ։ Ինծի համար ոչ ոք լացաւ։ Առնէտներու անկուշտ երախը իմ գերեզմանս դարձաւ։ Մայր բառը արտասանելէն կը վախնամ, որովհետեւ միշտ կը յիշեմ այն մագիլները, որոնք պատռտեցին եւ բզկտեցին ամբողջ մարմինս, որուն պատճառը դուն էիր»։
Ապաշխարութեան եւ զղջումի աղօթքները քեզ կը փրկեն։ Աղօթէ չծնած զաւկիդ համար եւ ան երկնքէն պիտի ժպտայ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ