ՊԱՐԹԵՒԻ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳԸ

Մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի սի­րուած աստ­ղե­րէն Պար­թեւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դէս ե­կաւ հա­մեր­գով մը, որ ար­ժա­նա­ցաւ իր հա­մա­կիր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Պա­քըր­գիւ­ղի «Լէյ­լա Կեն­ճէր» գե­ղարուես­տի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մեր­գը, ո­րու հո­վա­նա­ւորն էր յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ։ Ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պա­յի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թիւնն ալ ա­ջակ­ցած էր հա­մեր­գին։

Ինչ­պէս միշտ, ե­րէ­կուան ե­րե­կոյ­թին ըն­թաց­քին ալ Պար­թեւ յա­ջո­ղե­ցաւ ջերմ կապ կը հաս­տա­տել իր ունկն­դիր­նե­րուն հետ եւ հեր­թա­կան ան­գամ գրա­ւել ա­նոնց սիր­տը։

Պար­թեւ իս­կա­պէս ճոխ եր­գա­ցանկ մը մա­տու­ցեց ե­րե­կոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րուն։ Թէ՛ ո­ճի եւ թէ սե­րուն­դի զա­նա­զա­նու­թիւ­նով հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րով փունջ մը պատ­րաս­տած էր ան ունկն­դիր­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ջերմ ծա­փե­րով ող­ջու­նե­ցին զին­քը։ Պար­թե­ւի հետ էին՝ մե­ներգ­չու­հի Մա­րալ Չա­փան Ա­թա­ման, «Ա­ռա­գաստ» նուա­գա­խում­գը, Ռո­պէր Տո­ղա­նայ, Ա­րի Հեր­կել, ինչ­պէս նաեւ պա­տա­նի­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ ե­րաժշ­տա­կան խումբ մը։ Թա­մար Քե­շի­շեան Եաշ­կիւչ­լիւ­քալ եւ Էն­տէր Ա­զըն յայ­տագ­րին մաս­նակ­ցե­ցան ի­րենց պա­րե­րով։

Ա­րեւ Կա­րեա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ գոր­ծադ­րուե­ցաւ ե­րե­կոյ­թի ծրա­գի­րը։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան եւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն բազ­մա­թիւ ծա­նօթ դէմ­քե­ր։

    

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2017