ԳՈՒՐԳԷՆ ՏԱՊԱՂԵԱՆ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԱՅՑԵԼԵՑ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեանն ու Ե­րե­ւա­նէն՝ եր­գիչ Գուր­գէն Տա­պա­ղեա­նը։ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի 85-ա­մեա­կին առ­թիւ, Տա­պա­ղեան այ­սօր ե­րե­կո­յեան հան­դէս կու գայ հա­մեր­գով մը։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ան յայտ­նեց, ի­րեն հա­մար ու­րա­խու­թիւն է՝ պոլ­սա­հայ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն հետ շփման ա­ռի­թը։ Գուր­գէն Տա­պա­ղեան յոյս յայտ­նեց, թէ կ՚ար­դա­րաց­նէ ունկն­դիր­նե­րուն սպա­սում­նե­րը եւ այս ձեռ­նար­կը կը դառ­նայ բո­լո­րի յի­շո­ղու­թեան մէջ յատ­կանշա­կան։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Տա­պա­ղեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի եւ մա­նա­ւանդ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նի ջերմ հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մա­ր։

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2017