«ՀՐԱՒԷՐ ԱՂՕԹՔԻ»

Ը­սուած խօսք է, թէ ըն­թեր­ցու­մը շար­ժում, հո­գե­շարժ, սրտա­շարժ, կեանք, հա­ղոր­դու­թիւն է. եր­բեմն յու­զում, եր­բեմն վեր­թե­ւում, եր­բեմն վե­րաս­լաց ձգտում, եր­բեմն խա­ղաղ վա­յե­լում, եր­բեմն բո­ղոք ու ընդվ­զում, եր­բեմն խո­կում ու ո­րո­նում, եր­բեմն գիւտ ու եր­ջան­կու­թիւն է։

Ո՞ւր է հայ մար­դը, հայ ե­րի­տա­սա­րը այ­սօր՝ հայ գիր­քին դի­մաց։ Ան­տե՞ս, հան­դի­սա­տե՞ս, ան­փո՞յթ, ան­հա­ղո՞րդ, թէ՞ սի­րա­խոյզ ու հե­տա­խոյզ, ըն­թեր­ցող ու ո­րո­նող, սպա­սար­կու եւ տա­րա­ծող։

Հար­ցադ­րում­ներ, ո­րոնք պէտք է քրիս­տո­նեայ հա­յոր­դին կա­տա­րէ իր կեն­սըն­թա­ցի եր­թու­ղի­նե­րուն մէջ։ Հար­ցում­ներ, ո­րոնք ուղ­ղուած են իւ­րա­քան­չիւր հա­յու, որ իր հա­յու­թիւ­նը եւ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը կ՚ու­զէ ապ­րիլ վա­ւե­րա­կա­նօ­րէն, ճշմար­տօ­րէն եւ լիօ­րէն։ «Ով որ հայ գիրք կը կար­դայ՝ ա­ւե­լի հա­րա­զա­տօ­րէն հայ կը զգայ, նման այն մար­դուն որ ջու­րը ա­կէն կը խմէ, զով ու զու­լալ։ Ըն­թեր­ցո՛ւմն է միակ ճամ­բան դէ­պի «Աղ­բիւ­րը Լոյ­սին» (Գա­րե­գին Ա. Կա­թո­ղի­կոս)։

­Հայ մշա­կոյ­թին, հայ գի­րին ու հայ գիր­քին նկատ­մամբ բուռն սէր տա­ծող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն մին կը հան­դի­սա­նայ Գերշ. Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նը։ Սրբա­զան Հայ­րը ու­նի բազ­մա­թիւ ա­ղօ­թա­շունչ եւ ու­սու­ցո­ղա­կան գիր­քեր, ո­րոնք հարս­տա­ցու­ցած են Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ գան­ձա­րա­նը։ Նա­խան­ձախնդիր ա­ռա­քե­լու­թեամբ ծա­ռա­յող Սրբա­զա­նը, իր ողջ էու­թեամբ ինք­զինք նուի­րա­բե­րած է հայ գի­րին ու Աս­տու­ծոյ խօս­քին՝ պա­պակ հո­գի­նե­րը աս­տուած­պաշ­տու­թեան խոր­հուր­դով յա­գեց­նե­լու հա­մար։ Իր գրի­չով ցայ­սօր կը հեր­կէ շա­տե­րու հո­ղե­րը՝ ա­նոնց սրտե­րուն մէջ ցա­նե­լով քրիս­տո­նէա­կան եւ բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու բա­րի սեր­մե­րը։ Իր խո­րի­մաստ տո­ղե­րով մար­դոց բա­րո­յա­կան են­թա­հո­ղը հա­ւա­տա­բոյր խրա­տա­կան­նե­րով կը մշա­կէ՝ զա­նոնք հե­ռու պա­հե­լով օ­տա­րա­ծին բար­քե­րէ եւ օ­տա­րըն­կալ ե­րե­ւոյթ­նե­րէ։ Իր ա­ղօ­թամր­մունջ մտա­ծում­նե­րով ա­ռողջ հա­ւատ­քի հո­գի­նե­րը կը պա­տուաս­տէ՝ ի խնդիր ու­ղիղ դա­ւա­նու­թեան եւ աս­տուած­գի­տու­թեան լոյ­սի տա­րած­ման։

«Հրա­ւէր Ա­ղօթ­քի» հա­յե­րէն եւ անգ­լե­րէն երկ­լե­զու գրքոյ­կը ա­ղօթ­քի փունջ մըն է, ուր Սրբա­զան Հայ­րը հա­յա­խօս եւ անգ­լիա­խօս ըն­թեր­ցա­սէր հա­ւա­տա­ւոր­նե­րը կը հրա­ւի­րէ հո­գե­պէս ու մտա­պէս նա­ւար­կե­լու խորհր­դա­ծու­թեան ով­կիա­նին մէջ եւ ըմ­բոշխ­նե­լու քրիս­տո­նէա­կան հո­գեմ­տա­ւոր գան­ձե­րը։ Յով­նան Սրբա­զա­նը սոյն գրքոյ­կի մի­ջո­ցաւ եւ ա­ղօթ­քի ընդ­մէ­ջէն կը խօ­սի երկ­նա­ւոր Հօր Աս­տու­ծոյ հետ, խնդրե­լով, որ Ա­մե­նա­կա­լը իր հո­գիին ծալ­քե­րուն մէջ սեր­մա­նէ աս­տուա­ծա­յին սի­րոյ կրակն ու ճա­ռա­գայթ­նե­րը՝ մար­դոց կեան­քին մէջ կա­րեկ­ցանք, սէր ու գութ բե­րե­լու հա­մար։

Երբ ըն­թեռ­նունք 81 է­ջե­րէ բաղ­կա­ցած սոյն գրքոյ­կը, պի­տի հասկ­նանք, որ Գե­րաշ­նորհ Սրբա­զա­նը ցոյց տուած է, թէ ա­ղօթ­քը ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ այն ան­խո­չըն­դոտ ճա­նա­պարհն ու միակ մի­ջոցն է, որ մարդ ա­րա­րածս իր Ա­րա­րի­չին հետ ուղ­ղա­կի եւ յա­րա­տեւ յա­րա­բե­րու­թեան մէջ կը դնէ, երկ­րա­յի­նը երկ­նա­յի­նին հա­ղոր­դա­կից կը դարձ­նէ, մարմ­նե­ղէ­նը հո­գե­ղէ­նին կը բարձ­րաց­նէ, հու­նա­ւո­րը Ան­հու­նին կը մօ­տեց­նէ։ «Ա­ղօթ­քը՝ մեր հո­գե­ւոր կեան­քին մէջ խմո­րում մըն է, որ մեզ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի Աս­տուած եւ փո­խա­դար­ձա­բար կը զգանք նաեւ Աս­տու­ծոյ այ­ցը մե­զի», դի­տել տուած է Սրբա­զա­նը իր յա­ռա­ջա­բա­նին մէջ։

Բա­նանք գրքոյ­կը եւ սկսինք Սրբա­զան Հօր մտքի ու հա­ւատ­քի կութ­քէն պա­տա­ռիկ­ներ կար­դալ.

«Ձայնն ես խա­ղա­ղու­թեան խռո­վեալ բո­լոր հո­գի­նե­րուն, ո­րոնք ու­ղե­կո­րոյս Քեզ կը փնտռեն եւ Դուն կը դառ­նաս նա­ւա­հան­գիս­տը փո­թոր­կած ծո­վուն։ Ու երբ Քե­զի հետ է միու­թիւ­նը մար­դուն, Դուն կը շա­րու­նա­կես ըլ­լալ հո­գիիս մագ­նի­սը, ո­րուն հետ հպում ու­նե­ցած մար­դը կ՚ապ­րի լու­սա­ւո­րու­մը իր հո­գիին։ Ներ­քին ձայն մըն ալ իմ էու­թեանս մէջ կը ներ­բո­ղէ փառքդ ան­հա­սա­նե­լի, բայց կը շա­րու­նա­կեմ վայր­կեան առ վայր­կեան քայ­լերս ուղ­ղել դէ­պի Քեզ, ո­րով­հե­տեւ ինչ­քան կը մօ­տե­նամ Քե­զի, այն­քան յա­ւէտ կը կոր­չին խա­ւա­րի ճա­նա­պարհ­նե­րը մեր շուր­ջին տա­րա­ծուած»։

Սրբա­զա­նը իր պայ­ծառ ի­մա­ցա­կա­նու­թեամբ ու ող­ջամ­տու­թեամբ, հա­ւատ­քի ջեր­մե­ռան­դու­թեամբ կը հաս­տա­տէ, թէ ապ­րու­մով մա­տու­ցուած ճշմա­րիտ ա­ղօթ­քը մարդս բո­լո­րո­վին կը կտրէ ար­տա­քին աշ­խար­հէն ու աշ­խար­հա­յի­նէն, նիւ­թէն ու նիւ­թա­կա­նէն  եւ կը վե­րաց­նէ ու Աս­տու­ծոյ դէմ յան­դի­ման կը հա­նէ։ Իսկ մարդ ա­րա­րա­ծը Աս­տու­ծոյ կա­տա­րե­լու­թեան եւ ա­մե­նա­զօ­րու­թեան դի­մաց ինք­զինք կը տես­նէ իր բո­լոր թե­րու­թիւն­նե­րով ու տկա­րու­թիւն­նե­րով եւ Աս­տու­ծոյ լու­սա­կաթ սրբու­թեան դի­մաց ինք­զինք կը ճանչ­նայ իր բո­վան­դակ մե­ղան­չա­կա­նու­թեամբ ու մեղ­սա­ծին աղ­տե­ղու­թիւն­նե­րու մու­րով։ Ա­հա թէ ի՛նչ Սրբա­զա­նը իր սրտի խոր­քէն կը բար­բա­ռի.

«Տե­սողն ա­մե­նայ­նի, բա­րին սեր­մա­նող Աս­տուած իմ, Քե­զի կ՚ուղ­ղեմ սլաքն իմ ա­ղօթք­նե­րուն, որ­պէս­զի կեանքս մշտա­պէս կամր­ջուի Քե­զի հետ։ Դուն կը կար­դաս խոր­քը իմ հո­գիին ու այն­տեղ կը ցա­նես սեր­մերն Քրիս­տո­սի ա­ւե­տա­րա­նին։ Ու ես կ՚ուխ­տեմ պա­րարտ հո­ղը Քու ոս­կի պատ­գամ­նե­րուն, ո­րոնց սնուն­դը՝ ան­մա­հա­կան ջուրն է իմ հո­գե­ւոր կեան­քին։ Բա­րեաց աղ­բիւրն ես Տէր Աս­տուած, ու ես ան­յա­գօ­րէն կ՚ու­զեմ բա­նալ հո­գիս, որ­պէս­զի անդ տես­նեմ Քեզ, զի Դուն ես հա­յե­լին իմ էու­թեա­նը»։

­Յով­նան Սրբա­զա­նը ու­նի ինք­նու­րոյն ոճ, մատ­չե­լի ու դիւ­րա­հա­ղորդ լե­զու, մա­քուր եւ բա­րի սրտէ բխած խօս­քեր։ Ա­նոր ա­ղօթք­նե­րը թէեւ պարզ են, բայց ի­րենց բո­վան­դա­կու­թեամբ բնո­րոշ, խոր ու տա­րո­ղու­նակ են, իսկ փո­խա­բե­րու­թիւն­նե­րը դի­պուկ են, հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը՝ տե­ղին եւ հա­սա­նե­լի բո­լոր քրիս­տո­նեայ հա­յոր­դի­նե­րուն։ Երբ կար­դանք ա­ղօ­թա­սաց Սրբա­զան Հօր ա­ղօթք-մտո­րում­նե­րը, պի­տի տես­նենք, թէ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նը հե­ծող սրտի կո­ծով ու հա­ռա­չան­քով կը խնդրէ Աս­տու­ծոյ՝ ձեռք կար­կա­ռե­լու ի­րեն, թո­ղու­թիւն շնոր­հե­լու իր մեղ­քե­րուն, լոյս տա­լու իր մտքին ու քայ­լե­րուն, յոյ­սով, հա­ւատ­քով ու ա­ռա­քի­նու­թեան զէն­քե­րով զի­նե­լու զինք ընդ­դէմ փոր­ձու­թիւն­նե­րուն ու փոր­ձի­չին, սէր հե­ղե­լու իր սրտին մէջ եւ ի­մաս­տու­թեամբ լեց­նե­լու զինք։

Ու­սու­ցո­ղա­կան ե­ղա­նա­կով, հա­րա­զատ պատ­կեր­նե­րով, տպա­ւո­րիչ հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րով եւ աս­տուա­ծաշն­չեան հաս­տա­տում­նե­րով, Սրբա­զա­նը լոյս կը սփռէ մեր բա­նա­կա­նու­թեան ու հո­գիին վրայ՝ ընդգ­ծե­լով լոյ­սի թա­գա­ւո­րու­թեան ու­ղին.

«Թա­գա­ւորն ես թա­գա­ւո­րաց Տէր իմ Աս­տուած, ու Քե­զի կը բա­նամ հո­գիիս ա­ռա­գաստ­նե­րը, որ­պէս­զի ստու­գա­պէս հաս­նիմ ան­հու­նին մէջ տա­րա­ծուած մե­ծու­թեանդ։ Եւ հո­գիիս ա­ռա­գաստ­նե­րը ա­ղօթք­ներս են մշտար­թուն հա­ւատ­քին, ո­րուն մէջ է նաեւ կեանքս։ Դուն լոյ­սի աղ­բիւր, յոյ­սի փա­րոս, խա­ղա­ղու­թեան շունչն ես բո­լո­րիս մէջ, երբ մու­թին մէջ թա­ւալգ­լոր է մարդ­կու­թիւ­նը։ Եւ երբ դէ­պի Քեզ կ՚ուղ­ղէ հո­գիս իր ձայնն ա­ղօթ­քի, ա­հա այն ժա­մա­նակ լոյ­սը կը դառ­նայ ծո­վա­ցում իմ էու­թեա­նը մէջ եւ յոյ­սի փա­րոս կը դարձ­նեմ կեանքս իմ նմա­նա­կից­նե­րուն, ու կ՚ու­զեմ ան­յա­գօ­րէն բաշ­խել բո­լո­րին խա­ղա­ղու­թեան պատ­գա­մը»։

«Հրա­ւէր Ա­ղօթ­քի» գրքոյ­կին մէջ Յով­նան Սրբա­զա­նը շեշ­տած է նաեւ աս­տուա­ծա­յին խօս­քի ճշմար­տա­կա­նու­թիւ­նը, փրկա­րար դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, հաս­տա­տու­թե­նա­կա­նու­թիւնն ու յա­ւեր­ժա­կա­նու­թիւ­նը։ Քրիս­տո­սա­բոյր խա­ղա­ղու­թեան ձեռք­բեր­ման, քրիս­տո­նէա­վա­յել կեանք մը ապ­րե­լու, Աս­տու­ծոյ ու­ղեկ­ցու­թիւ­նը վա­յե­լե­լու եւ յա­ւի­տե­նա­կան ու գնա­յուն աս­տուա­ծաշ­նորհ բա­րիք­ներ վա­յե­լե­լու հա­մար՝ ճշմա­րիտ դե­ղա­գի­րը Աս­տու­ծոյ խօսքն է, որ կ՚ու­սու­ցա­նէ, կը յան­դի­մա­նէ եւ կ՚ուղ­ղէ հա­ւա­տա­ւոր քրիս­տո­նեան՝ պատ­րաստ գտնուե­լու ա­մէն տե­սա­կի բա­րի գոր­ծե­րու։ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նը ա­պա­ւի­նե­լով Տի­րոջ խօս­քին՝ ա­ղե­խարշ կը խնդրէ Աս­տուծ­մէ.

«Յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թիւնն ես Դուն, Աս­տուած իմ, եւ խո­նար­հու­մով ա­ղօթք կը վե­րա­ռա­քեմ Քե­զի, որ­պէս­զի հո­գիիս թռիչք պար­գե­ւես բարձ­րա­նա­լու դէ­պի Քեզ եւ ան­հու­նու­թիւն։ Ինչ­քան իմ հո­գու հա­յեաց­քը կ՚ուղ­ղեմ դէ­պի Քեզ, այն­քան իմ էու­թիւնս կը խո­րա­սու­զուի իմ հո­գուս խո­րե­րը, որ­պէս­զի ապ­րիմ խո­նարհ սրտով, բա­րին գոր­ծե­լով տեն­չով, նե­րո­ղամ­տու­թեան զգա­ցո­ղու­թեամբ պա­րու­րե­լու միտքս, մարդ­կանց մէջ տա­րա­ծե­լու Քու կե­նա­րար խօսքդ, որ կը ճա­ռա­գայ­թէ Աս­տուա­ծա­շունչ Մա­տեա­նէն, լոյս բե­րե­լու ու ի­մաս­տու­թիւն մա­տա­կա­րա­րե­լու մարդ­կանց մտքին»։

«Հրա­ւէր Ա­ղօթ­քի» ա­ղօ­թա­գիր­քը գրուած, հաս­ցէագ­րուած եւ նուի­րուած է իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տո­նեայ հա­յու։ «Հրա­ւէր Ա­ղօթ­քի» գրքոյ­կը կը դառ­նայ իս­կա­պէս ա­ղօթք, երբ հայ ե­րի­տա­սար­դը զայն իր հո­գիի շուրթ­նե­րով կար­դայ եւ ար­տա­բե­րէ։

Մաղ­թող ենք, որ Սրբա­զան Հօր գրի­չը միշտ դա­լար մնայ եւ այս­պի­սի օգ­տա­շատ գրքոյկ­նե­րով հարս­տաց­նէ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ գան­ձա­րանն ու հայ ե­րի­տա­սար­դին հո­գեի­մա­ցա­կան ար­ժէք­նե­րը։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2017