ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԱԹ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Հա­լէ­պի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ Տքթ. Նա­յէֆ  Սալ­թիի, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ «Քրիս­տա­փոր» ու­սա­նո­ղա­կան միու­թեան, Հա­լէ­պի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի «Ռա­զի» սրա­հին մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի շաբ­թուան:

Շաբ­թուան ձեռ­նարկ­նե­րը սկսան ա­րուես­տա­գէտ Զա­ւէն Պար­տաք­ճեա­նի գե­ղան­կար­նե­րուն եւ հայ հե­ղի­նակ­նե­րու կող­մէ մեծ ե­ղե­նի նիւ­թով ա­րա­բե­րէ­նի թարգ­մա­նուած գիր­քե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սով:

Յի­շեալ ձեռ­նար­կին բա­ցու­մը կա­տա­րեց ՀՄԸՄ-ի շե­փո­րա­խում­բը, որ­մէ ետք գնահատական խօսքեր ա­րտասանեցին Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Շա­հան Արք. Սար­գի­սեան եւ հա­մալ­սա­րա­նի մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու կու­սակ­ցա­կան պա­տաս­խա­նա­տու Ֆա­թի­մա Ա­ճուր:

Միւս կող­մէ, Ճար­տա­րա­պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի սրա­հին մէջ հա­յե­րէն, ա­րա­բե­րէն եւ ռու­սե­րէն եր­գե­րով ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Հա­մազ­գա­յի­նի «Զուարթ­նոց» երգ­չա­խում­բը՝ խմբա­վա­րու­թեամբ Գա­յիա­նէ Սի­մո­նեան-Տէ­րեա­նի, դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ռու­զան Պար­սու­մեա­նի, որ­մէ ետք Հա­մազ­գա­յի­նի «Շու­շի» ման­կա­պա­տա­նե­կան պա­րա­խում­բը, ա­պա Ան­նա Պար­սու­մեան՝ հայ­կա­կան եւ ա­րա­բա­կան գե­ղե­ցիկ եր­գե­րով:

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2017