ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

«Կան­գառ Փոք­րիկ Հա­յաս­տա­նի մէջ» խո­րագ­րով հա­մեր­գը, Փոք­րիկ Հա­յաս­տա­նի սրտին մէջ, Մա­յի­սի 13-ին լո­սան­ճե­լըս­ցի­նե­րուն պի­տի ներ­կա­յաց­նէ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը: Ե­րա­ժիշտ­ներ Ար­տեոմ Մա­նու­կեանն ու ըն­կեր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ «Ա­յա» պա­րա­խում­բը պի­տի ներ­կա­յա­նան կա­տա­րում­նե­րով, իսկ նկար­չու­հի Ար­փի­նէ Շահ­պան­տա­րեա­նը՝ իր ա­րուես­տի գոր­ծե­րով:

Ձեռ­նար­կի նա­խա­ձեռ­նակ՝ Փոք­րիկ Հա­յաս­տան հա­մայն­քի զար­գաց­ման ըն­կե­րակ­ցու­թեան (Little Armenia Community Develo­pment Corporation) նա­խա­գահ Քրիս­տի­նէ Ճե­կա­լեան կը նշէ, որ ձեռ­նար­կին նպա­տակն է ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րել դէ­պի Փոք­րիկ Հա­յաս­տան շրջանն ու հայ հա­մայն­քը։

«Հո­լի­վու­տի մէջ բնա­կող տար­բեր հա­մայնք­ներ (ճա­բոն­ցի­ներ, թայ­լանտ­ցի­ներ, մեք­սի­քա­ցի­ներ եւ այլք) ու­նին ի­րենց կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք բազ­մաբ­նոյթ ձեռ­նարկ­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն թէ՛ ի­րենց հա­մայն­քին հա­մար, թէ՛ քա­ղա­քին մէջ բնա­կող այ­լազ­գի­նե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լու ի­րենց մշա­կոյ­թը: Նոյ­նը կ՚ու­զենք ը­նել մենք՝ հայ հա­մայն­քին եւ օ­տար­նե­րուն ներ­կա­յա­նա­լու հա­մար. այս նպա­տա­կով էր, որ ստեղ­ծուե­ցաւ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, ո­րուն ա­ռա­ջին ձեռ­նար­կը մշա­կու­թա­յին է: Սոյն ծրա­գի­րը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի Լոս Ան­ճե­լը­սի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մշա­կոյ­թի վար­չու­թեան տրա­մադ­րած դրա­մաշ­նոր­հով, որ նա­խա­տե­սուած է ա­րուես­տի մի­ջո­ցով մար­դոց ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րել քա­ղա­քի ոչ շատ ծա­նօթ հան­րա­յին վայ­րե­րուն: Մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի շա­հե­րը կը հա­մընկ­նին, եւ ո­րո­շե­ցի ներ­կա­յաց­նել հայ­կա­կան նա­խա­գիծ, ուր ներգ­րա­ւուած պի­տի ըլ­լան Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ գոր­ծող ա­րուես­տա­գէտ­ներ», կը տե­ղե­կաց­նէ Քրիս­տի­նէ Ճե­կա­լեան:

Ան նաեւ կը խոս­տա­նայ հե­տաքրք­րա­կան ու գե­ղե­ցիկ մշա­կու­թա­յին ե­րե­կոյ՝ տա­ղան­դա­ւոր ե­րա­ժիշտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

«Կան­գառ Փոք­րիկ Հա­յաս­տա­նի մէջ» ձեռ­նար­կը անվ­ճար է։

Ծրագ­րին ընդգր­կուած են. Ար­տեոմ Մա­նու­կեան (թաւ­ջու­թակ), Վար­դան Յով­սէ­փեան (դաշ­նակ), Թիմ Լե­ֆեպվ­րէ (պաս-կի­թառ), Ճոն Ճոն­սըն (սրինգ), Ճին Քո­յէ (հա­րուա­ծա­յին գոր­ծիք­ներ), ինչ­պէս նաեւ «Ա­յա» պա­րա­խում­բը եւ նկար­չու­հի Ար­փի­նէ Շահ­պան­տա­րեան:

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2017