ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց երգչախումբը երէկ երեկոյեան փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ՝ իր հիմնադրութեան 85-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Սա երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած համերգ մըն էր մեր գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ եւ Վարդանանց երգչախումբն ալ հերթական անգամ արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը՝ վերանորոգ եռանդով ու վաղեմի կարգապահութեամբ։ Ներկայիս Վարդանանց երգչախումբը կը տեւականացնէ 85 տարիներու երթ մը՝ պատուաբեր, հպարտ ու նոյնքան դժուարին։ Խոր աւանդութեան մը մերօրեայ կրողն է այս երգչախումբը, առանց որու ուղղակիօրէն անկարելի է պատկերացնել թրքահայ ո՛չ միայն երաժշտական, այլ ընդհանրապէս ընկերամշակութային կեանքը։ Մեր համայնքը երկար ժամանակէ ի վեր Վարդանանց երգչախումբը կ՚ողջունէ գագաթի մը վրայ, ուր միայն կը խօսուի անոր յաջողութիւններուն եւ հեռանկարներուն մասին։ Երէկուան յոբելենական համերգը եկաւ միեւնոյն ժամանակ բիւրեղացնել, թէ երգչախումբը ինչ ճանապարհ անցնելով նուաճած էր այդ գագաթը։ Մաէսթրօ Ատրուշան Հալաճեանի մականին ներքեւ վերջին տասնամեակներուն այս խումբը տարած է յամառ ու տքնաջան աշխատանք, մեծ զոհողութիւններով։ Այդ յամառ աշխատանքն է, որ վճռած է երգչախումբի արդի տարեգրութեանց ճակատագիրը, դուռ բացած է անոր վերելքին առջեւ ու մանաւանդ անոր համարձակութիւն ներշնչած է յաւակնոտ ծրագրեր որդեգրելու։ Այս առումով Վարդանանց երգչախումբը ներկայ յոբելեանին կը տօնախմբէ իր յամառ աշխատանքին արդիւնքը, իր միասնականութեան պտուղը եւ կ՚արժեւորէ այդ բոլորին փայլուն հանրագումարը։
Ներկայ 85-ամեակը Վարդանանց երգչախումբը որոշած է օգտագործել նաեւ մատուցելու համար երախտագիտութեան արդար տուրք մը՝ մեծարելով հայկական երաժշտական աշխարհի կենդանի առասպելներէն մին՝ մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանը։ Երէկուան համերգը այս տեսանկիւնէն խտացուց բազում ապրումներ, համատեղեց բազում խորհրդանշաններ։ Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեան ծննդեան 90-ամեակին առթիւ բարձր գնահատանքի ու ծափողջոյններու արժանի եղաւ իր ծննդավայրին մէջ։ Ցարդ ան զանազան հարթութիւններու վրայ առարկայ դարձած էր մեծ պատիւներու եւ երէկ երեկոյեան իր վիթխարի վաստակի բարոյական հատուցման տեսանկիւնէն եզակի երեսակ մը աւելցաւ այդ բոլորին վրայ։ Մետայլի միւս երեսակին՝ Վարդանանց երգչախումբի եւ Յովհաննէս Չեքիճեանի յոբելեաններուն համատեղումը կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ նաեւ մեր համայքի տեսանկիւնէն։ Պոլսահայութիւնը նոյնաժամանակ ողջունեց իր ծոցէն հասած թէ՛ անհատ մեծութիւն մը եւ թէ խմբային հեւեւողական աշխատանքի նախանձելի պատկերը։ Խորքին մէջ մեր համայնքը վառ ձեւով անդրադարձաւ, որ մեր մշակութային կեանքի նախընթացները կրնան շօշափելի արգասիքներ տակաւին ունենալ՝ եթէ մասնագիտական կամ ստեղծագործական առանցքով ծաւալուի նպատակասլաց աշխատանք՝ զերծ յարակից գործօններու ազդեցութենէն։ Այս բոլորի լոյսին տակ՝ թէեւ նախապէս մեծարանք մը նախատեսուած էր մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի համար, սակայն գործնականին մէջ մեր երաժշտասէրները մատուցին իրենց երկիւղը անով մարմնաւորուած արուեստագէտի կերպարին առջեւ։ Այդ վերաբերմունքին մէջ, բնականաբար, իրենց անփոխարինելի ազդեցութիւնը ունեցած են՝ Հայաստանի անկախութեան վերջին շուրջ քառորդ դարուն Պետական ակադեմական երգչախումբի Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած մէկէ աւելի անմոռանալի ելոյթները։ Թրքահայ գեղարուեստասէրները այդ գագաթնային երաժշտութիւնը ըմբոշխնած են՝ գիտակցելով, որ այդ խումբին գլուխը կը գտնուի իրենց շարքերէն դուրս եկած հանճար մը։
Վարդանանց երգչախումբը տասնամեակներու ընթացքին թրքահայ իրականութենէն ներս դարձած է նաեւ դպրոց մը։ Այս խումբը կը պայմանաւորէ ձեւ մը, եզր մը՝ յարաբերուելու համար հայկական երաժշտութեան հետ կամ հաղորդ դառնալու համար անոր հորիզոններուն։ Ան ճաշակի, որակի ու մակարդակի նշաձող մըն է արդէն։ Վարդանանց երգչախումբի դպրոցի համակիրները կը զգան հայկական երաժշտութեան որեւէ նմոյշի կատարման ունկնդրութեան ժամանակ համեմատութեան մը երթալու կարիքը՝ իրենց այդ լսածին ու մեր այս խումբէն ունկնդրուածին միջեւ։ Չենք ուզեր, անշուշտ, չափազանցութեան երթալ եւ ակնարկել, թէ այդ բաղդատութեան արդիւնքին միշտ Վարդանանց երգչախումբին մատուցածը կը գերակայէ, սակայն Ատրուշան Հալաճեանի եւ սաներուն տարիներու աշխատանքը յառաջ տարուած է՝ իւրաքանչիւր քայլափոխին կատարելապաշտութեան փորձաքարին առջեւ կանգ առնելով, ինքնակատարելագործման ձգտումէն պահ մը իսկ առանց հեռանալու։
Ատրուշան Հալաճեանի մականին ներքեւ, Վարդանանց երգչախումբի համերգին ընթացքին դահլիճէն ներս ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Խումբը շատ բարձր տրամադրութեան մէջ էր եւ արդէն անմիջապէս մագնիսացուց հանդիսատեսներուն ուշադրութիւնը։ Հարուստ երգացանկ մը պատրաստած էր խումբը յոբելենական այս համերգին առթիւ։ Ունկնդիրները թէեւ որոշ չափով արդէն պատրաստակամ էին Վարդանանցը ծափահարելու, սակայն երգչախումբն ալ այնպիսի նախանձախնդրութիւնով մը իր գործը տեսաւ, որ հանդիսատեսի այդ պատրաստակամութիւնը կարծես կրկնապատկուեցաւ։ Այս յաջողութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան խումբին մենակատարները՝ Լիւսի Գահվէճիօղլու, Յովսէփ Գույումճեան, Գրիգոր Թերզեան, Անէթ Մեհթերեան, Ալիս Շահինօղլու։ Դաշնակով նուագակցեցաւ Սեսիլ Գահվէճիօղլու։ Եզրափակիչ փուլի «Էրեբունի Երեւան»ը արդէն եկաւ ապացուցանել, թէ սա համերգէ մը շատ աւելին էր իսկապէս։
Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց՝ դպրապետ Սեդրակ Սրկ. Տավութհան։ Յովհաննէս Չեքիճեանն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Երեկոյթը պատուեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին՝ Վարդանանց դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Մասնակիցներու շարքին էին՝ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, մեներգիչ Գուրգէն Տապաղեան, Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ համայնքային շրջանակներէն բազում ծանօթ դէմքեր, հիւրեր։
Համերգի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլորը համակրանքով ու գնահատանքով շրջապատեցին Յովհաննէս Չեքիճեանն ու Վարդանանց երգչախումբի անդամները։