ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան, որ ներ­կա­յիս կը գտնուի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) Մոս­կուա­յի մօ­տա­լուտ նստաշր­ջա­նին ըն­դա­ռաջ կը քննար­կէ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի առ­կայ հար­ցե­րը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ ըն­դու­նեց Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նը, որ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թե­նէն վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ մեկ­նած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը տե­սակ­ցած է ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հին հետ։ Ըստ մեր ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան աղ­բիւր­նե­րը այս փու­լին պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դում­ներ պի­տի չկա­տա­րեն եւ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի խնդիր­նե­րուն մա­սին ը­սուե­լիք­նե­րը պի­տի նե­րառ­նուին ԳՀԽ­-ի նստաշր­ջա­նի ա­ւար­տին հրա­պա­րա­կուե­լիք հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ։

Այս ա­ռա­ւօտ, թերթս մա­մու­լի յանձ­նե­լէ ա­ռաջ, մայ­րա­վան­քի վա­նա­տու­նէն հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցանք Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին հետ։ Ամ­փոփ բա­ցատ­րու­թիւն մը տա­լով՝ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հետ ման­րա­մաս­նօ­րէն աչ­քէ ան­ցու­ցած են Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ «Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ար­դէն տե­ղեակ է ա­մէն ին­չէն, ուս­տի մեր ե­րէ­կուան խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն շուրջ մաս­նա­ւո­րա­պէս նշե­լու բան մը չկայ», ը­սաւ ան։

Հար­ցը յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի քննար­կուի նաեւ ԳՀԽ­-ի կող­մէ։ Ար­դեօք ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը ու­նի՞ յստակ ակն­կա­լու­թիւն մը կամ պա­հանջ մը ԳՀԽ­-էն։ Ի պա­տաս­խան ան մե­զի յայտ­նեց. «Նախ եւ ա­ռաջ թող խօ­սուի ԳՀԽ­-ի մէջ, ա­պա տես­նենք ի՛նչ կ՚ըլ­լայ։ Ես չու­նիմ յստակ պա­հանջ մը։ Իմ ակն­կա­լու­թիւնս այն է, որ ա­մէն ինչ լաւ ըլ­լայ, հան­դարտ ու խա­ղաղ պայ­ման­նե­րով խնդիր­նե­րը հար­թուին»։­

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հետ պի­տի ու­ղե­ւո­րուի Մոս­կուա՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ԳՀԽ­-ի ընդ­լայ­նուած կազ­մով նստաշր­ջա­նին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ  Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­սաս­տա­նի Թե­մի հիւ­րըն­կալ­մամբ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը, որ այս օ­րե­րուն ա­ռա­ւել չա­փով կը լսէ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի փո­խան­ցած­նե­րը, ԳՀԽ­-ի քննար­կում­նե­րու ալ լոյ­սին տակ պի­տի տայ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի կող­մէ հնչե­լիք տե­սա­կէ­տին ուղ­ղու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017