ՊԱՏԻՒՍ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՑ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը բնորոշուեցաւ պարգեւատրման շատ յատկանշական արարողութիւնով մը։ Երեւման Ս. Խաչի տօնակատարութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Վարդանանց երգչախումբի 85-ամեակին ձօնուած յոբելենական հանդիսաւոր համերգին յաջորդած երէկուան կիրակիին Ֆէրիգիւղի ընտանիքին մօտ կը տիրէր հոգեւոր համապատասխան ուրախութիւն եւ հրճուանք։ Երէկուան Ս. Պատարագը նաեւ ձեւով մը շարունակութիւնն էր յոբելենական տօնակատարութեան։ Արդարեւ, երգչախումբի 85-ամեակին մեծարուեցաւ Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի յոբելեար ու բազմավաստակ խմբավար մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան, որ եկած է քաղաքս։ Հաշուի առնելով, որ ան թեւակոխած է իր 90-ամեայ յոբելեանը՝ Պատրիարքական Աթոռն ալ որոշած էր պարգեւատրել հռչակաւոր արուեստագէտը, որ հասած է թրքահայութեան ծոցէն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տեղին տնօրինութեամբ Յովհաննէս Չեքիճեանին համար նախատեսուած էր Պատրիարքարանի «Օրմանեան» ոսկէ շքանշանը։ Ուրեմն, երէկուան արարողոոթեան ընթացքին այդ մետայլը յանձնուեցաւ հանդիսաւորապէս եւ Յովհաննէս Չեքիճեան ուրախութիւնն ու պատիւը ունեցաւ իր ծննդավայրէն ներս մեծարուելու արդարօրէն։
Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ երէկուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։
Արարողութեան ընթացքին պարգեւատրումը կատարուեցաւ Նորին Սրբազնութեան ձառամբ։ Այսպէս, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան ընթերցեց օրհնութեան գիրը, որմէ վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեծարեալի լամբակին զետեղեց շքանշանը։ Ան օրուան քարոզին մէջ ալ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Յովհաննէս Չեքիճեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան մասին։ Ան կանգ առաւ նաեւ օրուան՝ Երեւման Ս. Խաչի տօնի նշանակութեան վրայ։
Պարգեւատրումէն վերջ շարունակուեցաւ Ս. Պատարագը, որու աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Այս հաւաքոյթին ալ նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը։ Չեքիճեանի ի պատիւ սարքուած այս սիրող սեղանին մասնակցեցան Ֆէրիգիւղի ընտանիքի վարիչները, թաղի կառոյցներուն պատասխանատուները, երգչախումբի անդամները։ Հիւրերու շարքին էր նաեւ երգիչ Գուրգէն Տապաղեան, որ եւս մասնակցութիւն բերաւ Վարդանանց երգչախումբի յոբելենական ծրագրին։
Ճաշկերոյթի ընթացքին Յովհաննէս Չեքիճեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատիւներու համար։ Ան Վարդանանց երգչախումբին համար պատրաստած էր յուշանուէր մը, զոր ստացաւ դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Մաէսթրոն հաւաքոյթի տեւողութեան անմիջական տրամադրութեամբ շրջապատուեցաւ բոլոր սեղանակիցներուն կողմէ։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024