ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀՀԿ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցան քաղաքապետական ընտրութիւններ։ Կը հաղորդուի, որ մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է բաւական նուազ։ Մայրաքաղաքի բնակիչներուն հազիւ 41 տոկոսը մասնակցած է քուէարկութեան՝ աւագանիի, այսինքն, քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեան։
Հայաստանի Կեդրոնական ընտ-րական յանձնաժողովին կողմէ այս առաւօտ հանրութեան ներկայացուեցան սկզբնական տըւ-եալներ, ըստ որոնց Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) առաւելութեամբ դուրս եկած է ընտրութիւններէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ՀՀԿ ապահոված է քուէներուն շուրջ 71 տոկոսը։ Այս արդիւնքի հիման վրայ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան պիտի մնայ պաշտօնին գլուխը։
ՀՀԿ-ին կը հետւեւին «Ելք» դաշինքը եւ «Երկիր ծիրանի» կուսակցութիւնը։