«ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԵՐԻ» ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Հանգուցեալ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանի մէջ։ Ծանօթ է, որ Քրիստին Սալերիի հարազատներուն կողմէ հիմնուած է համանուն հիմնարկ մը, որ հետամուտ է վառ պահելու անմոռանալի արուեստագիտուհիին յիշատակը։ Այս ծիրին մէջ վերջին տարիներուն կը կազմակերպուին իր յիշատակին ձօնուած նկարչութեան մրցոյթներ, որոնց վեցերորդը տեղի ունեցաւ այս տարի։
Մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին բարեյիշատակ նկարչուհիին հարազատներէն Նանսէն Կարօ Սալերի եւ Ռեհան Սարըպայ։ Ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան։ Աշակերտներուն կողմէ նախապէս կատարուած ստեղծագործութիւնները արժեւորուած էին դատակազմին կողմէ՝ հետեւեալ արդիւնքներով։
Առաջին-չորրորդ դասարաններու դասաւորման մէջ դափնեկիրը եղաւ Այգ Նարեկ Տիքիճի, որուն յաջորդեցին Էրիք Մակարեան եւ Սելին Եուրթկիւլիւ։ Մանսիոնի արժանացան Նուէր Զեքի, Աշոտ Պօղոսեան եւ Աննա Քրիսոնովա։
Հինգերորդ-ութերորդ դասարաններու դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Քլարա Եասթանկաչքոլ, որուն յաջորդեցին Քրիս Թիւյսուզ եւ Մարալ Ապահունի։ Մանսիոնի արժանացան Էվկին Այտըն, Նոյեմի Նորա Էօզչելիք եւ Էլլա Ադամեան։
Իններորդ-տասներկրորդ դասարաններու դասաւորման մէջ յառաջատար եղաւ Իմելտա Գույումճու, որուն յաջորդեցին Ալպերթ Միսաքեան եւ Լուսին Տեմիրճի։ Մանսիոնի արժանացան Ատա Կիւվէն Կիւրպիւզ, Արտէն Պօղոսեան եւ Արտէն Ճան Չըլպըյըքօղլու։
Այս տարի Ռեհան Սարըպայի անունով նոր հաստատուած պարգեւն ալ յանձնուեցաւ Տէօնիս Թուղրաքին։
Մրցանակաբաշխման արարողութեան յաջորդեց ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին զիրար շնորհաւորեցին դափնեկիրները, մասնակիցները, կազմակերպիչներն ու հիւրընկալները։