ՀՆԱԳՈՅՆ ԴԻՏՈՐԴԸ. ՄԱՇՏՈՑԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԶԱՀՐԱՏ
Անցնող օրերուն սպասուած եւ տպաւորիչ ձեռնարկ մը եւս տեղի ունեցաւ երեւանեան կեանքին մէջ։ Աշխարհահռչակ ճազ դաշնակահար Տիգրան Համասեան 7-8 Մայիսին, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ իր նոր՝ «An Ancient Observer» («Հնագոյն դիտորդ») ալպոմի համերգային շրջագայութեան ծիրէն ներս համերգներ ունեցաւ նաեւ իր ծննդավայր Հայաստանի մէջ՝ կրկին համախմբելով իր արուեստով տարուած հազարաւոր երաժիշտներ եւ մաքրամաքուր երաժշտութեան իսկական տօն մը պարգեւելով հանդիսատեսներուն:
Վերջերս՝ 2017 թուականի Մարտին լոյս տեսած է Տիգրան Համասեանի «An Ancient Observer» ալպոմ-հաւաքածոն: Անոր մէջ ընդգրկուած գործերը երաժիշտին վերջին չորս տարիներու ընթացքին գրուած ստեղծագործութիւններն են, բացի երկուքէն, որոնք ստեղծուած են հայկական երաժշտութեան յօրինանիւթերով: Մնացեալը բոլորովին նոր գործեր են՝ իր ստեղծագործութիւնները: Անշուշտ, բոլոր իր գործերուն մէջ կը զգացուի հայկական երաժշտական արմատներուն կառչած մնալու իր ճիգը, ինչ որ Համասեան չի թաքցներ, այլ բացայայտօրէն ի ցոյց կը դնէ, ըսելով, որ հայկականն է իրեն համար ամենէն զուլալ եւ անսպառ աղբիւրը, որմէ առատօրէն կ՚օգտուի:
Վերջին տարիներուն, Տիգրան Համասեան գրեթէ կը բնակի Հայաստանի մէջ եւ «An Ancient Observer»ը երաժիշտին հայաստանեան կեանքի ընթացքին ծնունդ առած նախագիծ մըն է:
Մինչ երեւանեան այս համերգը առաջինը չէ, այլ Տիգրան Համասեան աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ արդէն քսանեօթ մենահամերգ ունեցած է՝ ներկայացնելով Հնագոյն դիտորդը: «An Ancient Observer»ի շրջագայութիւնը Երեւանէն ետք կրկին կը շարունակուի մինչեւ 2018 թուականի աւարտը՝ մենահամերգներու ձեւաչափով: Համասեան Երեւանէն կը մեկնի Ճենովա, յետոյ՝ Մոսկուա, Ճաբոն, Աւստրալիա եւ այդպէս Հնագոյն դիտորդը կը ներկայացուի աշխարհի խոշոր բեմերուն վրայ:
«Ամենէն շատ ուժ եւ կորով կը ներդնեմ իմ հայաստանեան համերգներուն ընթացքին: Դուրսը, ոչ մէկ վայրի մէջ ես այդքան զօրութիւն եւ ուժգնութիւն կը ներդնեմ, որքան Հայաստանի մէջ ունենալիք իմ համերգներէն առաջ եւ անոնց ընթացքին: Հայաստանեան իւրաքանչիւր համերգ ինծի համար տեսակ մը ճնշում է, եւ այդ մէկը հաւանաբար կը բխի պատասխանատուութեան այն մեծ զգացումէն կամ այն անհամբերութենէ, ինչ որ ես ունիմ հայաստանեան համերգներէս առաջ: Երբ ես որեւէ նոր բան կը գրեմ, նախագիծի մը կը սկսիմ, անհամբեր կը սպասեն, թէ երբ կու գայ այն օրը, որ ես զայն Հայաստանի մէջ կատարեմ ու տեղւոյն հանդիսատեսը զայն հասկնայ: Միշտ կը փափաքիմ իւրաքանչիւր համերգիս նոր բան մը ներկայացնել: Ընդհանրապէս, ամէն մէկ ձայնասկաւառակիս ձայնագրութեան ժամանակ ինծի համար ամենակարեւորը այն է, թէ ինչպէս ան զարգացաւ՝ նախորդին համեմատ», երեւանեան իր համերգէն առաջ ըսած է Տիգրան Համասեան:
Երաժիշտը, որ վերջին շրջանին սովոր է առաւելաբար ներկայանալ նախագիծերով, յոյս ունի քանի մը տարիէն նորէն վերադառնալ իր մէկ նախագիծին՝ «Լոյս ի Լուսոյ»ին, որ նոյնպէս ներկայացուց աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Այդ մէկը Տիգրան Համասեանի ինքնատիպ նախագիծն էր՝ դաշնամուրի եւ երգչախումբի համար, որուն ընթացքին ան կու տար 5-20-րդ դարերու հայկական հոգեւոր երաժշտութեան նորովի մեկնաբանութիւնը: Շարականները կը սկսին Մեսրոպ Մաշտոցի գործերէն եւ կը հասնին մինչեւ նոր ժամանակներ։ Շատերուն համար ան առաջին անգամ բացայայտեց, որ Մեսրոպ Մաշտոց՝ գիրերու գիւտի հեղինակը, միաժամանակ նաեւ հրաշալի շարականներու հեղինակ է:
Ինչպէս «Լոյս ի Լուսոյ»ի երեւանեան համերգներու ժամանակ եղաւ, «Հնագոյն դիտորդ»ը նոյնպէս ցնցեց հանդիսատեսը՝ երաժշտութիւնը ներկայացնելու խորութեամբ, ձայնի մաքրութեամբ, մատուցման, կատարողական արուեստի այն բարձր ոճով, զոր որդեգրած է Տիգրան Համասեան եւ որ անկրկնելի է:
«Հնագոյն դիտորդ»ը ստեղծելու իր ներշնչումը եղած է Հայաստանը: Ահա իր խօսքը՝ բարձր արուեստի այդ հաւաքածոյին մասին. «Երբ ես կը նայիմ իմ պատուհանէն եւ կը տեսնեմ պիպլիական Արարատը՝ գագաթին նստած յաւերժական ձիւնով, որուն պատկերը իրենց երկարող լարերով կը կտրեն ելեկտրական սիւները, հին ու նոր տանիքներուն սփռուած ալեհաւաքները, ծխնելոյզներէն սահող նախնեաց ծուխն ու ծառէ ծառ սաւառնող թռչունները, մերթ ընդ մերթ լայնարձակ երկնքին մէջ ուրուագծուող օդանաւի արահետները… այս բոլորը երկխօսութիւն է, հաղորդակցում՝ Աստուծոյ կողմէ տրուած հինաւուրց բնութեան եւ ժամանակակից մարդկային ձեռքբերումներուն միջեւ: Ինծի համար այս մէկը զարթնումի ու գեղեցիկը տեսնելու զգացում է, որով հնարաւորութիւն ունիս հետեւելու այդ քնացած, հրաբխային հսկայի շքեղութեան, միլիոնաւոր տարիներու հեռուէն նայող, եւ որուն հետեւած են Արարատեան դաշտավայրի Կուռ-Արաքսեան մշակոյթէն մինչեւ մերօրեայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները»:
ԶԱՀՐԱՏ. «ՄԱՐԿՈՍ ԵՒ ՄԱՐԿՈՍ»
«Հնագոյն դիտորդ»ը ալպոմին մէջ ստեղծագործութիւն մը կայ, որ Տիգրան Համասեան գրած է ներշնչուելով պոլսահայ յայտնի բանաստեղծ Զահրատի «Մարկոս եւ Մարկոս» բանաստեղծութենէն: Զահրատի ստեղծագործութիւնը, որ երաժշտութիւն դարձած է, իր կարգին ոգեւորած է շարժուն գծանկարներու հայ հեղինակ Նաիրա Մուրատեանը, որ շարժուն գծապատկերներով ժապաւէն ստեղծած է «Մարկոս եւ Մարկոս»ին համար, որ հանդիսացած է շարժանկարային արուեստի բարձրարժէք գործ մը: Շարժանկարը ցուցադրուած է ընթացիկ տարուան Ապրիլին, Անգարայի Միջազգային շարժանկարային փառատօնի ընթացքին: Հետագային նաեւ պիտի ցուցադրուի այլ վայրերու մէջ: Այս մէկը գործ մըն է, ուր ամփոփուած են երեք հայ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ՝ Զահրատի բանաստեղծութիւնը, Տիգրան Համասեանի երաժշտութիւնն ու Նաիրա Մուրատեանի շարժուն գծանը-կարչութիւնը:
Զահրատի «Մարկոս եւ Մարկոս» բանաստեղծութեան մէջ երկու մարկոսներու դէպի ծով փոքրիկ ճամբորդութիւնն է: Սովորական մարդիկ են մարկոսները, որոնք ծովուն մէջ ոտք կը լուային: Անոնցմէ մին միւսին ասուպ մը ցոյց կու տայ, միւսը չի տեսներ, սակայն ոտքերը չորցնելու պահուն ոտքին վրայ աստղ կը տեսնէ: Շատ պարզ, բայց խորիմաստ դրուագ մը, զոր հրաշալի ձեւով նկարագրած է Զահրատ, ցոյց տալով միամտութեան, հաւատքի, յոյսի, ներշնչանքի, երազի, ապրելու այն ամբողջ զգացումները, ինչ որ մենք եւս զանազան դրսեւորումներով ունինք մեր կեանքին մէջ, եւ ընդամէնը քանի մը տող բանաստեղծութիւնը բաւական է, որպէսզի հասկնանք, թէ որքան զարմանահրաշ է կեանքը եւ որքան կարեւոր է հաւատալ ասուպի գոյութեանը: Նոյնպէս երազային է այս ստեղծագործութեան ներշնչմամբ գրուած երաժշտութիւնը եւ նոյնքան երազային՝ շարժանկարը: Զահրատի գործը տարբեր կենդանութիւն ստացած է Տիգրան Համասեանի եւ Նաիրա Մուրատեանի ձեռամբ:
«Մարկոս եւ Մարկոս»ի մէջ Նաիրա Մուրատեան, բացի երաժշտական եւ բանաստեղծական էութիւններէն, կրցած է արտայայտել կեանքի երկու՝ իրարմէ տարբեր գոյութիւններու փիլիսոփայութիւնը: Այդ մէկը խորքն է եւ մակերեսը, տեսանելին ու անտեսանելին:
Մարկոս եւ Մարկոս
Ելան գացին ծով
ու փարոսին քով
Մարկոս ու Մարկոս
-երկուքն ալ Մարկոս-
ոտք կը լուային
-Տես, Մարկոս ըսաւ
Մարկոս Մարկոսին
-Աստղ մը ինկաւ վար-
Մարկոս ծռեցաւ
Ծովուն մէջ -չիկար-
Սուտ ըսիր ըսաւ
Մարկոս Մարկոսին
Իրենց ոտքերը երբ որ չորցուցին
Փոքրիկ աստղ մը կար Մարկոսի ոտքին
ԿՐԿԻՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՔՈՅ
Լոնտոնի, Լոս Անճելըսի եւ այլ խոշոր քաղաքներու նշանաւոր բեմերուն վրայ վերջին շաբաթներուն «An Ancient Observer»ը ներկայացնելու առթիւ միջազգային մամուլը կրկին անդրադարձաւ Տիգրան Համասեանին: «Տը Կարտիըն», «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ այլ նշանաւոր թերթեր, երա-ժըշտական պարբերականներ եւ արուեստի ամսագրեր կրկին գրեցին Հայաստանի Կիւմրի քաղաքէն միջազգային բեմեր հասած փոքրամարմին, սեւ աչք ու յօնքով այս ինքնատիպ ու տաղանդաւոր հայորդիին մասին, որ ամէնուր հնչեցուցած է հայ, Հայաստան, հայ երաժշտութիւն, Կոմիտաս, շարական, հայկական եկեղեցի եւ հայկական ինքնութիւնը բնորոշող անուններ եւ ձեւակերպումներ:
Ինքն ալ իր տեղը գրաւած է աշխարհի մէջ նշանաւոր դաշնակահարներու ցանկին վրայ իբրեւ երիտասարդ ու տաղանդաւոր ճազ յօրինող ու դաշնակահար: Համասեան ծնած է 1987 թուականին, Հայաստանի Կիւմրի քաղաքը, երկրաշարժէն մէկ տարի առաջ: Աւարտած է Երեւանի Միքայէլ Միրզոյեանի անուան երաժշտական դպրոցը, ապա ընդունուած՝ Չայքովսքիի անուան երաժշտական ուսումնարանը: 1997 թուականին սկսած է ճազի դասերու եւ իր առաջին յօրինումները կը պատկանին այս շրջանին: Ան հետագային ուսանած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Ճազային հանրութեան համար Տիգրան Համասեան յայտնութիւն դարձած է, երբ տակաւին տասնմէկ տարեկան էր, 1998 թուականին՝ Երեւանեան առաջին ճազ փառատօնի ընթացքին:
2000 թուականը բախտորոշ եղած է Տիգրան Համասեանի համար։ Այդ ժամանակ, Երեւանեան երկրորդ միջազգային ճազային փառատօնի ծիրէն ներս, շնորհաշատ երաժիշտը, ծանօթացած է Չիք Քորէայի, Աւիշա Քոհէնի եւ ֆրանսահայ ճազային դաշնակահար, փառատօններու կազմակերպիչ՝ Ստեփան Կոճոյեանի հետ, որուն հրաւէրով տարի մը վերջ մասնակցած է կարգ մը հեղինակաւոր փառատօններու: Տիգրան Համասեան բազմաթիւ անգամներ արժանացած է հեղինակաւոր մրցանակներու. 2003 թուականին Փարիզի ճազային դաշնակահարներու միջազգային մրցոյթին արժանացած է երրորդ մրցանակին, առաջին մրցանակի արժանացած է բազմաթիւ հեղինակաւոր մրցոյթներու ընթացքին. ինչպէս՝ Jazz a Juan Revelations-ը եւ Mont-reux Jazz Solo Piano Competition-ը: 2005 թուականին Մոսկուայի դաշնակահարներու ճազային միջազգային մրցոյթին արժանացած է երրորդ դիրքին, իսկ 2006 թուականին առաջին մրցանակի արժանացած է Մոնաքոյի ճազային դաշնակահարներու եւ Թելոնիուս Մոնքի (Thelonious Monk) անուան մրցոյթներուն: 2006 թուականին, Ուաշինկթընի մէջ, հայ երաժիշտը շահած է ճազի համաշխարհային ամենամեծ մրցանակը՝ Thelonius Monk-ը:
2006 թուականէն սկսեալ Տիգրան Համասեան թողարկած է իր սկաւառակները, որոնցմէ մէկը՝ «A Fable» խորագրեալ, որուն 2011 թուականին լոյս ընծայած է «Universal Music» ընկերութիւնը: Բրիտանական «Կարտիըն» պարբերականը ժապաւէն մը նկարահանած է Համասեանի մասին եւ զայն կոչած է «Ամենագրաւիչ ճազ դաշնակահարը»: 2003 թուականին Տիգրան Համասեան ընտանիքով տեղա-փոխուած է Միացեալ Նահանգներ: Այսօր Տիգրան Համասեան կը նուագէ, ելոյթներ կ՚ունենայ իր խումբին եւ ճազի աստղերուն հետ. կը ստեղծագործէ, ընդունելով համերգներու հրաւէրներ՝ հանդէս կու գայ մենահամերգներով եւ կը մասնակցի աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ տեղի ունեցող փառատօններու:
Վերջին տարիներուն յաճախակիօրէն կ՚այցելէ Հայաստան: Անցեալ տարի Հայաստանի մէջ ամուսնացած է պարուհի Էլենա Պետրոսեանին հետ՝ կազմելով երիտասարդ արուեստագէտներու գեղեցիկ ընտանիք մը:
Հայաստանի հետ իր վերջին սերտ կապերուն մասին գրած է ամերիկեան «Էն. Փի. Առ.» ձայնասփիւռի (npr.org) կայքը, որ հարցազրոյց մը կատարած է արուեստագէտին հետ, նշելով, որ Համասեան ծնած է Հայաստան, տեղափոխուած է Լոս Անճելըս, Նիւ Եորք, ապա վերադարձած հայրենիք՝ իր արմատներուն հետ ընդելուզուելու համար:
Հայաստանին մէջ ալ ծնունդ առած է իր վերջին նախագիծը, որով նշանաւոր դաշնակահարը կը շրջի երկրէ երկիր եւ կրկին երաժշտութեան լեզուով կը պատմէ հնագոյն երկրի մը պատմութիւնը՝ Մաշտոցէն մինչեւ Զահրատ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024