Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՆՈՐ ՆՇՈՒՄՆԵՐ
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան համայնքային մամուլի նկատառման յանձնեց յայտարարութիւն մը, որով կ՚անդրադառնայ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի պարգեւատրման։ Մաէսթրոյի 90-ամեակին առթիւ կատարուած այս պարգեւատրման կապակցութեամբ Նորին Սրբազնութիւնը հարկ նկատած է լուսաբանել կարգ մը պղտոր կէտեր։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շեշտած է, որ Կրօնական ժողովը այս պարգեւատրման մասին որոշում մը ընդունած է շուրջ հինգ ամիս առաջ։ Ըստ իրեն, Յովհաննէս Չեքիճեանի պարգեւատրման ժամանակ փորձ կատարուած է ստեղծել այնպիսի տպաւորութիւն մը, թէ Կրօնական ժողովը պարգեւատրման որոշումը նոր կայացուցած է եւ այսպէսով կը ճանչնայ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը՝ որպէս ընդհանուր փոխանորդ եւ վերջին օրերուն անոր նախագահութեամբ վերստին ժողով գումարած է։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի խօսքերով, կարգ մը ծանօթ շրջանակներ եւ հայ մամլոյ մէկ հատուածը փորձած են ուռճացնել այս տպաւորութիւնը։ Ան եկեղեցւոյ անդամները կը զգուշացնէ, որպէսզի կարեւորութիւն չընծայուի այդ տպաւորութեան։
Իր յայտարարութեան տեւողութեան Նորին Սրբազնութիւնը մատնանշած է, որ 15 Մարտ 2017 թուականին տեղի ունեցած տեղապահի ընտրութիւնով վերջ գտած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ընդհանուր փոխանորդի հանգամանքը։ Ան այլեւս չի կրնար նախագահել որեւէ եկեղեցական ժողովի եւ չունի օրինական կամ իրաւական լիազօրութիւն մը՝ բացի Պոլսոյ Պատրիարքութեան ենթակայ սրբազան մը ըլլալէ։ Կրօնական ժողովն ու Եկեղեցական համագումարը այսուհետեւ կրնան նոր որոշումներ ընդունիլ՝ միայն Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ գումարուելով։ Սա ոչ միայն Պոլսոյ Աթոռին կողմէ, այլ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանուրին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ճանաչում գտած իրաւական պարագայ մըն է։ Մեր հոգեւորականներուն, համայնքին ու համայն աշխարհի հայութեան կողմէ ընկալուած այս իրողութիւնը կարգ մը վարչայիններու կողմէ կ՚անտեսուի յամառօրէն եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս պարագան համարած է ցաւալի ու մտահոգիչ։
Յայտարարութեան տեւողութեան Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծած է, որ շնորհաբաշխումներու կատարուիլը, սիրոյ սեղաններուն նախագահելը եւ արտաքին յարաբերութիւններու մէջ պատրիարքութեան ամենաբարձր մակարդակի վրայ ներկայացման իրաւունքները այլեւս կը պատկանին միմիայն ընտրուած տեղապահին։ Հետեւաբար, Յովհաննէս Չեքիճեանին մետայլն ալ պէտք է տրուէր Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ կամ անոր կողմէ պաշտօնի կոչուած անձի մը կողմէ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի պնդումներով, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դիտումնաւոր սխալներէն ծնունդ առած են նաեւ պետութեան ու եկեղեցիին միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները։ Երբ անոնք համբերատար ձեւով կը ջանան լուծել այս խնդիրները, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դիրքորոշումը հասած է՝ հոգեւորականներն ու մեր ժողովուրդը գրգռելու համեմատութեան։ Իր խօսքերով, արդար բողոքները կ՚աւելնան եւ ցասումը կը մեծնայ սաստկօրէն։
Իր յայտարարութեան եզրափակիչ բաժնին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծած է, թէ պատրիարքական ընտրութիւնը գործընթաց մըն է, որ պէտք է իրականացուի անպայման խաղաղութեան ու անդորրութեան մէջ։ Պետութեան հետ յառաջ կը տարուին շինիչ խորհրդակցութիւններ եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի խօսքերով՝ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին դրական լուծումի մը աւետիսը կրնայ հասնիլ։ Հետեւաբար, ան կոչ ուղղած է մասնաւորաբար երիտասարդութեան, որպէսզի առաւելագոյն զսպուածութիւն ցոյց տրուի, մեր եկեղեցւոյ նուիրական միջվայրը վնասներէ զերծ պահելու համար։ «Պատրիարք ընտրելու մեր իրաւունքը ձեռք բերելու ժամանակ չկորսնցնենք մեր միասնականութիւնը, եղբայրութիւնն ու ներքին անդորրը», նշած է Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
*
Ծ.Խ.- Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած առկայ վիճակին մէջ առաջին իսկ օրէն հետամուտ եղած ենք անաչառ ձեւով եւ հաւասար վերաբերմունքով ներկայացնելու մեր պատրիարքութեան երեք սրբազաններու տեսակէտները։ Այս նոյն հիման վրայ այսօր թարգմանաբար կը ներկայացնենք Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի վերոյիշեալ յայտարարութիւնը՝ թրքերէն բնագիրը թարգմանելով հայերէնի։ Դժբախտբար, մեր բարձրաստիճան հոգեւորականներուն աշխատանքի լեզուն ըլլալէ վաղուց դադրած է հայերէնը, սակայն այս մէկը տարբեր հարց մըն է, անշուշտ։
Վերոյիշեալ յայտարարութեան մէջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան քննադատական ակնարկութիւն մըն ալ ըրած է համայնքային մամուլի մէկ հատուածին համար։ Յստակօրէն յայտնի չէ, թէ ո՞ր հատուածն է այդ մէկը, սակայն հաշուի առնելով, որ մենք եւս համայնքային մամուլի ամբողջին մաս կը կազմենք՝ այս կէտին վրայ մեր կարգին կ՚ուզենք ընել նշում մը։ Մեր նպատակը չէ բացարձակապէս Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ վէճի մը մէջ մտնել, կամ հակադրուիլ անոր դիտարկումներուն՝ որքան որ ալ ենթակայական ըլլան անոնք։ Բայց եւ այնպէս, կ՚ուզենք յայտնել, թէ Յովհաննէս Չեքիճեանի պարգեւատրման իրադարձութիւնը լուսաբանելու ժամանակ մեր մեկնակէտը եղած է անոր վաստակին նկատմամբ մատուցել առաւելագոյնը։ «Պատիւս արժանաւորաց» խորագրով մատուցած ենք լրատուութիւնը եւ այդ վերտառութիւնը արդէն ինքնին կ՚ըսէ ամէն ինչ։ Մեր մամուլը, իր խոր աւանդութիւններով, այսպիսի իրավիճակներու մէջ կրնայ զանազանել յարդն ու կոթը։ Սա չի նշանակեր, որ մեր մամուլը անթերի կամ կատարեալ է հարիւր տոկոսով՝ ինչպէս չեն նաեւ մեր բարձրաստիճան եկեղեցականները։ Բայց եւ այնպէս, հազար ափսոս, որ նոյն համարձակութեամբ չենք կրնար յայտնել, թէ մեր բարձրաստիճան եկեղեցականներն ալ գիտեն զանազանել յարդն ու կոթը՝ մանաւանդ ներկայ դժուարին շրջանին։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024