ԵՐԵՒԱՆԻ ՏԻԿՆԻԿԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻՆ ՊԱՐԳԵՒ
Մայիսի 14-ին, Չեխիոյ մայրաքաղաքը՝ Փրակի մէջ, Pidifest միջազգային թատերական փառատօնի փակման հանդիսութեան Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի «Մատնաչափիկը» ստուերային ներկայացումը արժանացած է «Լաւագոյն ներկայացում ըստ հանդիսատեսի գնահատականի» մրցանակին:
«Մատնաչափիկը» ստուերային ներկայացումը հիմնուած է Անտըրսընի համանուն հէքեաթի վրայ: Ներկայացման մէջ կ՚օգտագործուին ստուերային թատրոնի տարատեսակները եւ animated հատուածներ: Բեմադրիչը Սամսոն Մովսէսեանն է, նկարչական ձեւաւորման հեղինակը՝ Կարինէ Բաբայեան։
Հէքեաթը աղջկայ մը մասին է, որ կը ծնի ծաղիկէ ու, անցնելով բազմաթիւ փորձութիւններու ու արկածներու մէջէն, կը հասնի իր երազանքին: