ՃՈՒԼԻԱ ՄՈՒԹԼՈՒԻ ԽՈՒՄԲԸ ԱՊՐԻԼԻ 20-ԻՆ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Կը տեղեկանանք, թէ պարուսոյց Ճուլիա Մութլու եւ իր խումբը կը պատրաստուին այցելել Երեւան։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով յառաջիկայ Ապրիլի 20-ին Ճուլիա Մութլուի խումբը ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ։ Երեկոյթը մաս պիտի կազմէ 2015-ի տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծրագրին։
Երէկ, խմբագրատունս այցելեց Ճուլիա Մութլու, որուն կ՚ուղեկցէին իր գործակիցներէն Ժանին Փափազեան, Տիանա Գամբարոսեան եւ Արամ Կոստանեան։ Անոնք մեզի յայտնեցին, թէ Երեւանի մէջ իրենց խումբը պիտի կրկնէ հայկական աւանդական տարազներու ներկայացումը։ Ազգագրական տարազներու վերաբերեալ այս ծրագիրը ենթարկուած է կարգ մը չնչին փոփոխութիւններու, սակայն ըստ էութեան կը պահպանուի նոյնութեամբ։
Ճուլիա Մութլուի խումբը քառասուն հոգինոց կազմով մը պիտի իրականացնէ այս ուղեւորութիւնը, որու ծախսերը մասամբ կը հոգայ ամերիկահայ բարերար մը։
Մինչ ճամբորդութիւնը՝ խումբը քաղաքիս մէջ կը շարունակէ փորձերը։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024