ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՔԱՏԻՐ ԹՈՓՊԱՇ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Քա­տիր Թոփ­պաշ ե­րէկ այ­ցե­լեց Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան։ Այս առ­թիւ խան­դա­վառ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուե­ցաւ դպրո­ցի եր­դի­քին տակ։ Քա­ղա­քա­պետ Թոփ­պա­շին ըն­կե­րա­ցան ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վար Էօ­մէր Ֆուատ Կիւն­տայ եւ իր խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ։ Ներ­կայ էր նաեւ Շիշ­լիի կրթա­կան տնօ­րէն Մու­րատ Միւ­ճահիտ Են­թիւր։

Քա­ղա­քա­պե­տը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Տ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­նի եւ տնօ­րէ­նու­հի­նե­րուն՝ Ե­ւա Օ­րա­գեա­նի (լի­սէ), Էլ­տա Գա­րա­կէօ­զեա­նի (միջ­նա­կարգ) եւ Քա­թիա Վար­կըի (նա­խակրթա­րան) կո­ղմէ։

Դպրո­ցի պատ­մա­կան հա­մա­լի­րէն ներս շրջայց մը կա­տա­րե­լէ վերջ Թոփ­պաշ եւ ըն­կե­րա­կից­նե­րը խորհր­դակ­ցե­ցան հաս­տա­տու­թեան վար­չա­յին­նե­րուն հետ։ Քա­տիր Թոփ­պաշ բարձր գնա­հա­տեց կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան ո­լոր­տէն ներս Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ան տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց նաեւ դպրո­ցի կա­րիք­նե­րուն ու դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Թոփ­պաշ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց նե­ցուկ կանգ­նե­լու հա­մար հաս­տա­տու­թեան։

Քա­ղա­քա­պե­տը, որ ստո­րագ­րեց դպրո­ցի պա­տուոյ տո­մա­րը, որ­պէս նուէր ստա­ցաւ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան­նե­րու պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ ե­ռա­հա­տո­րը։ Հիւ­րերն ալ դպրո­ցին նուի­րե­ցին դրօ­շակ մը։ Քա­ղա­քա­պետն ու ըն­կե­րա­կից­նե­րը պա­տուա­սի­րուե­ցան ըն­դու­նե­լու­թիւ­նով մը, ո­րու պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը տե­սած էր ծնո­ղաց միու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2017