ՆՈՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ՄԸ

Այս ա­ռա­ւօտ Ե­րե­ւա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան 6-րդ գու­մար­ման Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը իր անդ­րա­նիկ նիս­տը գու­մա­րեց հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։ Շուրջ 25-ա­մեայ ան­կախ պե­տու­թեան տե­սա­կէ­տէ սա կը բնո­րո­շէ նոր հանգ­րուան մը։ Այս հան­գա­ման­քը պայ­մա­նա­ւո­րուած չէ լոկ այն պատ­ճա­ռով, որ նոր կազ­մով խորհր­դա­րան մը պաշ­տօ­նի կը ձեռ­նար­կէ։ Ար­դա­րեւ, այս մէ­կուն վրայ կու գայ ա­ւել­նալ ու­րիշ շատ կա­րե­ւոր գոր­ծօն մը։ Այս­պէս երկ­րի բա­րե­փո­խեալ սահ­մա­նադ­րու­թան հի­ման վրայ 6-րդ գու­մար­ման խորհր­դա­րա­նի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տան ան­ցում պի­տի կա­տա­րէ կի­սա­նա­խա­գա­հա­կա­նէն դէ­պի խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման դրու­թիւն։

Այս ա­ռա­ւօ­տեան խորհր­դա­րա­նի հան­դի­սա­ւոր բաց­ման նիս­տին ներ­կայ գտնուե­ցան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Նո­րըն­տիր խորհր­դա­րա­նի ան­դրա­նիկ նիս­տի բաց­ման Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նախ ա­ղօ­թեց ամ­պիո­նէն եւ ա­ւե­լի վերջ ե­րես­փո­խան­նե­րուն փո­խան­ցեց իր պատ­գա­մը՝ բա­րի ըն­թացք եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ալ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը շնոր­հա­ւո­րեց եւ ա­նոնց մաղ­թեց բեղմ­նա­ւոր աշ­խա­տանք։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով ան շեշ­տեց, թէ հա­մա­տեղ ու­ժե­րով կա­րե­լի է հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ու­ժե­ղաց­նել խորհր­դա­րա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թիւնն ու ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Իր խօս­քե­րով, կա­ռա­վար­ման խորհր­դա­րա­նա­կան ձե­ւը նոր կարգ մը ու փի­լի­սո­փա­յու­թիւն մը կ՚են­թադ­րէ խոր-հըր­դա­րա­նի եւ կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։ «Ի­րա­ւունք չու­նինք յու­սա­խա­բե­լու մար­դիկ», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ ա­մե­նավ­տան­գա­ւոր ներ­քին թշնա­մին ա­նար­դա­րու­թիւնն է։

Հա­յաս­տա­նի օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան գլխա­ւոր դէմ­քե­րուն գծով ներ­կա­յիս տե­ղի կ՚ու­նե­նան փո­փո­խու­թիւն­ներ։ Խորհր­դա­րա­նէն ներս մե­ծա­մաս­նու­թիւն ա­պա­հո­ված Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը (ՀՀԿ) ո­րո­շած է Ա­րա Պապ­լո­յեա­նի ա­նու­նը ա­ռա­ջադ­րել՝ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին հա­մար։ Ա­րա Պապ­լո­յեան փոր­ձա­ռու ա­նուն մըն է, նա­խա­պէս ե­ղած է նաեւ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար։ Ան յայտ­նեց, թէ յոյս ու­նի ժո­ղո­վուր­դի սպա­սում­նե­րը ար­դա­րաց­նել խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին մէջ։ Փոխ-նա­խա­գա­հի պաշ­տօն­նե­րուն հա­մար ՀՀԿ ա­ռա­ջադ­րած է Է­տուարտ Շար­մա­զա­նո­վի եւ Ար­փի­նէ Յով­հան­նի­սեա­նի ա­նուն­նե­րը։ Այս վեր­ջի­նը ար­դէն ա­զա­տուած է ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նէն եւ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան շար­քե­րէն կը տե­ղա­փո­խուի խորհր­դա­րան։

Խորհր­դա­րա­նէ ներս մե­ծա­մաս­նու­թեան տէր ՀՀԿ­-ի եւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան մի­ջեւ վեր­ջերս ստո­րագ­րուած էր՝ հա­մա­խո­հու­թիւն ձե­ւա­ւո­րե­լու վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, ո­րու լոյ­սին տակ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին շարք մը փո­փո­խու­թիւն­ներ կը նա­խա­տե­սուին նաեւ կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մէն ներս։ Հա­ւա­նա­կան է, որ ա­նոնք ար­դէն շու­տով յստա­կա­նան։

Խորհր­դա­րա­նէ ներս երկ­րորդ մեծ խմբակ­ցու­թիւ­նը կը կազ­մէ «Ծա­ռու­կեան» դա­շին­քը, ո­րու ղե­կա­վար Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան խորհր­դա­րա­նի անդ­րա­նիկ նիս­տի առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Ան ը­սաւ, որ հան­դէս պի­տի գան ընդ­դի­մա­դիր դիր­քե­րէ։ «Ե­թէ հա­մա­խո­հու­թեան մէջ չենք, կը նշա­նա­կէ, որ ընդ­դի­մու­թիւն ենք», նշեց Ծա­ռու­կեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2017