ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

«Նոր Զար­թօնք», որ մաս կը կազ­մէ ՀՏՓ­-ի մա­կա­նին տակ գոր­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի եւ զօ­րակ­ցու­թեան կեդ­րո­նին մէջ ե­րէկ հան­րու­թեան ծա­նօ­թա­ցուց ՀՏՓ­-ի ցու­ցա­կով ե­րես­փո­խա­նա­կան թեկ­նա­ծու ներ­կա­յա­նալ փա­փա­քող գոր­ծիչ­նե­րը՝ Մու­րատ Մըխճըն, Ֆի­լոր Ու­լուքն ու Տի­րէն Ճեւա­հիր Շէ­նը։ Այս առ­թիւ սար­քուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ քոյր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Այս առ­թիւ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ «Նոր Զար­թօնք»ի հա­մա­խօս­նակ Սա­յաթ Թե­քիր։ Ան ը­սաւ, թէ 55 տա­րիէ ի վեր հա­յեր զրկուած են խորհր­դա­րա­նի մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ու­նե­նա­լու կա­րե­լիու­թե­նէն։ Թե­քիր նշեց, թէ հա­յե­րու դէմ ժխտո­ղա­կան կե­ցուած­քը կը շա­րու­նա­կուի 1915-էն ի վեր։ Ըստ ի­րեն, այս պայ­ման­նե­րու տակ խրա­խու­սիչ պա­րա­գայ մըն է ե­րես­փո­խա­նու­թեան հա­մար թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րե­լը։ Թե­քիր յայ­տա­րա­րեց, թէ հա­յե­րու թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ու­նի հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ժո­ղովր­դա­կա­նաց­նե­լիք յատ­կու­թիւն մը։ «Ինչ­պէս կ՚ը­սէր հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը, մենք, «կը նե­րէք», հա­յերս, պի­տի չար­տօ­նենք որ դուն ըլ­լաս նա­խա­գահ», յայտ­նեց Թե­քիր։

Թե­քի­րէն ետք ար­տա­յայ­տուե­ցան թեկ­նա­ծու­թեան ներ­կա­յա­ցող գոր­ծիչ­նե­րը։ Ֆի­լոր Ու­լուք ընդգ­ծեց խորհր­դա­րա­նէ ներս հա­յե­րու ներ­կա­յու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Պար­թը­նէ թեկ­նա­ծու ներ­կա­յա­նալ փոր­ձող Տի­րէն Ճե­ւա­հիր Շէն ալ ը­սաւ, որ մի­միայն ընտ­րա­կան պայ­քար չէ որ կը ծա­ւա­լեն եւ հա­յե­րու կող­մէ խորհր­դա­րա­նա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը պի­տի զօ­րաց­նէ նաեւ փո­ղո­ցի մէջ առ­կայ մա­քա­ռու­մը։
Իսկ Մու­րատ Մըխճըի տե­սա­կէ­տէ, իր թեկ­նա­ծու­թեամբ խորհր­դա­րա­նի մէջ ա­մէն ոք ձայ­նի տէր պի­տի դառ­նա­յ։

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2015