ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՏԱՊԱԼԵՑԱՒ «17 ՄԱՅԻՍ»Ի ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ
6 Յունիս 1982 թուականին Իսրայէլի կառավարութիւնը որոշում կ՚ընդունէր լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններու սկսիլ Լիբանանի դէմ: Իսրայէլի նպատակը մէկն էր, մահացու հարուած տալ Եասէր Արաֆաթի ղեկավարած ՊԱԿ-ին (Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւն), որ սկսած էր դառնալ Իսրայէլի հիւսիսային սահմանները վտանգող զինուորական ուժ:
Ընթացք առած գործողութիւնները ընդհանուր առմամբ կ՚երկարէին մինչեւ 1985-ը: Իսրայէլեան բանակը կը հասնէր մինչեւ Պէյրութ եւ Լիբանանի մայրաքաղաքը կ՚անցընէր պաշարման տակ: Այս բոլորին համընթաց սկիզբ կ՚առնէր լիբանան-իսրայէլեան բանակցութիւններու փուլ մը, որ «կը պսակուէր» 1983 թուականին կնքուած «17 Մայիս»ի դաշնագրով: Այդ դաշնագրի նախորդող բանակցութիւններուն Լիբանանը կը ներկայացնէր քրիստոնեայ նախագահ Ամին Ժըմայէլ, իսկ իսրայէլեան կողմի գլխաւոր ներկայացուցիչն էր վարչապետ՝ Մենահին Պեկին: 1982-ի պատերազմով, որ յայտնի կը դառնար «Պէյրութի ներխուժում» անուանումով՝ Իսրայէլ կը հասնէր իր գլխաւոր նպատակին, որն էր վտարել ՊԱԿ-ի զինեալները Լիբանանէն եւ ստեղծել ապահովական-քաղաքական նոր իրավիճակ մը, որ պիտի պսակուէր Լիբանանի քրիստոնեայ ղեկավարութեան հետ նոր դաշինք մը կնքելով:
Այստեղ պէտք է նշել, որ Լիբանանի մարոնի համայնքի մէկէ աւելի առաջնորդներ հասած էին այն եզրակացութեան, թէ երկրին մէջ իրավիճակի փոփոխութեան եւ պաղեստինցի զինեալ ներկայութեան վերջ տալու համար կարեւոր էր արտաքին աջակցութեան մը յենուլ: Աւելի վաղ նոյն քրիստոնեայ ուժերը կը դիմէին Սուրիոյ զինուորական միջամտութեան, որուն հիմքով Սուրիոյ նախագահ Հաֆըզ Էսատ 1976 թուականին իր խօսած ճառով մանրամասնօրէն կը ներկայացնէր այն հանգամանքները, որոնց պատճառով սուրիական «զսպիչ» (արաբերէնով՝ րատըհ) ուժերը մուտք կը գործէին Լիբանան եւ վերահսկողութեան առաքելութիւն կ՚իրականացնէին երկուքի բաժնուած Պէյրութի սահմանային գիծերուն վրայ:
«Ռէալ փոլիթիք»ի կանոններուն հիմամբ, ինչպէս նաեւ շրջանային շահերու տրամաբանութեամբ գործող սուրիական ուժերը չէին գոհացներ Լիբանանի քրիստոնեայ կողմերուն պահանջը:
Սուրիա, որ որպէս «դէտ» մուտք կը գործէր Պէյրութ, նպատակ չէր դրած զինուորական քայլերով «ճնշել» պաղեստինեան եւ անոնց շուրջ հաւաքուած իսլամական ուժերը, այլ Սուրիոյ համար հիմնական նպատակ դարձած էր պահպանել Լիբանանի մէջ առկայ «սթաթիւքօ»ն: Ու այդ իրավիճակին մէջ կարելի եղած չափով եւ տարբեր ոլորտներու մէջ օգուտներ քաղել բաղդատմամբ Սուրիոյ աւելի ազատական դրութեան մը մէջ եղող Լիբանանէն:
Սուրիական այս մօտեցումին դիմաց եւ Լիբանանի 8-րդ նախագահ Պեշիր Ժըմայէլի սպանութենէն (1982) ետք, քաղաքական նոր իրավիճակ կը ստեղծուէր ու անոր յաջորդած 9-րդ նախագահը (Պեշիրի աւագ եղբայրը) իշխանութեան գլուխ գալով կ՚ընդունէր քաղաքական նոր մօտեցումներ, որոնց մէջ ամենէն էական առաջնահերթութիւն կը դառնար ձեռք մեկնել Պէյրութ ներխուժած Իսրայէլին՝ հաւատալով, որ այդ կերպով Ժըմայէլ պիտի կարողանայ ամրացնել իր իշխանութիւնը: Ու այս մօտեցումով էր նաեւ, որ պաղեստինեան զինուորական միլիսի անդամներուն (շուրջ 8 հազար) Պէյրութէն դէպի Թունուզ հեռացումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գերատեսչութիւնը լիբանանցի նախագահի ականջին «կը փսփսար», որ իր իշխանութեան ամրացման համար ան բարեկամութեան ձեռք պէտք է երկարէր պաշտօնական Թել Աւիւին:
Ու այդտեղ էր նաեւ, որ Ժըմայէլ «պատմական սխալ» մը գործելով բանակցութեան սեղան կը նստէր իսրայէլեան կողմին հետ: 1982-ի Դեկտեմբերին սկիզբ առած բանակցութիւնները կը կատարուէին Լիբանանի Խալտէ շրջանի «Լիպանոն պիչ» ծովեզերեայ զբօսավայրին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հարաւային սահմանին մօտ հիմնուած «Քարեաթ շմոնա» բնակեցման վայրին մէջ: Երեսունվեց նիստերէ ետք երկու կողմերը կը հասնէին համաձայնութեան եւ Լիբանան-Իսրայէլ ցարդ միակ ու «որբ» մնացած դաշինքը կը կնքուէր 17 Մայիս 1983-ին: Համաձայնագրի ստորագրութեան երկու կողմերը կը ներկայացնէին. լիբանանեան կողմէն՝ դեսպան Անթուան Ֆաթթալ, իսկ իսրայէլեան կողմէն՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն՝ Տէյվիտ Քըմհի: Հիմնական եօթ կէտերէ բաղկացող համաձայնագրի ամբողջ հիմքը ունէր մէկ առանցք. պահպանել Իսրայէլի Լիբանանի հետ հիւսիսային ողջ երկայնքը ու հպատակացնել Լիբանանի քաղաքական որոշումը։ Համաձայնագրի կնքումէն օրեր ետք Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ սկիզբ կ՚առնեն բողոքի բազմամարդ հաւաքներ, որոնց պատճառով նախագահ Ամին Ժըմայէլ բանակէն կը պահանջէ զսպել եւ իր սաղմին մէջ խեղդել ընթացք առած բողոքի ալիքը: Սակայն ի զուր: Դժգոհութիւնը կը ծաւալէր ու մայրաքաղաք Պէյրութի արեւմտեան հատուածի տարբեր շրջաններուն մէջ բողոքի աւելիքը կը սաստկանար:
Բանակը նոյնիսկ պաշարման տակ կ՚առնէ Պիր Ալ Ապըտ շրջանի մզկիթը, որ կը համարուէր համաձայնութեան դէմ ըմբոստացող շիի համայնքի անդամներուն կեդրոնատեղին: Տեղի կ՚ունենան բախումներ եւ կը գրանցուին զոհեր: Շիի «Ամալ» կուսակցութեան առաջնորդ Նեպիհ Պըրրի (ներկայիս երկրի խորհրդարանի նախագահ) կոչ մը հրապարակելով եւ բանակի 6-րդ զօրասիւնի ղեկավարութեան դիմելով կը պահանջէ հեռու մնալ բախումներէն: Այդ կոչին ընդառաջելով իսլամ համայնքի անդամ զինուորներէ բաղկացող զօրասիւնի ղեկավարութիւնը կը յայտարարէ, թէ իրենք կը դադրին ենթարկուիլ Եարզէին (քրիստոնէական շրջան, ուր կը գտնուի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղին) եւ կը քաշուին արեւմտեան Պէյրութի տարբեր հատուածներուն մէջ գտնուող իրենց զօրակայանները:
Այդ ընթացքին է նաեւ, որ Պէյրութի բաժանումը կը դառնայ երեւելի իրականութիւն ու մինչ արեւմտեան Պէյրութը կ՚անցնի իսլամական ուժերու տիրապետութեան տակ, անդին արեւելեան Պէյրութը կը հանդիսանայ քրիստոնեայ ուժերու կեդրոնատեղին:
17 Մայիսի դաշնագրին տապալման գործընթացը կը տեւէ ընդամէնը ինն ամիս եւ այդ շրջանին տեղի ունեցած դէպքերը կը բնորոշուին որպէս համընդհանուր զայրոյթի գործողութիւններ, որոնց գերագոյն նպատակը կը հանդիսանայ տապալել Լիբանանը Իսրայէլի ենթակայութեան տակ առնող համաձայնագիրը:
Համաձայնագրի տապալումը կը կատարուի 1984-ին Փետրուարին եւ այդ գործընթացը աւելի ուշ կը ճանչցուի որպէս «6 Փետրուարի շարժում»:
Երկրին մէջ, որպէս «ազգային ուժեր» ճանչցուած կողմերուն գլխաւոր նեցուկը կը հանդիսանայ Սուրիան, որուն նախագահը՝ Հաֆըզ Էսատ ընդունելէ ետք համաձայնագրի ընդհանուր պայմանները «բացատրող» երկու ամերիկացի պատասխանատուները՝ կը յայտարարէ, թէ՝ «այս համաձայնագիրը պիտի չանցնի, որովհետեւ տեղի տալու, իշխուածութեան եւ ենթարկուածութեան համաձայնութիւն մըն է»: Քաղաքական առումով ալ Սուրիոյ նախագահին ունեցած մօտեցումները եւ կատարած յայտարարութիւնը պէտք է համարել որպէս ազդանշան կամ «կանաչ լոյս» ուղղուած այն կողմերուն, որոնք դէմ էին այդ համաձայնութեան եւ պատրաստ էին «սեղանը շուռ տալ»ով իրավիճակ փովել երկրին մէջ:
Եթէ հարցը աւելի լայն առումով դիտենք, ապա պէտք է նաեւ նկատել, որ Լիբանանի մէջ իսրայէլամէտ որեւէ շարժում դատապարտուած է պարտութեան: Ոչ միայն Լիբանանի մէջ գերիշխող քաղաքական արեւելումը կրողները կը հաւատան «Իսրայէլը, որպէս թշնամի երկիր» մօտեցումին, այլ նաեւ Թել Աւիւ Լիբանանի հանդէպ ի գործ դրած վարմունքով եւ զինուորական լեզու օգտագործելով ցոյց տուաւ, որ իրեն համար ոչ մէկ նշանականութիւն ունի Լիբանանի հետ խաղաղութեան հիմքեր դնելու մօտեցումը:
1985-էն ետք տեղի ունեցած զարգացումները ցոյց տուին, որ Իսրայէլի Լիբանանի հանդէպ առաջնային մօտեցումը այդ երկիրը պաղեստինցի զինեալներէն զրկելու ընտրանքը չէր, այլ աւելին ունենալու ցանկացող եւ տկար դիրքերէ խօսող հարեւան մը, որուն գերիշխանութիւնը կամ անկախ երկիր ըլլալու իրողութիւնը յարգելի դրոյթներ չեն:
Ահա այս ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ է նաեւ, որ կարելի է արդարացի համարել բոլոր այն լիբանանցիներուն «17 Մայիս»ի դաշնագրին վերաբերեալ կատարած բնորոշումը, որուն համաձայն ան «ամօթի եւ պարտութեան դաշնագիր» էր:
Ու գաղտնիք չէ, որ այդպիսի դաշնագրերը դատապարտուած են պատմութեան մեծ եւ անկուշտ աղբամանը նետուելու:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան