ԵՐԵՒԱՆԻ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԱՆՈՒԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳ

Աշ­խար­հահռ­չակ հա­յազ­գի եր­գիչ, դա­րուն ա­րուես­տա­գէ­տը՝ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի ծննդեան տա­րե­դար­ձը Հա­յաս­տա­նի մէջ իր ա­նուան հրա­պա­րա­կին վրայ նշե­լը ար­դէն գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դոյթ դար­ձած է:

Այս տա­րի եւս Ե­րե­ւա­նի Շարլ Ազ­նա­ւու­րի ա­նուան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ բա­ցօ­թեայ հա­մերգ, որ իւ­րօ­րի­նակ յար­գան­քի տուրք է մեծ եր­գի­չի ա­րուես­տին, կեան­քին եւ գոր­ծու­նէու­թեան: Այ­սօր Շարլ Ազ­նա­ւուր դառ­նայ 93 տա­րե­կան:

«Ազ­նա­ւուր յա­տուկ ե­րե­ւոյթ է: Ա­նոր նման մար­դիկ եր­կու հա­րիւր տա­րին մէկ կը ծնին: Ան մե­ծա­գոյն ա­րուես­տա­գէտ է, ո­րուն առ­ջեւ պէտք է խո­նար­հիլ: Այս հա­մեր­գին մեր յար­գան­քը պի­տի ար­տա­յայտ­նենք ա­նոր հան­դէպ», ը­սած է հա­մեր­գի մաս­նա­կից, եր­գիչ Ա­րա­մօ:

Ըստ «Ար­մէնփ­րէս»ի, ծրագ­րին մէջ Ազ­նա­ւու­րի սի­րուած եր­գե­րը կը հնչեն նաեւ Հայկ Պետ­րո­սեա­նի,  Սօ­նա Ռու­բէ­նեա­նի, Պո­րիա Ե­գա­նեա­նի, Էտ­կար Խա­չատ­րեա­նի, Տիգ­րան Մու­չեա­նի, «Մի­քա­յէլ Ոս­կա­նեան եւ ըն­կեր­ներ» խում­բի, «Kami friends project»ի, DJ Beatman-ի կա­տար­մամբ:

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ֆրան­սա­հայ եր­գիչ, եր­գա­հան, գրող, շար­ժան­կա­րի ա­րուես­տա­գէտ եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր՝ Շահ­նուր-Վա­ղի­նակ Ազ­նա­ւու­րեան հա­մաշ­խար­հա­յին հռչակ ստա­ցած է 1956 թուա­կա­նին, Փա­րի­զի «Օ­լիմ­փիա» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած յա­ջող ե­լոյ­թէն յե­տոյ։ «Ֆրան­սան ազ­նա­ւու­րա­ցուած է», գրած է ֆրան­սա­կան մա­մու­լը։ Ան շուրջ հա­զար եր­գի հե­ղի­նակ է (մէկ մա­սը՝ եր­գա­հան Ժորժ Քար­վա­րեն­ցի հե­ղի­նա­կու­թեամբ)։ Ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը եր­գած են Է­տիթ Փիաֆ, Լայ­զա Մի­նել­լի, Խու­լիօ Իկ­լե­սիաս, Շեր, Տո­մին­կօ եւ այլք։ Մին­չեւ այ­սօր վա­ճա­ռուած է Ազ­նա­ւու­րի շուրջ հա­րիւր մի­լիոն ձայ­նապ­նակ։ Ա­մե­րի­կեան «Թայմ» հան­դէ­սի կազ­մա­կեր­պած հար­ցա­խոյ­զի մը հա­մա­ձայն՝ Ազ­նա­ւուր հռչա­կուած է «Դա­րու ա­րուես­տա­գէտ»՝ 149 հա­զար ձայ­նով։ Ար­ժա­րա­նա­ցած է Հա­յաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի բարձ­րա­գոյն պե­տա­կան պար­գեւ­նե­րուն։ 2009 թուա­կա­նին դար­ձած է Զուի­ցե­րիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան։ Ժը­նե­ւի ՄԱԿ-ի գրա­սե­նեա­կին եւ այլ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մէջ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2017