ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ԱՊՐԵՑԱՒ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻՆ ԱՌԹԻՒ

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ խան­դա­վառ օր մը ապ­րե­ցաւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան հա­ւա­քին առ­թիւ։ Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին դպրո­ցի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւար­տից տա­րե­կան հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հի եր­դի­քին տակ։ Զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­ներ ըմ­բոշխ­նե­ցին զի­րար վե­րագտնե­լու ու­րա­խու­թիւ­նը։ Յո­բե­լեար՝ 40-ա­մեայ եւ 25-ա­մեայ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը տո­գո­րուած էին տար­բեր զգա­ցում­նե­րով՝ քա­նի որ Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին կող­մէ մե­ծա­րուե­ցան ի­րենց շրջա­նա­ւար­տու­թեան այս նոր հանգ­րուա­նին։

Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Պա­քըր­գիւ­ղի Ս. Աստ-ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ար­շըք, տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ, սա­նուց միու­թեան վար­չա­յին­նե­րը, Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ եւ հիւ­րեր։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ՝ Նա­թա­լի Քում­րու Թիւ­ֆէք­ճիի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ։ 40-ա­մեայ յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րը յու­շա­նուէր­ներ ստա­ցան ձե­ռամբ ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­մի­րի եւ դպրո­ցի նախ­կին տնօ­րէ­նու­հի Հեր­մի­նէ Պեն­լիօղ­լուի։ 25-ա­մեայ յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ստա­ցան ի­րենց յու­շա­նուէր­նե­րը ձե­ռամբ Ար­սէն Ար­շը­քի եւ Ե­րուանդ Սվա­ճըօղ­լուի։ Պա­քըր­գիւղ­ցի­նե­րը ող­ջու­նե­ցին նաեւ ե­րեք սե­րունդ տա­տեան­ցի Պիւ­յիւ­քէր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը։ Յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին նաեւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րուն ե­լոյթ­նե­րը։ Այս­պէս ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան Լու­քա Պո­յա­ճը, Մէյ­րէ Տա­մար եւ Տե­րեւ Տե­միր­ճի­տիր։ Տղա­քը ներ­կա­յա­ցու­ցին նաեւ պա­րեր։

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին պար­տէ­զին մէջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն։ Այս փու­լին կար­կան­դակ մըն ալ հա­տուե­ցաւ ի պա­տիւ յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։  

  

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2017