Երեքշաբթի 24, Դեկտեմբեր 2024
ԵԱԿԼԱՆՏԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Յունական Կիպրոսի մէջ, կազմակերպութեան նախարարաց կոմիտէի ժողովներու օրերուն։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան Եակլանտին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը յառաջ մղելու նպատակով համապատասխան պայմաններ ստեղծելու ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ ձեռնարկուած ջանքերը։ Իր խօսքերով, Պաքու հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընէ՝ խաղաղութեան գործընթացը խաթարելու համար։
Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017