ԹԱՔՍԻՄԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԱԶՄԵՐԸ ԲԱԺԱԿ ՄԸ ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ

Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի ֆութ­պո­լի պա­տա­նե­կան կազ­մե­րը վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցին Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րոս, ուր նուա­ճե­ցին բա­ժակ մը։ Ա­կում­բի մին­չեւ 12 եւ մին­չեւ 14 տա­րե­կան­նե­րու կազ­մե­րը խա­ղա­ցին Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի թրքա­կան ընտ­րա­նիին հետ։ Մին­չեւ 12 տա­րե­կան­նե­րու պա­րա­գա­յին Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի թրքա­կան հա­ւա­քա­կա­նը ա­ռա­ջին ան­գամ մրցում մը խա­ղաց ար­տա­սահ­մա­նէն մեկ­նած խում­բի մը հետ։ Ար­դիւն­քին թաք­սիմ­ցի­նե­րը ա­ռա­ւե­լու­թեան հա­սան 3-0 ար­դիւն­քով։ Խում­բին գլու­խը կը գտնուէին ա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Կա­րօ Հա­մամ­ճեան, վար­չա­յին­նե­րէն Մկըր Կիւ­լէ­զեան եւ Հրաչ Քե­չիեո­լու, ինչ­պէս նաեւ մար­զիչ Նեճ­տէթ Եըլ­մազ։ Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին տղա­քը ծա­նօ­թա­ցան նաեւ Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին վայ­րե­րուն եւ բնա­կան գե­ղեց­կու­թեան։ Թաք­սիմ­ցի­նե­րը բա­ժակ մը եւ մե­տայլ­ներ ստա­ցան ձե­ռամբ Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գա­հին։ Խում­բը բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ վե­րա­դար­ձաւ կղզիէն։

Միւս կող­մէ, Թաք­սի­մի վար­չու­թիւ­նը պտոյտ մը կազ­մա­կեր­պեց դէ­պի Պար­տի­զակ։ Շուրջ 180 հո­գի մաս­նակ­ցե­ցաւ այս պտոյ­տին։ Ա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը կը ծրագ­րէ տե­ւա­կա­նաց­նել նման ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017