ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԻՆ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԶԵՆՈԲ ԷՖԷՆՏԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆԻ ՇԻՐՄԻՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ իր յար­գան­քի տուր­քը մա­տոյց թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ե­րախ­տա­շատ հիմ­նադ­րին՝ հո­գե­լոյս Զե­նոբ է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեա­նի յի­շա­տա­կին նկատ­մամբ։ Օր մը ա­ռաջ, յա­ւարտ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կա­տա­րուե­ցաւ հան­գու­ցեալ Զե­նոբ է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեա­նի հա­մար։ Իսկ ե­րէկ, Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի վա­րիչ­նե­րը յար­գան­քի այց մը տուին բա­րե­յի­շա­տակ Զե­նոբ է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեա­նի շիր­մին, որ կը գտնուի Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Իր մա­հուան տա­րե­լի­ցին առ­թիւ ան ո­գե­կո­չուե­ցաւ բիւր յար­գան­քով։ Հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կա­տա­րուե­ցաւ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի վա­րիչ­նե­րը մա­հուան 105-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ ի­րենց խո­նար­հու­մը բե­րին Զե­նոբ է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեա­նի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ վար­ժա­րա­նէն ա­շա­կերտ­ներ ալ ներ­կայ կը գտնուէին՝ Տ. Թա­թուլ Ծայրա­գոյն Վարդապետ Ա­նու­շեան ու­նե­ցաւ հա­կիրճ ար­տա­յայ­տու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին շեշ­տը դրաւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017