Մալթայի Դրամատան Պաշտօնեան Կը Բացայայտէ Ալիեւներու Դրամատնային Հաշիւներուն Փաստաթուղթերը
Շարունակելով Ատրպէյճանի մէջ տիրող կաշառակերութեան մասին վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին մեր հրապարակած յօդուածներու շարքը, այժմ կը փափաքինք բացայայտել գայթակղեցուցիչ լրացուցիչ մանրամասնութիւններ՝ Մալթայի դրամատան մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքի անդամներու գումարներուն մասին:
Հետաքրքրական է, որ Մալթայի վարչապետ Ժոզէֆ Մուսքաթ գտնուած է Ատրպէյճանի ֆինանսական գայթակղութիւններուն կեդրոնը: Լոնտոնի «Կարտիըն» թերթը անցեալ շաբաթ տեղեկացուցած է, որ Մուսքաթի կինը՝ Միշէլ, մեծ գումարներ ստացած է նախագահ Ալիեւի դստեր՝ Լէյլա Ալիեւայի կողմէ:
Մալթայի հետաքննող լրագրող Տաֆնէ Քարուանա Կալիցիա բացայայտած է «վարկերու ձեւով շարք մը վճարումներ, որոնք ուղարկուած են «Էկրանթ» (Փանամայի մէջ արձանագրուած գաղտնի ընկերութիւն մը, որ կը պատկանի Մալթայի վարչապետին կնոջ): Ամենէն մեծ գումարը՝ 1.07 միլիոն տոլար, կ՚ենթադրուի, որ փոխանցուած է անցեալ տարուան Մարտին: Ըստ պնդումներու՝ գումարները փոխանցուած են Pilatus-ի դրամատնային հաշիւէն, որ կը պատկանի Al Sahra FZCO-ի: Կ՚ենթադրուի, որ Al Sahra-ի սեփականատէրը Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի դուստրն է», կը գրէ «Կարտիըն»: Մուսքաթ եւ իր կինը կը հերքեն, որ «Էկրանթ»ի հետ կապուած վճարումներ ստացած են:
Յատկանշական է, որ Մալթայի նոր ելեկտը-րակայանի բաժնետէրերէն մէկը Ատրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութիւնն է: Pilatus դրամատնային հաշիւներէն մէկը Մալթայի ուժանիւթի նախարար Քոնրատ Միցիի անունով է, իսկ միւսը նախագահ Ալիեւի դստեր՝ Լէյլա Ալիեւայի: Միցի եւ Մալթայի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Քիթ Շեմպրի «Փանամայի մէջ արձանագրը-ւած երկու ընկերութիւններ հիմնած են 2013-ին, պաշտօն ստանձնելէ չորս ամիս անց: Երրորդ գաղտնի ընկերութիւնը՝ «Էկրանթ», ստեղծուած է նոյն ժամանակ, մալթացի միեւնոյն հաշուապահին կողմէ»: Վարչապետ Մուսքաթ եւ իր կինը 2014-ին հիւրընկալած են Ալիեւները, Մալթա կատարած անոնց այցելութեան ընթացքին:
2005-ին նախագահ Ալիեւի կինը՝ Մեհրիպան Ալիեւա, որ վերջերս իր ամուսնոյն կողմէ նշանակուեցաւ Ատրպէյճանի փոխ-նախագահ՝ որպէս անոր հնարաւոր իրաւայաջորդը, ծանօթ է իբրեւ Փանամայի UF Universe հիմնադրամի երկու ղեկավարներէն մէկը, ըստ «Փանամայի փաստաթուղթերու», որոնք հրապարակուած էին Հետա-քըննող լրագրողներու միջազգային ընկերակցութեան կողմէ (ICIJ): «UF Universe հիմնադրամը ամբողջական վերահսկողութիւն ունէր ատրպէյճանական AtaHolding դրամական մեծ կուտակման վրայ: 2005-ին նախագահ Ալիեւի երեք զաւակները, ի լրումն Ատրպէյճանի հարկային ծառայութեան բարձրաստիճան անդամներու, հռչակուեցան որպէս շահառուներ… Բացի այդ, Ալիեւի դուստրերը կը վերահսկեն Փանամայի մէջ արձանագրուած ընկերութիւն մը եւ երկու այլ ընկերութիւններ՝ բրիտանական Վիրճինեըն կղզիներու մէջ: Փանամական ընկերութիւնը զգալի բաժնետոմս ունի Ընկերութիւններու համախմբման մէջ, որ Ատրպէյճանի մէջ կը զբաղի ոսկիի հանքերու շահագործմամբ: Ալիեւի քոյրը միակ բաժնետէրն ու սեփականատէրն է բրիտանական Վիրճինեըն կղզիներուն մէջ 2005 Դեկտեմբերին արձանագրուած ընկերութեան մը: Գրանցման փաստաթուղթերուն մէջ անոր հասցէն նշուած է Լոնտոնի արեւմտեան շրջանը, ուր տուներու միջին գինը կը հասնի 9 միլիոն տոլարի»:
2017 Մայիս 9-ին հրապարակուած յօդուածի մը մէջ «Կարտիըն» նաեւ տեղեկացուցած է, որ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները «բացայայտօրէն պահանջած են (վարչապետ Մուսքաթի) հեռացումը՝ կաշառակերութեան աճող գայթակղութեան, անոր կնոջ ներգրաւուածութեան, փանամական գաղտնի ընկերութեան եւ Ատրպէյճանի նախագահի դստեր կողմէ ենթադրեալ վճարումներու պատճառով: Եւրոպական խորհրդարանի Հետաքննութեան յանձնաժողովը Մուսքաթը հրաւիրած է Սթրազպուրկի նստավայրը՝ իրեն ուղղուած մեղադրանքներուն վերաբերեալ ցուցմունք տալու համար, սակայն Մուսքաթ մերժած է հրաւէրը»:
Հետաքննող լրագրող Կալիցիա տեղեկացուցած է, թէ կին մը, որ աշխատած է որպէս Pilatus դրամատան սեփականատէր Սէյիտ Ալի Սատր Հաշեմինեժատի օգնական, չհրկիզուող պահարանի մէջ յայտնաբերած եւ պատճէնահանած է Միշէլ Մուսքաթի անունով արձանագրուած դրամատնային հաշիւի ձեւակերպման փաստաթուղթերը: Օգնականը յայտնած է լրագրողին, որ՝ «իրեն տուած են ընկերութիւններու ցանկ մը, թերեւս ութ կամ տասը անուն, եւ ըսած, որ պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ ատոնց վճարման գործարքներուն: Անոնց շարքին էին՝ Willerby Inc.-ը, Tillgate Inc.-ը, Hearnville Inc.-ը, Egrant Inc.-ը եւ Al Sahra FZCO-ը», ընկերութիւն մը, որ կը պատկանի Լէյլա Ալիեւային՝ նախագահ Ալիեւի դստեր՝ ըստ Times of Malta-ի: Օգնականը ըսած է, որ ինք տեսած է դրամատնային հաշիւներ բանալու պաշտօնաթուղթերը: «Al Sahra FZCO-ի հարիւր հազարաւոր տոլարներու վճարումները մշտապէս նշուած են որպէս վարկային վճարումներ եւ չեն փոխանցուած Pilatus դրամատան մէջ պահ դրուած անոնց հաշիւներուն, այլ փոխանցուած են Տուպայիի մէջ ունեցած հաշիւներուն… Անգամ մը, ըսած է ան, դրամատան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ղանպարի հրահանգներ ստացած է Հաշեմինեժատէն՝ մօտ 400 հազար տոլարի գումար փոխանցելու մալթացի կնոջ մը, որ կ՚ապրի Նիւ Եորքի մէջ եւ ունի ոսկերչական գործարք: Այդ փոխանցումը պէտք է նշուէր որպէս վարկային վճարում»:
Օգնականը խոստովանած է, որ ինք դրամատան իր պատճէնահանած փաստաթուղթերը յանձնած է Մալթայի իշխանութիւններուն, քանի որ՝ «Ես այլեւս չէի կրնար հանդուրժողութեամբ կարդալ այդ կեղծիքները, ժխտումները եւ կիսաճշմարտութիւնները: Այդ բոլորը չափազանց շատ էին®»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ