ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՊՏՈՅՏԸ

Թրքա­հայ ու­սուց­չաց միու­թիւ­նը ե­րէկ կազ­մա­կեր­պեց իր տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան գար­նան պտոյ­տը։ Թէ՛ պաշ­տօ­նի գլուխ գտնուող եւ թէ հանգստեան կո­չուած կրթա­կան մշակ­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած էր այս պտոյ­տը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան բազ­մա­տաս­նեակ կրթա­կան գոր­ծիչ­ներ։ Է­միր­կեա­նի «Պէ­­յազ» ա­պա­րան­քին մէջ հա­մախմ­բուե­ցան պտոյ­տին մաս­նա­կից­նե­րը։ Ու­սուց­չաց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Թա­գու­հի Հա­լա­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ հիւրա­սի­րե­ցին պտոյ­տին բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը, ո­րոնց հա­մար ա­պա­հո­վուած էր մաս­նա­ւոր փո­խադ­րա­մի­ջոց։

Մեր կրթա­կան մշակ­նե­րը օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց։ Ա­նոնք ըմ­բոշխ­նե­ցին թէ՛ բնու­թեան գե­ղեց­կու­թիւ­նը եւ թէ Վոս­փո­րի գե­ղա­տե­սիլ մի­ջա­վա­յին մէջ ի­րա­րու հետ զրու­ցե­լու հա­ճոյ­քը։

Ուրբաթ, Մայիս 26, 2017