«ԱՐԺԱՆԻՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱՓՈԽ»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պարգեւատրեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը։ Մայիսի 28-ի Հանրապետութեան տօնին շարժառիթով կատարուած պարգեւաբաշխումներու ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրին հիման վրայ տեղի ունեցաւ այս պարգեւատրումը։ Նախագահ Սարգսեանի հրամանագրին մէջ ընդգծուած է, որ հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած աւանդին համար Արա Գօչունեանին շնորհուած է «Մովսէս Խորենացի» մետայլը։

Երեւանի մէջ, նախագահական ապարանքի երդիքին տակ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Նախագահ Սարգսեան զանազան բնագաւառներու մէջ յատկանշական գործունէութիւն ծաւալած դէմքերու յանձնեց զանազան պարգեւներ, մետայլներ, շքանշաններ ու կոչումներ։ Մրցանակաբաշխման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան այս ամբողջին մէջ յանձնեց Արա Գօչունեանի «Մովսէս Խորենացի» պետական մետայլը եւ համապատասխան հրմանագիրը։

Արարողութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեան ունեցաւ նաեւ ելոյթ մը։ Այս առթիւ ան շեշտեց, թէ երկրի դիմագիծը փոխելու համար մշտապէս պէտք է բացայայտուին եւ մեծարուին արժանաւորները։ Սա է լաւը՝ վատէն, ճիշդը՝ սուտէն, բարին՝ չարէն զատելու եւ առանձնացնելու ուղին։ Հասարակութիւնները յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն յենուելով բացառապէս ճշմարիտ արժէքներու վրայ։ «Այսօր մենք կը տօնենք Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման տարեդարձը։ Անցեալ 99 տարիներու ընթացքին ստեղծուած են բազում արժէքներ՝ նիւթական, հոգեւոր, փորձագիտական։ Անոնք արդիւնքն են նուիրեալներու եւ արհեստավարժներու աշխատանքի, անոնց տաղանդի եւ նպատակասլացութեան։ Մեր օրերուն դուք էք արժանիներու հերթափոխը։ Եւ մեր հասարակութիւնը երախտապարտ է ձեր ջանքերու եւ նուիրումներու համար», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։

Պարգեւաբաշխման արարողութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բաժակներ ի ձեռին բոլոր ներկաները ու պարգեւատրեալները թէ՛ զիրար շնորհաւորեցին եւ թէ շնորհաւորութիւններ փոխանակեցին օրուան տօնին առթիւ։ Այս փուլին Արա Գօչունեան կարճ զրոյց մը ունեցաւ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ, որուն յայտնեց իր խոր երախտագիտութիւնը։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2017