«ԿԵԱՆՔԻՍ ՅՈՒՇԵՐԸ»

Յուշագրային գրականութիւնը միշտ փնտռուած ժանր մը եղած է: Դժբախտաբար, հայ գրականութեան մէջ գրողները յաճախ չեն դիմած վաւերագրական այդ ժանրին, որուն միջոցաւ հնարաւոր կ՚ըլլար ծանօթանալ անոնց կեանքի յատկանշական մանրամասնութիւններուն: Հայ գրողներու, արուեստագէտներու յուշերը թանկարժէք էջեր են անոնց ընթերցողներուն եւ արուեստով ու կեանքով հետաքրքրուող մարդոց համար:

Ահաւասիկ, մեր սեղանին վրայ է յուշագրական գրականութեան հրաշալի հրատարակութիւն մը, հայ նկարիչ եւ հասարակական գործիչ՝ Փանոս Թերլեմեզեանի յուշերը, որ Երեւանի մէջ վերջերս հրատարակուած է եւ զայն կազմած ու խմբագրած է անուանի գրականագէտ՝ Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան (Եուրի Խաչատուրեան): «Կեանքիս յուշերը». այսպէս խորագրուած է գիրքը, որ կը պարզէ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ ոչ միայն նկարիչին կեանքէն, այլեւ անոր հետ առընչութիւն ունեցող մարդոց, իր ապրած ժամանակաշրջանի առանձնայատկութիւններուն եւ մանաւանադ հայ ժողովուրդին ապրած շրջանի մը վերիվայրումներուն մասին:

Իր կեանքի վերջին տարիներուն Փանոս Թերլեմեզեան գրած է 1939-1941 թուականներու իր յուշերը, որ Հայաստանի համար ալ ծանր ժամանակաշրջան մը եղած է եւ այդ տարիներուն, ինչպէս յայտնի է, Թերլեմեզեան կը բնակէր Հայաստանի մէջ:

1865 թուականին, Վանայ Այգեստանի մէջ ծնած Փանոս Թերլեմեզեան իր յեղափոխական եւ արուեստագիտական գործունէութեան բերումով անցած է քանի մը երկիրներ՝ Պարսկաստան, Թիֆլիզ, Սեն Փեթերսպուրկ, իսկ վերջաւորութեան՝ Խոր-հըրդային Հայաստան, ուր ալ մահացած է 30 Ապրիլ, 1941 թուականին: Ան մինչեւ իր կեանքին վերջը շարունակած է յուշապատումը, որ ոչ թէ վերջ գտած, այլ ընդհատուած է նկարիչի մահուան պատճառով:

Անկեղծ յուշեր են մեծ գործիչին յուշերը, որոնք ոչ միայն մտաւորականի ցաւն ու ապրումները ի ցոյց կը դնեն, այլ կարծես գրուած են մեր ժողովուրդի սիրտէն եւ հոգիէն:

Աւելի քան եօթանասունհինգ տարի, Փանոս Թերլեմեզեանի յուշերը մնացած են անտիպ, կը պահուէին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ եւ անծանօթ կը մնային ընթերցողներուն: Ահաւասիկ, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի նուիրեալներուն շնորհիւ ան ծաւալուն եւ պատկերազարդ հատոր մը դարձած է եւ կը համալրէ հայ գրականութեան մեծերու յուշագրական պատումներուն շարքը:

Կարդալով հայ իրականութեան առընչուող այս յուշագրութիւնը, նկատելի է, թէ ինչպէս Վան ծնած նկարիչը արեւելահայ եւ արմեւտահայ գրականութեան աշխարհներուն մէջ հրաշալի կամուրջ մը եղած է եւ անպայման ունեցած է եւ ունէր իր յատկանշական տեղն ու դերը:

Գիրքէն կը տեղեկանանք, որ Փանոս Թերլեմեզեան թուղթ ու գրիչին դիմած է շատ լուրջ առիթէ մը յետոյ, երբ 1938 թուականին, հիւանդութենէ մը ետք նկարիչին ձեռքերը այլեւս ի վիճակի չեն ըլլար բռնելու վրձինը, ան կը սկսի գրել…

Երեւանի մէջ տանջող մինակութեան, ցաւի եւ շուրջը տեղի ունեցող տառապանքի ապրումներուն մէջ ընկողմանած նկարիչը կեանքին վերջին տարիներուն սփոփանք կը փնտռէ անվերջ գրելով, ըսելով, թէ նկարչութիւնը՝ իր կեանքին լոյս տուող այդ ջահը, իրեն համար որոշ չափով աղօտ դարձած է:

«Տխուր, բայց անվհատ մտածեցի նկարչութեան պատճառած անսահման հաճոյքը մասամբ փոխարինել այլ կերպ: Որքան ինծի համար սպաննիչ է անգործութիւնը, նոյնքան օգտակար գործունէութիւնը երջանկութեան մղող խթան է»:

Յուշագրութեան սկիզբը Փանոս Թերլեմեզեան կը խոստովանի, որ պիտի ջանայ ճշգրտօրէն նկարագրել Վասպուրականի իր կեանքի զանազան ժամանակաշրջանները եւ Վասպուրականէն դուրս իր հանդիպումները զանազան յեղափոխական անհատներու եւ արուեստի մարդոց հետ ու տալ տպաւորութիւնները այս ու այն երկրի, անոնց արուեստի մասին:

Ան իր յուշագրութիւններուն մէջ կը պատմէ իր ընտանիքին մասին, նշելով, որ իր նախնիները մոկացիներ են եւ Մոկքէն տեղափոխուած են Վան: Հայրական տան կեանքը, կենցաղը հրաշալի նկարագրութիւն գտած են Փանոս Թերլեմեզանի յուշերուն մէջ: Վանի մէջ անցուցած ըլլալով մանկութիւնը, մենք նկարիչի յուշերուն մէջ նաեւ կը տեսնենք փառահեղ Վանը իր ծաղկուն օրերուն, եւ հակառակ անոր որ Թերլեմեզեան իր յուշերը շարադրած է գրական հայերէնով, սակայն զգալի է նաեւ Վանի բարբառին եւ խօսակցական լեզուին ազդեցութիւնը իր գրութեան մէջ, որ հարըս-տութիւն կը հաղորդէ յուշագրութեան:

Փանոս Թերլեմեզեան 1910 թուականին կը հաստատուի Պոլիս: Քաղաքի այդ տարիներու գրական, մշակութային, ազգային, քաղաքական կեանքին մէջ յայտնուելով, Թերլեմէզեան ուշագրաւ տարիներ կ՚անցընէ Պոլսոյ մէջ եւ այդ բոլորը կը նկարագրէ յուշագրութեան մէջ: Յատկանշական են Կոմիտասի եւ Փանոս Թերեմեզեանի հանդիպումները, ապա անոնց բարեկամութիւնը, համատեղ կեանքը Բանկալթիի միասնական բնակարանին մէջ: Ան նկարագրած է նաեւ Կոմիտասի հետ ծննդավայր Քէօթախիա մեկնիլը եւ այնտեղ նոյնպէս ամիսներ անցընելը:

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՀԵՏ

Այդ ժամանակները ես փոխադրուեցայ Բանկալթիի ուղիղ փողոցի վրայ, տաղանդաւոր յօրինող Կոմիտասի հետ միասին բնակելու տան մը մէջ, որ ամբողջովին երկուքիս կը պատկանէր:

Այդ տունի վարի յարկը, փողոցի վրայ սիրուն սենեակ մը կար, որ ճաշարան դարձուցինք, յետոյ՝ նախասենեակ, արեւմտեան կողմը՝ խոհարարի սենեակ եւ խոհանոց, որոնք կը նայէին փոքրիկ ծաղկանոցի վրայ: Երկրորդ յարկը՝ մեծ սենեակ մը փողոցի վրայ դուրս ինկած, բայց սենեակին մաս կազմող պատշգամով: Այդ սենեակը Կոմիտասի աշխատանոցն ու ընդունարանն էր, ուր տեղաւորուած էր անոր մեծ փիանոն եւ ֆիլհարմոնը: Կոմիտասի սենեակէն դէպի արեւմուտք՝ նորէն նախաեսնեակ, ու յետոյ՝ երկու սենեակներ, որոնք յատկացուած էին իմ նկարներուն:

Երկրորդ յարկը՝ փողոցի կողմ կար երկու սենեակ, որոնց մէջտեղի պատը քանդել տալով՝ աշխատանոցի վերածեցի: Աշխատանոցիս արեւմտեան կողմը եղող սենեակները ննջարաններու յատկացուցինք:

Կոմիտասի հետ մենք վաղուցէն բարեկամներ էինք: Միասին եղած էինք կաթողիկոսներու ամարանոց Բիւրականի մէջ, ուր Եղիշէ Թադէոսեան ծառաստան պարտէզի մը մէջ իր կնոջ ֆիկուրը կը նկարէր: Այդ նկարը հիմա կը գտնուի մեր պետական թանգարանը: Երեքով միասին ճաշելէ յետոյ Ծոփանես կոչուող գետակի ափերը կը զբօսնէինք: Այնտեղ էր, որ Կոմիտաս իր զգայուն զմայլելի երգերով կը մրցէր Ծոփանեսի խոխոջացող ջուրերուն հետ: Այնտեղ էր, ուր ես առաջին անգամ ծանօթացայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեանին, որ Համբերդ որսի երթալու ատեն մեզի հանդիպեցաւ:

Կոմիտասի հետ Վարդավառին մենք միասին եղած ենք Մասիսի փէշերուն վրայ, Զօրավանքի աւերակներուն մէջ, երբ Սուրմալուի գիւղացիութիւնը ուխտի կու գար եւ հինգ-վեց օր շարունակ հարս ու աղջիկներ եւ երիտասարդութիւնը կ՚երգէր ու կը պարէր, որոնց ուշի ուշով կը հետեւէր եւ կը ձայնագրէր Կոմիտաս: Անոր հետ միասին եղած ենք եզիտիներու ցեղապետանիստ Ասլանլու գիւղը, ուր Մուսուլէն՝ եզիտիներու կրօնական կեդրոնէն տարին անգամ մը կու գային կամալներ կրօնական երաժիշտներ երգելու եւ նուագելու իրենց գրեթէ հեթանոսական երգերը, որոցմով կ՚ոգեւորէին եւ կը կապէին իրենց հոտը կեդրոնին եւ նուէրներ կը հաւաքէին անոր համար:

Եզիտիներու ցեղապետը, սորված ըլլալով ճեմարան, ընկեր էր Կոմիտասին: Ես անոնք երկուքը միասին նկարեցի աղբիւրի մը գլխուն: Այդ նկարը ծախուած է Պոլսոյ իմ ցուցահանդէսին: Կոմիտասի հետ միասին եղած ենք Կողբայ աղահանքերուն մէջ աշխատող բանուորներուն մօտ, ուր ան անոնց աշխատանքի երգերը կը ձայնագրէր եւ էթիւտներ կ՚ընէր:

Ուրեմն, տարիներ անց սուլթաններու մայրաքաղաքին մէջ նորէն ընկերացանք՝ ապրելով տան մը մէջ, ուր կը սնուէինք միեւնոյն սեղանէն եւ ուր մեր հոգիները յիշողութիւններով յագուրդ կը ստանային մեր դարաւոր կուլտուրայի աւանդոյթներէն:

Այնտեղ, այսպէս ըսած՝ մեր անկուսակցական տունը մշակոյթի օճախ դարձաւ զանազան ազգութեանց կուլտուրական անհատներու համար:

Յոյն գիտնականներ կային, որոնք կու գային Կոմիտասի հետ խորհրդակցելու եկեղեցական խազերու ծագման մասին: Թուրքեր կային, որոնք կու գային խորհըր-դակցելու Պոլսոյ մէջ երաժշտանոց եւ օփերա ստեղծելու մասին եւ այլն, եւ այլն:

Կոմիտասը երեք հարիւր մարդէ բաղկացած երգեցիկ խումբ մը կազմեց, որոնց կէսը իգական սեռին կը պատկանէին: Մօտ վեց շաբաթուայ մէջ սորվեցուց անոնց երգել: Այդ խումբի անդամներէն կային այնպիսիներ, որոնք երաժշտութեան այբուբենին անծանօթ էին: Ան թէ՛ գիտութեան, թէ՛ կառավարելու արուեստի տեսակէտէն շատ ուժեղ ըլլալով իր չափազանց զուարթ բնաւորութեամբ բոցավառեց աշակերտներու սէրը դէպի յուզական երաժշտութիւնը եւ համակեց անոնց հոգիները ճաշակաւոր եւ ազնուացող արուեստով:

Անոր քոնսերներու վեցամսեակին արդէն Պոլսոյ եւ շրջապատի ժողովուրդները սկսան կրքոտ կերպով երգել հայ գեղջուկ երգեր: Կարելի է համարձակօրէն ըսել, որ մինչ այդ ժամանակ երգուած գռեհիկ եւ վաւաշոտ երգերը դուրս վռնտուեցան գործածութենէն:

Այդ մէկը վիթխարի յաջողութիւն մըն էր կուլտուրայի զարգացման տեսակէտէն:

Խումբերը կը սիրէին կոմիտասեան երա-ժըշտութիւնը, որուն հմայքը հսկայական էր:

Լաւ կը յիշեմ, որ օսմանեան հանրային գործոց նախարարի տեղակալը՝ ֆրանսացի Պ. Հիւմբերը, յաճախ կ՚այցելէր մեզի, «Քելեր ցոլեր» երգելով ալ կը բարձրանար մեր սանդուխները: Իտալացի համբաւաւոր փիանիսթներ կային, որոնց յաճախ կը հանդիպէի Կոմիտասի սենեակը՝ խառնուած անոր աշակերտներուն հետ, ունկընդ-րելու ատեն անոնց փորձերը:

Կոմիտասի աշակերտները կը պաշտէին զինք եւ ատոր համար խղճամիտ կերպով կ՚աշխատէին, կը սորվէին եւ կը յառաջադիմէին: Անոր աշակերտներէն ութ հոգի կարող խմբավարներ դարձան, որովհետեւ Կոմիտաս անոնց հետ մասնաւոր կը զբաղէր: Անոնք մինչ այսօր Պոլսոյ, Ափրիկէի եւ Եւրոպայի մէջ հայ արուեստը խումբերու տալու իրենց օգտակար գործը կը շարունակեն:

Փանոս Թերլեմեզեանի յուշագրութեան մէջ Կոմիտասին նուիրուած է քանի մը գլուխ, եւ յուշագրութեան առաջին մասը կ՚աւարտի Կոմիտասին նուիրուած բաժինով, իսկ իր յուշերուն երկրորդ մասը կը սկսի քաղաքական իրականութեան վերլուծութեամբ, իրականութիւն մը, որ մտաւորականութեան, ժամանակի գործիչներուն մօտ ծնունդ տուած էր հարցականներու եւ տագնապի շարանի մը: 1914 թուականի Մայիսին, Թերլեմեզեան կը ձգէ Պոլիսը եւ իր երկու ընկերներուն՝ գաւառական թերթի թղթակից Գարեգին Կիւլպէնկեանի եւ գրող Տիգրան Չէօկչիւրեանին հետ կ՚ուղեւորուի դէպի Կովկաս: Թիֆլիզ հասնելէ ետք կ՚անցին Հայաստան, կ՚այցելեն Էջմիածին, կրկին կը վերադառնան Պոլիս, ուրկէ Թերլեմեզեան եւ Չէօկչիւրեան կ՚անցնին Վան: Այստեղ նկարիչը ականատես կ՚ըլլայ այն վտանգներուն, որ կախուած էին իր հայրենակիցներուն գլխուն եւ անտարբեր չի կրնար մնալ: Այդ ժամանակ կը սկսի Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, որ նոյնպէս նկարագրուած է յուշագրութեան մէջ: Վանի հերոսամարտի նկարագրութեամբ ալ կ՚ընդհատուի ձեռագիրը, որովհետեւ Երեւանի մէջ, ուր ան կը շարադրէր յուշերը, վրայ կը հասնի մահը:

Անհրաժեշտ է երախտիքի խօսք յղել սոյն ժողովածոն կազմած, խմբագրած եւ ծանօթագրած գրականագէտ՝ Երուանդ Տէր-Խաչատուրեանին եւ Ազգային պատկերասրահի տնօրէնութեան, որ նկարիչին յուշերը սիրով տրամադրած է հրատարակութեան: Այս օրերուն, Երեւանի Մանկավարժական համալսարանին մէջ եւս տեղի ունեցաւ Թերլեմեզեանի «Կեանքիս յուշերը» ժողովածոյի շնորհանդէսը, ուր նոյնպէս արժեւորուեցաւ նկարիչի ազգային, հասարակական գործիչի մահէն եօթանասունվեց տարի ետք անոր յուշերը հրատարակելու գործը:

Առանձնացնելով Փանոս Թերլեմեզեանի յուշագրութենէն քանի մը խորագիր, կարելի է նկատել այն մեծ պատմական, մշակութային հարստութիւնը, որ ամփոփուած է գիրքի էջերուն մէջ: «Հանկոյսներու ձորը», «Հին օրերու հարսանիքները», «Վանի մէջ գործադրուած արհեստները», «Մօրս բանտարկութիւնը եւ Վանի հրդէհը 1876-ին», «Մեր սնունդը», «Կեդրոնական դպրոցը», «Խրիմեան եւ Փորթուգալեան», «Առաջնորդարանի բունտը», «Երէմէան», «Ուսուցչութիւնս», «Կարնոյ եւ Գում Գափոյի դէպքերը», «Իմ առաջին սէրը», «Կիրակնօրեայ դպրոց», «Չրաղեան եւ Թերզիպաշեան», «Պօղոս Եպիսկոպոսի տեռորը», «Թաւրիզի մէջ», «Արսէն Վարդապետ Թոխմախեան», «Կուսակցութիւնները», «Ծանօթութիւն նկարիչ Պաշինճաղեանի հետ», «Կաթողիկոսի մօտ», «Ուսանողութիւնս Սան Փեթերպուրկի մէջ», «Երեւանի բերդը», «Հիւանդութիւնս Երեւանի բերդին մէջ», «Իմ փարիզեան կենցաղը», «Քրիստափոր Միքայէլեան», «Հայ-թաթարական կոտորածներ», «Սանահինի մէջ Զաւարեանը հանդիպելիս», «Թիւրքաց սահմանադրութիւնը», «Պոլսի միւզէները», «Երուանդ Օտեան», «Հայ կաթոլիկ մտաւորականութիւնը», «Թիւրք նկարիչները եւ Գեղարուեստից դպրոցի ուսուցչութիւնը», «Քյոթահիոյ հանքային ջուրերը», «Գահաժառանգ Մեճիտ Էֆենտիի քով», «Վանի դիւցազնամարտը» եւ այլ բազմաթիւ հետաքրքրական եւ շահեկան խորագիրներով եւ նիւթերով հարուստ է գիրքը:

Գիրքին մէջ նաեւ տեղ գտած են լուսա-նըկարներ Փանոս Թերլեմեզեանի եւ ժամանակի նշանաւոր մարդոց, ինչպէս նաեւ՝ մեծ նկարիչին վրձնած նշանաւոր կտաւներու լուսանկարներէն: Նշենք նաեւ, որ Թերլեմեզեան սկսած է զբաղիլ նկարչութեամբ շատ ուշ, մօտ երեսուն տարեկանին: Ատոր համար նախ մեկնած է Թիֆլիզ, յետոյ՝ Սեն Փեթերպուրկ, եւ շատ շուտով դարձած է Կայսերական նկարչական դպրոցի ուսանող: Այդ ժամանակ ալ ան կը բանտարկուի, կը վտարուի, նախ Թիֆլիզի, ապա՝ Պարսկաստանի բանտերուն մէջ կ՚անցընէ, հիւծիչ ու տանջալի օրեր կ՚ապրի, սակայն չի վհատիր, հնարքով մը փախուստ կու տայ բանտէն եւ Փարիզ կ՚երթայ նկարչական ուսումը շարունակելու:

Հակառակ անոր որ Երեւանի մէջ նկարիչը խաղաղ օրեր չէ որ անցուցած է, սակայն հետագային երկրի իշխանութիւնները արժանին մատուցած են այս նշանաւոր հայուն՝ անոր անունով կոչելով Երեւանի Կերպարուեստի կարեւոր ուսումնական հաստատութիւններէն մին, որ մինչ այսօր կը կրէ Փանոս Թերլեմեզեանի անունը:

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Խրիմեանը մեզ ընդունեց իր ննջարանին մէջ, ուր ան անկողինին վրայ ընկողմանած կ՚երգէր: Քիչ մը սպասեցնելէ յետոյ դադրեցուց իր դուրէկան երգը եւ գլուխը մեզ դարձնելով հարցուց, թէ ինչու եկած եմ: Պատասխանեցի, որ կ՚երթամ Փեթերսպուրկ՝ նկարչութիւն սորվելու, եկայ Վեհափառութեանդ ցուցմունքներ ստանալու:

«Ա՜» ըրաւ եւ տեղէն բարձրացաւ ու շեշտակի ինծի նայելով ըսաւ. «Ծօ ապո՛ւշ, նկարչութեան պատանեկութենէն կը սկսին, դու՝ երեսուննոց մարդ եւ յետոյ, հրացան ու մատիտ իրար հետ ի՞նչ կապ ունին: Ընկերներ ունիս, գործ ունիս…»։

Պատասխանեցի. «Վեհափառ Տէր, ես կը կարծեմ, որ կարող ենք վնասակար ըլլալ: Մինչ այսօր զգուշօրէն, գաղտնի կ՚աշխատէինք հետզհետէ զինել եւ արթնցնել ժողովուրդը, կ՚աշխատէինք, որ անոնք իրարու հետ կապ ունենան, միացած ըլլան եւ ուսում առնեն, բայց Դաշնակցութիւնը կը դրդրէ անզէն եւ անպատրաստ ժողովուրդը՝ բռունցքներով երթալ սուլթանի ունեցած Կրուփի թնդանօթներուն դէմ, որպէսզի Եւրոպան մեզի օգնէ: Ես Եւրոպայի օգնութեան այլեւս չեմ հաւատար: Սասնոյ եւ միւս կոտորածները ցոյց տուին, որ մեր ժողովուրդը աւելի մեծ դժբախտութեան պիտի հանդիպի: Չեմ ուզեր բաժին ունենալ վաղուայ պատասխանատուութեան մէջ»:

Խրիմեանը, քիչ մը մտածկոտ ման եկաւ սենեակին մէջ եւ ինծի դառնալով ըսաւ. «Հա, կը փիլիսոփայես: Հայտէ, անմիջապէս գնա՛ Էջմիածին: Ես շուտով կը վերադառնամ եւ այնտեղ քեզի պաշտօն կու տամ»:

Ընկերոջս հետ դուրս եկայ առաջնորդարանէն, մնաս բարով ըսի անոր եւ գացի բնակարան: Հաշիւներս մաքրեցի տան տիրոջ հետ, աղքատիկ անկողինս եւ իրերս կապկպելով՝ շալակս առի, քայլեցի դէպի երկաթուղիի կայարանը: Այնտեղ գնացք նստայ, չուեցի Փեթերպուրկ:

ԽՐԻՄԵԱՆԻ ՓԵԹԵՐՊՈՒՐԿ ԺԱՄԱՆԵԼԸ

Իմ Փեթերպուրկ հասնելէն երեք թէ չորս ամիս անց, Խրիմեան Կաթողիկոսը մայրաքաղաք ժամանեց: Ես գացի տեսութեան: Անոր առաջին հարցը եղաւ. «Հը, ինչո՞ւ այդպէս նիհարցած ես, հիւանդ խո չե՞ս»:

Բացատրութիւններս ընելէ յետոյ, թէ ինչ կ՚ընեմ, կանչեց եկեղեցական խորհուրդի նախագահ Վարդանեանը եւ պատուիրեց, որ ինծի, իբրեւ ուսանողի, թոշակ տան:

Հայոց եկեղեցին Նեւսքի պողոտային վրայ քաղաքի կեդրոնը կը գտնուէր եւ շրջապատուած էր հինգ յարկանի տուներով: Այդ տուները եկեղեցիի սեփականութիւնն էին, որոնց բերած եկամուտներով ուսանողներ կը պահուէին: Այդ եկեղեցիի բակին մէջ էր, որ ուսանողներ կը հաւաքուէին Կիրակի օրերը՝ զիրար տեսնելու համար: Ես ալ գացի Կիրակի առաւօտ եւ խորհրդարան մտնելով գիտցայ, որ ինծի երեսուն ռուբլի ամսաթոշակ նշանակած են: Երբ խորհրդարանէն դուրս եկայ, երկինքը, մարդիկը, շէնքերը եւ ամէն բան արտաքոյ կարգի գեղեցիկ կ՚երեւնային: Ուրախութենէն ինծի կը թուար, թէ ոտքերս գետնին չեն դպնար, ուրեմն ես պիտի կարողանայի ուսումս շարունակել: Փողոցով անցնելու ատեն շուրթերս լսլելի ձեւով կը մրմնջային. «Ողջոյն քեզ, ուսանողական կեանք»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2017