ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խանդավառ ցուցահանդէս մը։ Երկար տարիներէ ի վեր Տատեան սանուց միութենէն ներս նկարչական դասընթացքներ կը կազմակերպուին, Մաքրուհի Քէչիեոլուի վերահսկողութեան ներքեւ։ Այս տարի իրեն աջակցած էր նաեւ Վոլքան Վահրամ Եարըճը։ Այս դասընթացքներուն ընդհանրապէս մասնակցեցան Տատեան վարժարանէն, Եշիլգիւղի վարժարանէն եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանէն աշակերտներ։ Զուգահեռաբար մանրակերտներու դասընթացք մըն ալ կազմակերպուեցաւ, Մարի Թափուճուի հսկողութեան ներքեւ։ Ուրեմն ամբողջ եղանակի մը տեւողութեան ծաւալուած այս գործունէութեան արդիւնքը ներկայացուեցաւ այս ցուցահանդէսով։ Ներկայ էին Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, սանուց միութեան վարչայինները, դասընթացքներու պատասխանատուները, ցուցահանդէսի մասնակից աշակերտներն ու իրենց ծնողները։ Փոքրիկ արուեստագէտներուն յանձնուեցան վկայականներ՝ դասընթացքներուն իրենց կողմէ բերուած մասնակցութեան համար։ Անոնց նուիրուեցան նաեւ զանազան առարկաներ՝ ստեղծագործական աշխատանքի բնորոշ։

Ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017