ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական ներկայացում մը։ Այսպէս, վարժարանի լիսէի բաժնի թատրոնի խմբակը ներկայացուց «Ահ շու կենչլէր» զաւեշտը, որու հեղինակն է Թուրկուտ Էօզաքման։ Վարժարանի գրականութեան ուսուցիչներէն Ռապիշ Եուրտաքուլի կողմէ բեմադրուեցաւ այս խաղը։ Աշակերտները փայլուն յաջողութիւն արձանագրեցին իրենց վերապահուած դերերուն մէջ։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն Պերրին Տայան, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Ներկայացման աւարտին շնորհաւորական խօսքով մը հանդէս եկաւ Սաթենիկ Նշան, որ մասնաւորապէս ընդգծեց Ռապիշ Եուրտաքուլի եւ թատերախումբի տղոց կողմէ տարուած նախանձախնդիր աշխատանքը։ Ներկայացումէն վերջ վարժարանի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլոր ներկաները շնորհաւորեցին տղաքն ու Ռապիշ Եուրտաքուլը։