ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Մխիթարեան վարժարանը տուն դարձաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ դպրոցի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ Մխիթարեան հայրերու՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, Մատակարար մարմնի ատենապետ եւ անդամներու, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին եւ ծնողներու:

Յայտագիրը սկսաւ մանկապարտէզի աւարտական դասարանի՝ փիղերու խումբի հանդիսաւոր մուտքով հանդիսասրահէն ներս: Փոքրիկները պարեգօտներով եւ գը-դակներով տեղ գրաւեցին բեմին վրայ եւ այսպէս՝ պարզեցին գեղեցիկ տեսարան մը: Բեմյարդարումն ան ալ ուրիշ գլուխ գործոց մըն էր: Չէ՞ որ փիղերը խորհրդանշաններն են կրկէսներու, ուրեմն բեմն ալ վերածուած էր իսկական կրկէսի մը, որուն խորապատկերը կը զարդարէին աւարտական դասարանի աշակերտներու լուսանկարները: Հանդէսը շարունակուեցաւ Մխիթարեան քայլերգով, որ մեծ խանդավառութեամբ մեկնաբանուեցաւ փոքրիկներու կողմէ: Մանկապարտէզի տղաքը ներկաները ողջունեցին զուարթ երգերով եւ արտասանութիւններով: Տղոց այս ինքնաբուխ ելոյթներուն յաջորդեց իրենց դասարանի ուսուցչուհի Արշալոյս Ունճուի ուղերձը: Ան արտայայտեց իր անհուն սէրը իր աշակերտներուն հանդէպ, անոնց յղելով շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան ամենաջերմ բարեմաղթութիւններ:

Յանուն մանկապարտէզի ծնողներու խօսք առաւ Լուսի Թոքատլըօղլու, որ արտայայտեց իր երախտագիտական զգացումները Մխիթարեան վարժարանի եւ ուսուցիչներու նկատմամբ, որոնք համագործակցաբար իրենց ներդրումը բերած էին իրենց մէկ հատիկ զաւակներուն մտաւոր ու հոգեւոր զարգացման: Լուսի Թոքատլըօղլու, որ մանկապարտէզէն մինչեւ լիկէոնի վերջին կարգը եղած էր հարազատ մխիթարեանցի մը, նոյն բանը մաղթեց նաեւ իր զաւկին եւ անոր դասընկերներուն համար:

Վարժարանի նախակրթութեան տնօրէնուհի Գաթիա Վարկը եւս հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով: Ան ալ իր կարգին շնորհաւորեց տղաքը, յետոյ շնորհակալութիւն յայտնեց աւարտական դասարանի մանկապարտիզպանուհի՝ Արշալոյս Ունճուին, օգնական ուսուցչուհի Մարալ Կիւլպայծառին եւ ամբողջ մանկապարտէզի անձնակազմին, նաեւ տղոց այլ դասերու ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներուն: Յետոյ տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց վարժարանին վարչայինները եւ ուսուցիչները, որպէսզի անոնք տղոց յանձնեն վկայականները: Իսկ աշակերտներն ալ իրենց կարգին ուսուցիչներուն յանձնեցին ծաղկեփունջեր եւ խորհրդանշական նուէրներ:

Իր սրտի խօսքը արտասանելու համար բեմ բարձրացաւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, որ տղոց մաղթեց յաջողութիւն իրենց հետագայ ուսման կեանքին մէջ: Վարդապետը անդրադառնալով տղոց յաջողութեան, գնահատեց մանկապարտէզի յարկէն ներս անոնց ամբարած այլազան գիտելիքները: Վարդապետը սրտանց շնորհաւորեց այդ սիրասուն տղոց ծնողները, որոնք իրենց զաւակները առաջնորդած էին հայկական վարժարան, գիտակցելով հայեցի կրթութեան կարեւորութեան: Ան խորապէս զգածուած՝ յիշեց թէ Մխիթարեանի յարկին տակ ինք կը պաշտօնավարէր ճիշդ քառասուն տարիէ ի վեր եւ փոքրիկներուն ալ համբերութիւն մաղթեց իրենց ապագայ տասներկու տարուան ուսման ճանապարհի տեւողութեան: Պէտք է աւելցնել, թէ այդ պահուն վարդապետին գրպանները լեցուն էին շաքարեղէններով եւ տուրմերով, որոնք քիչ ետք պիտի բաշխուէին տղոց:

Ապա մանկապարտէզի աւարտական դասարանի աշակերտները ուրախութեան բացագանչութիւններով իրենց գդակները արձակեցին օդին մէջ:

Տղաքը երգեցին երաժշտութեան ուսուցչուհի Շուշան Գալաթաշի մականին ներքեւ, կատարեցին նաեւ անգլերէնով արտասանութիւններ անգլերէնի ուսուցչուհիներ Իլոնա Քիւչիւքրէիսեանի եւ Բոլին Մավունաճըի հսկողութեամբ:

Այս բոլորին յաջորդեցին փոքրիկներուն սիրուն պարերը: Առաջին պարն էր անշուշտ փիղերուն պարը: Փոքրիկները՝ աղջիկ ու մանչ գեղեցիկ փիղերու վերածուած, իրարու ետեւէ շարուած շրջանը ըրին բեմին, յիշեցնելով ճիշդ ու ճիշդ կրկէսէ առնուած տեսարան մը: Միջոց մը անոնք աչքէ կորսուեցան, յետոյ կրկին բեմին վրայ յայտնուեցան իրենց ձեռքերուն մէջ թմբուկներով: Եւ սկսան կշռոյթ բռնել, ցպիկներով հարուածել իրենց թմբուկները: Փոքրիկ թմբկահարներուն երաժշտական կատարումները, անոնց ստեղծած կշռութաւոր եղանակները կը յուշէին ապագայ փոքրիկ արուեստագէտներու ներկայութեան մասին բեմին վրայ: Ապա իրարու յաջորդեցին կապիկներու, աճպարարներու, խամաճիկներու պարերը, բոլորն ալ ամբողջութիւն մը կազմելով կրկէսի մոգական աշխարհին հետ: Վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Ռեհան Եաղեազանն էր, որ ստանձնած էր պարուսոյցի պաշտօնը, ամէն մէկ պարի համար ի գործ դնելով իր բարձր երեւակայութիւնը:

Վերջին պարն էր անշուշտ Մխիթարեան վարժարանին աւանդական վալսը: Աղջիկները ճերմակ թիթեռնիկներու նման, իսկ մանչերը իրենց սեւ պաշտօնական զգեստներուն մէջ կրկին մուտք գործեցին հանդիսասրահէն ներս եւ պարեցին մեծ վարպետութեամբ:

Հանդէսի աւարտին ներկաները ուղղուեցան վարժարանին պարտէզը, ուր ծնողաց միութեան կողմէ սարքուած էր պատշաճ ընդունելութիւն: Մանկապարտէզի աշակերտները եւ ուսուցիչները միասնաբար կտրեցին շրջանաւարտութեան ծաղը: Տղաքը նկարուեցան, ազատօրէն խաղացին ու պարեցին: Իսկ իրենց ծնողները յիշելով Մխիթարեանի մանկապարտէզի յարկէն ներս իրենց հոգեհատորներուն կատարած կրթական ճանապարհորդութիւնը, ապրեցան յուզումնախառն պահեր:

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017