ՀԻՆԳՇԱԲԹԻԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑԸ

Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին (Tarih Vakfı) նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, 2015 թուա­կա­նի ո­գե­կոչ­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած Հինգ­շաբ­թիի զրոյց­նե­րուն շար­քը ե­րէկ շա­րու­նա­կուե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան հանգ­րուա­նով մը։ Հեր­թա­կան ձեռ­նար­կին ա­տե­նա­խօսն էր Գո­ճաէ­լիի հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն Օ­յա Կէօ­զէլ Տուր­մազ։ Բա­ցու­մին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Կիւ­վէն Կիւր­քան Էօզ­թան, որ այս զրոյց­նե­րու շար­քի հա­մա­կար­գող­նե­րէն մին է։

Օ­յա Կէօ­զէլ Տուր­մազ կանգ ա­ռաւ Կե­սա­րիոյ եւ շրջա­կայ­քին 1918-1920 թուա­կան­նե­րուն ապ­րուած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վրայ՝ հա­յոց պատ­կա­նող, «սե­փա­կա­նա­տէ­րը ան­յայտ» ստա­ցուած­քի յանձն­ման, վե­րա­դարձ­ման վրայ։ Ա­տե­նա­խօ­սը նիւ­թը մեկ­նա­բա­նեց Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տին յա­ջոր­դած մթնո­լոր­տի ի­րադ­րու­թեան մէջ։ Ար­դա­րեւ, 1915 թուա­կա­նի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, յայտ­նի դար­ձած էր, որ Օս­մա­նեան կայս­րու­թիւ­նը պար­տուած դուրս պի­տի գար Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տէն։ Օ­յա Կէօ­զէլ Տուր­մազ ը­սաւ, որ այդ կէ­տէն սկսեալ փո­փո­խու­թեան են­թար­կուած էր հա­յոց վե­րա­բե­րեալ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Թոյ­լատ­րուած էր տե­ղա­հա­նեալ­նե­րու վե­րա­դար­ձը։ Ա­ռա­ջին առ­թիւ այդ վե­րա­դար­ձը թէեւ հա­յե­րուն տե­սա­կէ­տէ ապ­րուած ցա­ւե­րու եւ փլուզ­ման ա­ւար­տը ըլ­լալ կը թուէր, սա­կայն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բա­զում ինք­նու­րոյն խնդիր­ներ յա­ռա­ջա­ցած էին։ Ա­տե­նա­խօ­սը բա­ցատ­րեց, որ այդ խնդիր­նե­րու շար­քին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ե­ղած է «սե­փա­կա­նա­տէ­րը ան­յայտ» հա­յոց կա­լուած­նե­րուն վե­րա­դար­ձը։ Կե­սա­րիա վե­րա­դար­ձած հա­յե­րուն տե­սա­կէ­տէ դիւ­րին չէր ե­ղած ստա­ցուած­քին վերս­տին տի­րա­նա­լը։ Ար­դա­րեւ, բազ­մա­թիւ շրջան­նե­րու մէջ տե­ղա­կան իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու եւ ա­նոնց շրջա­պա­տին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ ստա­ցուած­քը վե­րա­դարձ­նե­լու ուղ­ղեալ գոր­ծըն­թա­ցը կա­թուա­ծա­հա­րուած է։ Օ­յա Կէօ­զէլ Տուր­մազ այս բո­լո­րը մեկ­նա­բա­նեց զա­նա­զան օ­րի­նակ­նե­րու լոյ­սին տակ։ Ան մատ­նան­շեց, թէ այդ շրջա­նին հա­մա­պա­տաս­խան դի­մում­նե­րը կը կա­տա­րուէին ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մօտ եւ այս վերջ­նոյն կող­մէ կը յա­րու­ցուէին բա­զում խո­չըն­դոտ­ներ։

Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի Հինգ­շաբ­թիի զրոյց­նե­րու շար­քին յա­ջորդ ա­տե­նա­խօ­սը պի­տի ըլ­լայ Մել­թէմ Թոք­սէօզ, որ պի­տի ար­տա­յայ­տուի Ա­տա­նա­յի նման ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2015