Վերականգնում

Հալէպի լուրերը եթէ յաճախ յուսահատական են կենցաղային պայմաններու անփառունակ վիճակին պատճառով, միւս կողմէ՝ յուսադրիչ են եւ ուրախացնող, որ մեր մշակութային կեանքը բնաւ դադար չառաւ ի հեճուկս համատարած դժբախտութեանց, իսկ պատերազմէն վնասուած կարգ մը ազգային կառոյցներ, տարիներ ամայացած մնալէ ետք, սկսած են երկրորդ կեանքով մը ապրելու, ինչպէս, օրինակ՝ Ս. Գէորգ եկեղեցին, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը, Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին, Ազգային գերեզմանատունը:

Եթէ իսկապէս սկսաւ Հալէպի վերականգնումի երթը, բոլորս յոյսով եւ հաւատքով կ՚աղօթենք, որ անոր ընթացքը անխափան ըլլայ, բարի եւ ուղղամիտ մարդիկ կանգնին գործընթացին գլուխը, որ պատեհապաշտ, վատոգի ձեռնարկատէրեր դարձեալ չմիջամտեն ու խանգարեն:

Մեծ եւ անչափելի է երկրին վնասը, ոչ միայն նիւթական գետնի վրայ, այլ՝ բարոյական, մարդասիրական, հոգեմտաւոր… Այս վերջինները շատ աւելի կենսական պահանջներ են, առանց որոնց, ամենաշքեղօրէն վերակառուցուած քաղաքը կը մնայ անդիմագիծ ու անհոգի: Մարդիկ վերագտնելու են իրենց խախտած առողջութիւնը, մարմնապէս եւ հոգեպէս վերականգնելու են իրենց կորսնցուցած վստահութիւնը շատ մը բաներու նկատմամբ…

Մենք, որպէս կարեւոր մէկ օղակը բազմանդամ հալէպեան ընտանիքին, մեր կարելին ըրինք՝ նպաստելու նաեւ վերոյիշեալ ոլորտներու վերականգնումին: Կենցաղային հարցերու լուծման գծով, իմ կարծիքով, առաջնակարգ դերակատարութիւն ունեցան մեր ազգային-միութենական կառոյցները. նոյնը կարելի է ըսել կրթական, մշակութային, կրօնական ոլորտներուն մասին ալ: Հինգ տարի ամբողջ գաղութը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ ու անկարելին կարելի դարձուց ժողովուրդին տառապանքը մեղմացնելու համար: Գտնուեցան այնպիսի հմուտ կազմակերպիչներ, զոհաբերութեան օրինակ հանդիսացող ղեկավարներ, որոնք արժանի են հերոս կոչուելու: Գաղութը գիտցաւ միաւորուիլ, համագործակցութեան աննախադէպ մթնոլորտ ստեղծել՝ յանուն պատուհասին վնասը նուազագոյնի իջեցնելու:

Սնապարծութիւն թող չնկատուի, եթէ ըսենք, որ աշխարհի որեւէ հայ գաղութ, Սուրիոյ եւ մասնաւորաբար Հալէպի նման կեցուածք չի կրնար ունենալ, եթէ, Աստուած մի՛ արասցէ, դժբախտութիւնը իր դուռն ալ թակէ:

Մեր ազգային կառոյցները՝ պետութեան մը հանգոյն, կազմակերպեալ աշխատանք տարին, նոյնիսկ՝ պետութենէ մը աւելի, քանի որ անոնց անձնուրաց աշխատանքի մղողը ո՛չ դրամական վարձատրութիւնն էր, ո՛չ պաշտօնամոլութիւնը կամ փառամոլութիւնը, այլ նուիրումի ու զոհողութեան հայու ներքին կանչն էր խորտակումի եզրին կանգնած գաղութի նաւը նաւաբեկումէ փրկելու համար:

Դեռ վերջնական հաշուեյարդարի նստելու համար գուցէ կանուխ է, եզրափակիչ գնահատանքներ ու քննադատութիւններ ընելու համար դեռ ժամանակ պէտք է, սակայն այս հանգրուանին ցարդ ձեռք բերուածին մասին չխօսիլն ալ սխալ պիտի ըլլար: Մէկ հանգրուանը միւս փուլին համար խթան ըլլալու է, որպէսզի կարելի ըլլայ պատուով դիմաւորել բաղձալի աւարտը տառապանաց:

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2017