ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԸՆՏԱՆԻՔԴ ԿԸ ԿԱԶՄԱԼՈՒԾԵՍ

Իմացական եւ հոգեւոր քաղցի, կենդանական բնազդներու յամրընթաց յաղթարշաւը աւանդական հայկական ընտանիքի «գերեզմանաքարերն» են, որոնք տեղի կու տան դաւաճանութեանց, անառողջ ամուսնական յարաբերութեանց, ամուսնալուծումներու աճման…: Երեւոյթներ, որոնք պահի տակ հաճոյքի հետեւանքներ են, որոնք կեանքդ փակուղիի կը վերածեն եւ ակնթարթի մը մէջ զայն ամբողջապէս կ՚իմաստազրկեն ու դէպի անդունդ կը գլորեն։

Դաւաճանութիւնը մարդ արարածին բնորոշ յատկանիշ մըն է, մարդկութեան հետ ծնող ու անոր հետ վերացող մոլուցք մը։ Աշխարհի վրայ դժուար թէ գտնուի ոեւէ բանական արարած, որուն սիրտը չի մղկտար իր մտերիմ ու հարազատ անձին կողմէ իր նկատմամբ կատարուած դաւաճանութենէն։ Մեր կեանքին մէջ տանջալի, անցանկալի, անընդունելի բազմադիմի բացասական երեւոյթներ անպատճառ կան, սակայն դաւաճանութիւնը իր ուժգնութեամբ, բայց նուազագոյն արարքով զանոնք կը գերազանցէ։

Աշխատանքային կամ ընկերային յարաբերութիւններու դաշտին մէջ տեղի ունեցած դաւաճանութիւնը ընդամէնը ցաւ եւ ափսոսանք կը յառաջացնէ խաբուած մարդու հոգւոյն մէջ. մինչդեռ խիստ ու մտերմիկ յարաբերութեանց դաշտին մէջ կատարուած դաւաճանութիւնը երջանկութեամբ ճախրող թեւերդ երկնքէն վար նետող, սպաննող, սրտատոչոր եւ անբուժելի վէրք մըն է։ Բառ մը, որ սրտիդ վրայ խոր հետք կը թողու, զոր մինչեւ կեանքի վերջին շունչդ հոգւոյդ մէջ ու մաշկիդ վրայ կը կրես։

Համալսարանի, ակումբի, միութիւններու, ընկերակցութիւններու, գործատեղիներու եւ զանազան շրջանակներու մէջ ծանօթացած երիտասարդները կը փորձեն զիրար ճանչնալ, իրարու մէջ նկարագրային համանման կէտեր կը փնտռեն, փորձարարական-ընկերային շրջան մը կ՚անցընեն, իրենց ներքին հոգեկան դաշտերը իրարու կը միախառնեն եւ ապա իրենց միութիւնը ամուսնութեամբ կ՚օրինականացնեն։ Եւ ամուսնանալով՝ նոյն երդիքի տակ կ՚ապրին, սուրբ ընտանիք մը կը փորձեն կազմել եւ իրենց ֆիզիքական դաշտերը կը համատեղեն։ Ամուսնական ներքին կեանքը այն իրավիճակն է, երբ ներաշխարհդ ու ամբողջ անձդ կողակիցիդ կը նուիրես, համոզուած ըլլալով, որ այդ բոլորը նաեւ անոր կը պատկանին եւ նոյնը՝ հակառակը։ Որքան ներանձնական կեանքի դաշտերու հատման տիրոյթը զոյգերու միջեւ մեծ ըլլայ, այնքան ալ դաւաճանութեան պատճառած ցաւը տանջալի ու «անմոռաց» հետք կը թողու։

Դաւաճանութիւնը իրարու նկատմամբ որոշակի կապուած անձերու կողմէ միակողմանի կամ երկկողմանի կատարուած անհաւատարիմ քայլեր են, որոնց պատճառաւ զոյգերու միջեւ առկայ վստահութիւնը եւ ջերմ յարաբերութիւնները կը փոխակերպուին անվստահութեան ու անհանդուրժելի յարաբերութեանց։ Զոյգերու միջեւ դաւաճանութիւնը հիմնականօրէն տեղի կ՚ունենայ զգացումներու՝ յարգանքի, սիրոյ, միակողմանի կամ երկկողմանի բացակայութեան, երերուն ու անկայուն հիմքի պատճառով։ Յանուն կանխամտածուած նպատակներու եւ հաշիւներու, խախուտ ընտանիքի զոյգերէն դաւաճանը շատ յաճախ վարպետօրէն ու ճարտար դերասանութեամբ կը փորձէ կեղծ զգացումներ դրսեւորել իր կողակիցին՝ յոյս փայփայելով եւ ձեւացնելով, որ ամէն ինչ իր հունին մէջ է։ Ձեխաթաթա՛ւ զգացում…

21-րդ դարու արժեհամակարգը այնքա՜ն փոխուած է, ուր կեղծիքը՝ գեղեցիկ, ապօրինին՝ օրինական, մեղքը՝ առաքինութիւն «կ՚ընկալուի»։ Ամուսնացած տղամարդիկ ուրիշ կնոջ հետ ունեցած սեռական յարաբերութիւնները դաւաճանութիւն չեն համարեր եւ ամենայն յամառութեամբ կը պնդեն, որ տղամարդը դաւաճանելու իրաւունք ունի, իսկ կինը պէտք է լռութեամբ, «ըմբռնումով» մօտենայ այդ «փոքր» ու «աննշան» մեղքին, բնական նկատէ. հաշտուի եւ թեթեւ տանի իր ամուսնոյն «մանր զանցանքները»։ Նմանօրինակ անհաւատարիմ ամուսիններ առանց ամօթխածութեան ու խիպի իրենք զիրենք կ՚արդարացնեն՝ ըսելով. «Այլ կնոջ հետ ֆիզիքական կապը դաւաճանութիւն չէ, այլ հոգեպէս դաւաճանութիւնը իսկական դաւաճանութիւն է։ Որքան ալ մարմինս այլ կնոջ պատկանի, սիրտս միայն կնոջս համար կը տրոփէ»։

Ընտանեկան կեանքը ունի ներդաշնակութեան եւ փոխզիջումներու հարթակ, ուր զոյգեր երկխօսութեամբ ու փոխհասկացողութեամբ իրենց ակնկալիքները եւ դժուարութիւնները պէտք է պարզեն ու յստակեցնեն։ Եթէ զոյգերը չունին այդ համաձայնեցուած հարթակի գոյութեան գիտակցութիւնը, ահա այդ ժամանակ հասարակ յայտարարի չեն կրնար գալ, իրենց կողակիցին միջեւ անհասկացողութեան ու աններդաշնակութեան պարիսպները աւելի խորը կ՚ամրապնդուին, իսկ առկայ խնդիրները՝ կը մնան թաքուն ու անլուծելի։

Եթէ փորձենք համակարգել տղամարդոց եւ կիներու դաւաճանութեանց հիմնական հոգեբանական պատճառները, ապա կ’ունենանք հետեւեալ դասակարգեալ տարբերակները.

  • Ինքնասիրահարուած մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք կատարեալ եւ անկրկնելի կը համարեն ու կը մտածեն, որ արժանի են աւելի լաւ կեանքի։ Հետեւաբար, անընդհատ փնտռտուքներու մէջ են եւ կը փորձեն իրենց երեւակայածին կեանքի կէսը գտնել։
  • Հիասթափուած մարդիկ, որոնք չեն գտած իրենց ամուսնական անդորրութիւնն ու հանգիստը, հետեւաբար՝ կը փորձեն «խաղաղաբեր» մարդոց մէջ գտնել զայն։
  • Մարդիկ, որոնք հոգեբանական տեսակաւոր բարդոյթներով կը տառապին եւ մշտապէս նոր կապեր կ՚որոնեն ինքնահաստատուելու նպատակով:
  • Մարդիկ, որոնք շատ դիւրութեամբ կ՚ընկճուին եւ ընտանեկան կեանքի դժուարութիւններէն շուտով կը խուսափին։ Այսպիսիք իրենց համար ազատ կեանքի այլ տարբերակ կ՚ընտրեն ու կը փորձեն մոռնալ իրենց ընտանեկան «տաժանելի» պարտականութիւններն ու պատասխանատուութիւնները:
  • Կայացած կիներ եւ տղամարդիկ, որոնք դաւաճանութիւնը իրենց կենսակերպի անքակտելի մէկ մասնիկը կը նկատեն, որովհետեւ, իրենց ընկալումով՝ դաւաճանութիւնը ընկերային շրջապատին մէջ գլուխ գովելու շարժառիթ եւ ինքնահաստատման գործօն է:
  • Տակաւին կան մարդիկ, որոնք ենթագիտակցաբար իրենցմէ տարիքով մեծ անձնաւորութիւններու հետ կապ կը հաստատեն՝ մեղմելու եւ լրացնելու համար իրենց չյաջողուած սէրն ու ուշադրութիւնը, որոնցմէ տարիներ շարունակ զրկուած էին։

Դաւաճանութեան հիմնագոյն դրդապատճառներէն են կիրքն ու բնազդը, որոնք մարդ արարածը ինքնատիրապետումէն եւ ինքնագիտակցութենէն դուրս կը հանեն։ Առնենք վերոյիշեալ երկու գործօնները եւ զանոնք դիտարկենք ու պարզաբանենք հոգեբանական հիմունքներով։

Կիրքի հիմնական յատկանիշը գործուն բնոյթն է, զոր հիմնուած է յուզական եւ կամային պահերու միասնութեան վրայ։ Կիրքը կրնայ խախտել մարդուս ինքնատիրապետումը, որուն պատճառաւ հակասութիւն կ՚առաջանայ կիրքի եւ բանականութեան, մանաւանդ կիրքի եւ ինքնագիտակցութեան միջեւ։ Երբ կիրքի նպատակը սեւեռուն գաղափարի ձեւ կը ստանայ, անձի ընկալման ոլորտը կը նեղանայ, երեւակայութեան աշխատանքը մէկ ուղղութեամբ կը կենդրոնանայ, հոգեկան կեանքը միակողմանի կը դառնայ, իսկ ողջմիտ առարկութիւններն ու բարոյական արժէքներու գոյութեան մասին ցուցմունքները կտրականապէս կը մերժուին։ Այսպիսի գերուժեղ կիրքը կրնայ մարդս ամբողջապէս հոգեկան շեղումներու առաջնորդել, ինչպէս նաեւ ինքնամփոփ ու խաբուսիկ գաղափարներով զբաղեցնել կիրքով գերեվարուած երիտասարդի ողջ էութիւնը։

Մարդը, ի տարբերութիւն անբան կենդանիներուն, գիտակցութեամբ օժտուած արարած է եւ ի վիճակի է իր գիտակցութեամբ հակակշռել ու տիրապետել իր զգացումներուն եւ յոյզերուն։ Կենդանին իր կեանքը բնազդով կ՚ապրի, սակայն մարդը գիտակցութեամբ իր կեանքը կը հունաւորէ ու կ՚իմաստաւորէ։ Ըստ Ֆրէօյտի՝ մարդ արարածի աքթիւութիւնը ուղղակի անոր բնազդային մղումներէն կախուած է՝ առաւելապէս սեռական եւ ինքնապաշտպանութեան բնազդներէն: Ըստ անոր՝ մարդիկ չեն կրնար բացայայտ կերպով արտայայտել իրենց բոլոր ցանկութիւնները եւ դրսեւորել բնազդները (ինչպէս կենդանիները), այդ պատճառով ստիպուած կը ճնշեն ու կը սահմանափակեն զանոնք։ Այսպիսով, բնազդային մղումները, դուրս կը մնան անձի գիտակցական կեանքէն եւ որպէս ամօթալի, անթոյլատրելի ու վարկաբեկիչ երեւոյթներ կ՚անցնին ենթագիտակցական ոլորտ։ Այդ բնազդները «ծածուկ» կերպով կը շարունակեն ազդել մարդոց վրայ, կը ղեկավարեն անոնց վարքը եւ կը հանդիսանան մարդկային անձնաւորութեան աքթիւութեան իսկական պատճառները։

Կիրքն ու բնազդը մարդուն մէջ ի վերուստ դրուած գործօններն են։ Կամքով տկար մարդիկ յաճախ այդ գործօններու զոհը կը դառնան՝ իրենց անձը գերի դարձնելով անասնական ու բնազդային արարքներու։ Եթէ կիրքն ու բնազդը աննուաճելի կը թուին կամազուրկ մարդուն համար, ապա գիտակցութիւնը կրնայ անյաղթահարելին՝ յաղթահարելի, անզսպելին՝ զսպելի դարձնել։ Գիտակցութիւնը մարդուս տրուած լոյս է, որուն միջոցաւ այն կը լուսազարդէ իր արարքները եւ կը զատորոշէ լաւ արարքը՝ վատէն։ Գիտակցութիւնը մարդու մտային այն կեդրոնն է, որ տրամաբանօրէն եւ նպատակաուղղուած ձեւով կը կառավարէ եւ կ՚ուղղորդէ մեր վարքը՝ մեր նպատակներուն եւ կենսապայմաններուն համապատասխան: Քեզի կը մնայ գիտակցութեամբ մօտենալ իւրաքանչիւր կեանքի երեւոյթին եւ ըստ այնմ կեանքդ մարդավայել ու բարոյապէս ապրիլ։

Նորապսակ ամուսինները եկեղեցւոյ մէջ Աստուծոյ եւ իրենց հարազատներուն դիմաց կը խոստանան մինչեւ մահ՝ թէ՛ երջանկութեան եւ թէ թշուառութեան օրերուն զիրար սիրել։ Հինէն եկող «Աստուծմով սկսէ՛ եւ Աստուծմով վերջացուր» խրատ-խօսքը իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հայ ընտանիքի կորիզը պէտք է դառնայ։ Եթէ ընտանիքիդ հիմքը Աստուած է, ապա ընտանեկան կեանքդ ալ նոյնպէս Աստուծմով հզօր ու գեղեցիկ կ՚ըլլայ։ Իսկ երբ հիմքը արտաքին գեղեցկութեամբ եւ դրամով պարուրուած է, ապա «գեղեցիկ» ընթացքը կը խափանուի ու կը կործանուի։ Այդ ժահաբոյր «գեղեցկութիւնը» ժամանակի ընթացքին կ՚անցնի, որովհետեւ անոր արմատը վաղանցուկ հարստութեամբ, մակերեսային սիրով ու կեղծ ժպիտով արմատաւորուած կ՚ըլլայ։ Հարստութիւնը խաղաղութիւն չի բերեր, ընդհակառակը, սէրն ու կիրքը ամբողջապէս կ՚արմատախլէ ու կը վերացնէ: Այսպիսով ընտանեկան արտաքուստ «գեղեցկութիւնը» կը վերածուի մեհեանի՝ զոյգերը տանելով դէպի անհաւատարմութեան ու շնութեան մոլորութիւններ: Այլ խօսքով՝ սիրոյ բացակայութիւնը ծնունդ կու տայ ընտանեկան զարտուղի ընթացքի, որուն իրբեւ հետեւանք՝ ատելութիւնը, անհանդուրժողականութիւնն ու իրերամերժ կեցուածքը արմատ կը դնեն զոյգերու կեանքին մէջ։

Աստուած տասնաբանեայ պատուիրաններու ընդմէջէն զգուշացուց մեզ՝ ըսելով. «Մի՛ շնար» (Ելք 20.14, Բ.Օր 5.18): Այս պատուիրանով Աստուած հրահանգեց, որ պսակուած ամոլը պէտք է փոխադարձ սիրով ու հաւատարմութեամբ ապրի իր ամուսնական կեանքը, իսկ չամուսնացածները՝ պէտք է իմաստուն կեանքով մաքուր պահեն իրենց ցանկութիւնները, միտքը, խօսքերն ու գործերը: Քրիստոս ո՛չ միայն այս ախտի մարմնական իրագործումը շնութիւն անուանեց, այլեւ՝ մտքով ցանկութիւն յայտնելն իսկ։ «Լսեր էք որ ըսուած է. «Մի՛ շնար»։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ո՛վ որ ցանկութեամբ նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ անոր հետ» (Մտ 5.27-28)։

Աստուածաշունչ մատեանին մէջ գործածուող երկու եզրեր կան՝ պոռնկութիւն եւ շնութիւն, որոնք իմաստային շատ փոքր տարբերութիւն ունին։ Շնութիւնը ծածուկ կերպով կը գործուի, իսկ պոռնկութիւնը՝ յայտնապէս: Պօղոս առաքեալ ամուսնութեան մասին խօսելով՝ կը յորդորէ. «Բոլորդ ալ պատուեցէ՛ք ամուսնութիւնը եւ ամուսնական կապը սուրբ պահեցէք, որովհետեւ Աստուած կը դատապարտէ շնացողներն ու պոռնկութիւն ընողները» (Եբր 13.4)։ «Պոռնկութենէ հեռո՛ւ փախէք։ Բոլոր միւս մեղքերը որ մարդ կը գործէ, իր մարմինին հետ կապ չունին, բայց պոռնկութիւն ընողը իր մարմինին դէմ կը մեղանչէ» (Ա.Կր 6.18)։ «Աստուծոյ կամքն է՝ որ դուք սրբուիք եւ ամենեւին հեռու մնաք պոռնկութենէ։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող սրբութեամբ եւ պատուով ամուսնանայ։ Կրքոտ ցանկութիւններու անձնատուր մի՛ ըլլաք հեթանոսներուն պէս…» (Ա.Թս 4.3-5)։

Երիտասարդ մը կար, որ կ’ուզէր ամուսնանալ։ Չսխալելու համար՝ իմաստունի օգնութեան կը դիմէ: Իմաստունը կը հարցնէ. թէ իր ապագայի կինը ինչպէ՛ս կը պատկերացնէ։

-Կ՚ուզեմ, որ կոյս աղջիկ ըլլայ.- կը պատասխանէ երիտասարդը:

-Կոյսը կիսով հասունցած ընկոյզի նման է, որուն միջուկի ինչպիսի ըլլալը չես կրնար գիտնալ։

-Ուրեմն ամուսնալուծուած կի՞ն պէտք է ընտրեմ,- հարց կու տայ երիտասարդը։

-Բարեկամս, այրի կնոջ սէրը սեր չունեցող կաթի պէս է,- կ՚ըսէ իմաստունը իր գլուխն օրօրելով։

-Այդ պարագային կը նախընտրեմ խելացի կին ունենալ, որպէսզի լռակեաց չըլլայ։

-Աւելի նախընտրելի կ՚ըլլար, եթէ ան լռել գիտնար,- խորհուրդ կու տայ իմաստունը։

-Իսկ եթէ գեղեցիկ կնոջ հետ ամուսնանա՞մ,- կը հարցնէ երիտասարդը։

-Դժուար է զինք պահել, որովհետեւ բոլոր մարդիկ գեղեցիկը կը սիրեն եւ կը ցանկան։

-Այդ պարագային տգեղ, բայց ազնիւ սիրտ ունեցող աղջիկ կ՚ընտրեմ։

-Շուտ կը ձանձրանաս, որովհետեւ տգեղութիւնը ոչ ոքի հաճելի է,- կը պատասխանէ իմաստունը:

-Ուրեմն հարուստ կնոջ հետ կ՚ամուսնանամ:

-Հարուստ կանայք սովորաբար իշխող կ՚ըլլան, սիրոյ մէջ՝ ժլատ, իսկ դրամապանակը՝ միշտ փակ:

-Ես ալ աղքատ, բայց սիրոյ մէջ հարուստ մէկը կ՚ընտրեմ,- կը պնդէ երիտասարդը։

-Բայց չե՞ս գիտեր, որ աղքատութիւնը ձանձրալի եւ դժբախտութիւն է:

-Կ՚ըսուի, թէ երախայ ունեցող կիները բարի սիրտ կ՚ունենան։ Ես ալ կին մը կ՚ընտրեմ, որ երախայի մայր դառնալ կը փափաքի,- դիտել կու տայ երիտասարդը։

-Սխալ ես,- իմաստունը կը ծիծաղի,- չե՞ս գիտեր, որ երախաները իրենց հօրը ունեցուածքը եւ տունը կը խլեն։

-Լաւ, ուրեմն ամուլ կի՞ն առնեմ։

-Ի՞նչ արժէք ունի անպտուղ ծառը,- կ՚ընդմիջէ իմաստունը։

-Քու խրատներէդ կրնամ եզրակացնել, որ ամուսնանալ կը նշանակէ բաց աչքերով ջուրին մէջ իյնալ։ Աւելի լաւ է ամուրի մնամ,- երիտասարդը յուսահատուած կ՚ըսէ։

-Չամուսնացած տղամարդը անկտուր տան եւ անարեւ օրուայ նման է։ Սրտիդ ձայնը լսէ, բայց գիտցիր, որ ամէն երջանկութիւն իր կռնակին վրայ իր դժբախտութեան բեռը կը կրէ,- կ՚եզրակացնէ իմաստունը։

Սիրելի՛ ընթերցող, սովորական ու պարզ հետաքրքրութեամբ, կեանքիդ մէջ փոփոխութիւն մտցնելու ցանկութեամբ, ծանօթներուդ ու ընկերներուդ բան մը ապացուցելու ձգտումով սկիզբ առած դաւաճանութիւնները նախեւառաջ քու անձդ է, որ կը կործանեն եւ ապա ընտանիքդ բաժան-բաժան կ՚ընեն ու կը քանդեն։ Իւրաքանչիւր անձ գիտակցաբա՛ր կը դաւաճանէ իր կողակիցը՝ կոտրելով բարոյական բոլոր սկզբունքներն ու արգելքները։

Հայ եկեղեցւոյ կողմէ սահմանուած եօթ մահացու մեղքերէն է՝ բղջախոհութիւնը, որ քեզ շնութեան կ՚առաջնորդէ եւ անոր մոլեգին երկրպագուն կը դարձնէ։ Մարմնի մաքրութիւնդ անմիջական կապ ունի հոգւոյդ մաքրութեան հետ: Երբ միտքդ պիղծ է՝ կը նշանակէ հոգեւոր աշխարհդ անմաքուր է եւ զազիր մեղքերով շրջապատուած է։ Դուն Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան համաձայն ստեղծուած ես։ «Չէ՞ք գիտեր Աստուծոյ տաճար էք դուք, եւ Աստուծոյ հոգին կը բնակի ձեր մէջ» (Ա.Կր 3.16)։ Դաճանութեամբդ ո՛չ միայն կ՚ապականես Աստուծոյ պատկերն ու տաճարը, այլեւ քու անձդ ու ներաշխարհդ։ Մի՛ դաւաճաներ եւ ոչ ալ ակնթարթային հաճոյքի մը համար ընտանիքդ կազմալուծէ…

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2017