ԱՍՏՂԱԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Կարելի չէ չհանդիպիլ անձի մը մանաւանդ այս օրերուն, երբ իր կեանքը չուզէ աղերսել աստղերուն, գիտնալ թէ ի՞նչ կ՚ըսեն կամ ինչպիսի՞ սահմանագծումներ եւ անեզր գուշակութիւններ ու «ճշմարտութիւններ» կատարած են աստղեր իր մասին այդ օր՝ ըլլայ անիկա թերթերու կամ համացանցի կարգ մը «հետաքրքրաշարժ» կայքէջերու ընդմէջէն։

Տակաւին իր օրը չսկսած, «Տէրունական աղօթք»ը չարտասանած կամ չխաչակնքած, իր պարտականութիւններն ու պատասխանատուութիւնները չկատարած, իր աշխատանքը չհամակարգած երիտասարդը, անյապաղ կ՚ուզէ իմանալ աստղերէն, թէ ինչպիսի՞ վերիվայրումներէ կամ յաջողութիւններէ պիտի անցնի, ինչպիսի՞ խոչընդոտներու կամ անձերու պիտի հանդիպի, այլ խօսքով՝ ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ իր օրը՝ ուրա՞խ, թէ՞ տխուր, յաջո՞ղ, թէ՞ ձախող, բախտաբե՞ր, թէ՞ դժուարալից։

Հնամենի ժամանակներէն սկսեալ, աստղագուշակութիւնը կամ բախտագուշակութիւնը միշտ ներկայ է եղած բոլո՛ր ժողովուրդներու կենսընթացին մէջ, սկսելով քաղդէացիներէն, սկիւթներէն, յոյներէն, եգիպտացիներէն եւ հասնելով մինչեւ օրերս։ Քաղդէացիները պատմութեան ընթացքին կոչուած են բաբելացիներ, որոնք զբաղած են խաշնարածութեամբ եւ անասնապահութեամբ։ Հին մատենագիրներու իսկ վկայութեամբ, աշխարհագրական բարձր դիրքի շնորհիւ անոնք կարելիութիւն ունէին յաճախակի տեսնել երկինքը եւ հեշտութեամբ ուսումնասիրել տիեզերքը։ Անոնց կը վերագրուի «երկնակամարի բաժանումը կենդանակերպերու» տեսութիւնը։ Ըստ քաղդէացիներու, իւրաքանչիւր կենդանակերպ կը համապատասխանէ մարդու մարմնի որեւէ մէկ մասին։ Այսպէս, խոյը՝ գլխու, ցուլը՝ պարանոցի, երկուորեակը՝ բազուկի եւ ուսի, խեցգետինը՝ կուրծքի եւ ստամոքսի եւ այլն։ Իրենց ընկալումով՝ մոլորակները երկրի վրայ տեղի ունեցող բոլոր շարժումներն ու ընթացակարգերը կը կառավարեն։ Մարդու մարմինը կը բաժնուի տասներկու մասերու, որոնք կը ղեկավարուին կենդանակերպերու կողմէ, իսկ կենդանակերպերը՝ մոլորակներու։

Հին Յունաստանի իմաստասէր-գիտնականներու զգալի ձեռք բերումները երկրաչափութեան, տիեզերագիտութեան, տոմարագիտութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ նախապատրաստեցին հորոսկոփային աւանդական աստղագուշակութեան աննախադէպ վերելքը։ Անհատական հորոսկոփը (ժամադիտակ կամ բախտացոյց) ուսումնասիրելով՝ աստղաբաշխները կանխատեսումներ կը կատարէին մարդ արարածի կեանքի ու ճակատագրին վերաբերեալ եւ աստղերու «դատավճիռները» կը փոխանցէին դիմող մարդուն։ Աստղաբաններու մէկ մասը մարդոց հորոսկոփը քննելով՝ հիմնականօրէն կը փորձէր «կանխատեսել» անհատի հոգեկան եւ բնաւորութեան գիծերը, մտաւոր եւ ստեղծագործական կարողութիւնները…։

Այսօր եւս դժբախտաբար երեւոյթը նոյնն է։ Նանրախօս եւ «գիտնական» նորելուկ աստղագուշակներ համոզուած են, որ աստղերու նկատմամբ արեւու, լուսնի եւ այլ մոլորակներու ունեցած դիրքերով կարելի է կանխագուշակել մարդու ապագան եւ նոյնիսկ համաշխարհային նշանակալից իրադարձութիւններն ու եղելութիւնները, այնուհետեւ կ՚եզրայանգեն ըսելով, թէ այս կամ այն մոլորակի դիրքը մարդուն համար ի՞նչ դեր կը խաղայ կամ այդինչ օրը ի՞նչ պիտի պատահի: Այսպէս կը կազ-մուի այսօրուան հանրաճանաչ բազմաթիւ թերթերու ու ամսագրերու մէջ տեղ գտած բախտացոյցները՝ «աստղ»երը, որոնք իրենց խաբեպատիր մեկնաբանութիւններով, գձուձ հաշիւներով, ստայօդ խօսքերով կը պղտորեն այսօրուան երիտասարդին միտքն ու ողջ էութիւնը։

Աստուծոյ ամենազօրութիւնը ճանչցած եւ աստղագուշակութեան անհեթեթութիւնը հասկցած աստղաբաններ իրենք եւս կը վկայեն, թէ աստղաբանութիւնը ե՛ւ գիտութիւն, ե՛ւ գործարարութիւն է (business), ե՛ւ խաբկանք, ե՛ւ ստախօսութիւն է։ Այսօր աստղագուշակութեան անհաւանական ըլլալը կարելի է փաստել անով, որ այն աստղային համակարգը, որով աստղագէտներ կ՚առաջնորդուէին, արդէն վաղուց փոխուած է: Մարդիկ այնպէս կը կարծեն, որ աստղագուշակութիւնը իրենց առեղծուած ու մութ թուացող հարցերը պարզաբանող եւ զիրենք յուզող հարցերը լուծող միջոց մըն է։ Հաւանաբար աստղերու յերիւրածոյ ասոյթները զուգադիպութեամբ մը համընկնին քու յիշեալ օրուանդ դէպքերուն հետ, սակայն ուրիշներու մօտ կրնայ ներհակ պատկերը ունենալ եւ պատճառ դառնալ, որ այդօրինակ անձեր հիասթափութեան շապիկը հագած ձեռնածալ նստին՝ իրենք զիրենք բանտարկելով ու արգելակելով իրենց տան մէջ։ Սա փցուն հաշիւներով զբաղող փերեզակներու ապրած կեանքէն ի՞նչ տարբերութիւն ունի։

Բնութիւնը եւ անոր յարակից բոլոր ստեղծագործութիւնները զուր տեղը չէ որ ստեղծուած են։ Աստուած որպէս ինքնագոյ, ինքնակամ էակ եւ «անպատճառ պատճառը բոլոր պատճառներուն», անպատճառ բան մը չէ ստեղծած։ Կայ որոշադրիչ նպատակ մը, որ ի սկզբանէ որոշուած է Նախախնամութեան կողմէ։ Մանկացեալ Փրկչին ծննդեան շրջանին այցելու մոգերը իրենց աստղաբաշխական հաշուարկումներով ու գիտութեամբ գիտցած էին, թէ ե՞րբ պիտի ծնէր խոստացուած Մեսիան՝ Քրիստոս։ Իսկ Աստուած այնպէս տնօրինած էր, որ անոնք աստղի մը միջոցաւ արեւելքէն մինչեւ Բեթլեհէմ առաջնորդուէին՝ երկրպագելու եւ իրենց ընծաները նուիրաբերելու նորածին Աստուածորդիին (Հմմտ. 2.9-12)։ Շատեր պատճառաբանելով աւետարանական այս դրուագը, իրենց ստահաւատ գուշակութեանց որպէս զէնք եւ փաստ կը գործածեն։ Սիրելի երիտասարդ, սա աստուածային միջամտութիւն է եւ ոչ թէ՝ մոգերու կողմէ կատարուած կանխագուշակութիւն եւ կամ կանխատեսութիւն մը։

Կարելի չէ ուրանալ անցեալին աստղաբանութեան ձեռք բերած նուաճումները եւ անոնց կանխատեսած աղէտալի դէպքերը, որոնք քիչ թէ շատ իրականացած եւ տեղի ունեցած են։ Սակայն աստուածաշնչական պրիսմակէն դիտած, աստղագուշակութիւնը եւ անոր տակ գտնուող շերտաւորումները ամբողջովին մե՛ղք են՝ բառին վաւերական առումով, որովհետեւ կը պատկանին նոյնինքն Սադայէլին։ Մինչդեռ Աստուած հակառա՛կ է հմայութեան, աստղագուշակութեան, վիճակ ձգելուն, նշանագիտութեան, կախարդութեան… (Հմմտ. Ես 47.9, 12: Եզ 21.21-23,29): Անհաւատ մարդիկ գիտնալով հանդերձ, որ նմանատիպ արարքներ սատանայաստեղծ եւ սատայանամէտ երեւոյթներ են, պատեհապաշտութեան ու սնահատաւատութեան գինիով արբշիռ կ՚անցընեն իրենց համակ կեանքը՝ անբաժան չմնալով չարախնդիր ու չարաստեղծ բախտացոյցներէ, հորոսկոփներէ։ Նմանօրինակ մարդիկ կը կարծեն, թէ աստղերը իրենք ի վերուստ կը ճշդեն ու ձեւով մը առիթը կ՚ընձեռեն մեզի՝ օրուան ընթացքին «զգուշութեամբ» շարժելու։ Քօղազերծուա՛ծ ինքնախաբէութիւն։

Աստղաբանութեան տեսութիւններն ու վարկածները չունին հիմք, կորիզ, որոնք կրնան մեզ ճշմարտութեան առաջնորդել։ Գուշակներ կամ աստղաբաններ երբ որեւէ մէկ բան կը յայտնեն, չեն ըսեր միջադէպի ճշգրիտ վայրը, ժամանակը եւ ոչ ալ բնոյթը։ Բնութեան մէջ ամէն բան փոխկապակցուած է եւ զարմանալի չէ, որ մենք ալ, մեր կարգին, կրնանք գուշակութիւններ կատարել՝ հիմնուելով տարբեր երեւոյթներու վրայ։ Օրինակ. բոլորս լաւ գիտենք մայրերու կանխազգալու Աստուծմէ տրուած ունակութիւնը։ Արդարեւ, քրիստոնեայ մարդու կեանքի կանխատեսումը ամբողջովին կը հակասէ անոր ազատ կամքի սկզբունքին։ Բարսեղ Կեսարացի Հայրապետ կ՚ըսէ. «Կարելի է կանխատեսումներ կատարել, բացի՝ մարդու կեանքէն։ Մարդը ի տարբերութիւն միւս արարածներէն եւ բնութեան երեւոյթներէն, ունի հոգի եւ ազատ կամք, ուստի՝ եթէ մարմնի վրայ բնութեան տարբեր ուժեր ազդեցութիւն ունին, ապա հոգիին վրայ՝ բացարձա՛կ ոչ»։

Մեր անձերը կանխատեսութեան առարկայ դարձնելով՝ մեր հոգին կը զրկենք աստուածատուր ազատութենէ եւ մենք զմեզ կը հաւասարեցնենք անբան անասունի մակարդակին։ Այն անձը, որ փոխանակ հոգեւոր արժէքներ ձեռք ձգելու՝ նիւթական գնայուն արժէքներով իր կեանքը կը լեցնէ, նախ ինքզինք կը մերկացնէ աստուածային շնորհքէն, կը դառնայ գործիք Սատանայի կործանարար փորձութեանց եւ ապա աստիճանաբար կը սկսի չդիմակայել դժուարութիւնները՝ հնազանդելով հմայիչներու խաբուսիկ ու «շպարուած» խօսքերուն։ Աստղերու խօսքերուն ականջ տալովդ, զուր տեղ կը յուսադրուիս եւ երփներանգ շապիկներ հագնելով՝ կը պաճուճես դուն քեզ։ Ապագայի վրայ դնելովդ յոյսդ, կը մոռնաս ներկան, մինչդեռ ներկային մէջ է որ կը լուծուի ապագան։ Ահա թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Քրիստոս մեզի այս մասին. «Մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք. «Ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք»։ Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են։ Որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն թէ այդ բոլորին պէտք ունիք։ Դուք նախ խնդրեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի» (Մտ 6.34-35)։

Սիրելի՛ ընթերցող, միակ ճշմարիտ ԿԱՆԽԱՏԵՍՆ ու ՆԱԽԱՏԵՍԸ Աստուած Ի՛նք է, որ Իր կամքը յայտնած է մարգարէներու ընդմէջէն։ Լուսատուներո՞ւ վրայ պէտք է դնես յոյսդ, թէ՞ լոյսի Ստեղծիչին։ Կեանքի Տուիչի՞ն պէտք է դիմես, թէ՞ կեանքի քանդիչին։ Ճշմարտախօսի՞ն կ՚անսաս, թէ՞ ստախօսին։ Աննինջ քեզ Հսկողի՞ն կը հաւատաս, թէ՞ քեզ յափշտակողին։ Առիւծին պաշտպանութիւնը՞ կը փնտռես, թէ՞ խաբեբայ օձին փորձութեանց մէջ իյնալ կ՚ուզես։ Վախը Փարատողի՞ն կը վստահիս, թէ՞ վախկոտութեան մարմնացումին։ Պատասխանը դուն գիտես միայն։

Աստղերը այդ տիպի մարդոց գործի արդիւնքն են։ Անոնցմով հետաքրքրուիլդ եւ որպէս ժամանց զանոնք ընթերցելդ քեզ անուղղայ ճամբաներու մէջ է, որ կը ձգեն եւ ձեւով մը քեզ կը ճակատագրեն։ Ո՛րքան ալ փորձես անոնց լորձաշուրթն խօսքերուն հետեւիլ, սակայն պահ մը պիտի գայ, որ պիտի յուսախաբուիս։ Ճշմարիտին դիմէ՛ եւ ականջ տուր, թէ ան ի՞նչ կ՚ըսէ քեզի…

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 17, 2017