Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ «ՊԱՏԻՅԱ ԱԼ ՇԱՄ» ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ամերիկեան ուժերուն պատկանող երկու ուղղաթիռներ վերջերս զինուորական գործողութիւն մը կը կատարէին Սուրիա-Իրաք սահմանային հատուածին մերձակայ «Պու Քամալ» շրջանին մէջ: Գործողութեան թիրախը ԻՇԻՊ-ն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) էր եւ յարձակման հետեւանքով կը սպաննուէին անդամ ութ զինեալներ: Դէպքին մասին յատուկ հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը կը յայտարարէր, թէ տեղի ունեցած գրոհը երկարաժամկէտ յարաձկումներու նախասկիզբ է եւ այդ գործողութիւնները կը միտին լայնցնել «Ալ Թանաֆ» շրջանի ամերիկեան խարիսխին շուրջ առկայ ապահովական գօտին:

Ամերիկեան այս «նախաձեռնութիւն»ը կը կատարուի բնականաբար Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի Մոսկուա տուած այցէն ետք (11 Մայիս)։ Թիլըրսըն իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սէրկէյ Լաւրովի հետ քննարկած էր Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակը եւ այդտեղ երկու գերուժերուն միջեւ համագործակցութեան մը ընդհանուր եզրերը:

Այստեղ պէտք է նշել, որ նախքան այդ զինուորական «ցամաքահանում»ը, ամերիկեան ուժեր հարուածած էին սուրիական բանակի մէկ շառաւիղը, որ կ՚անցնէր «Թանաֆ» տանող ճանապարհէն: Այդ քայլը, որ կը կատարուէր որպէս կանխազգուշացում եւ կը մնար որբ քայլ մը: Տարբեր մակարդակներու վրայ սուրիական կողմը բաւական զգուշաւոր ոճով «կ՚արձագանգէր» դէպքին ու երկրի արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ ալ Մուալլէմ մամլոյ ասուլիսի մը պահուն կը յայտարարէր, որ եթէ «Միջազգային դաշինք»ի ուժեր («ԻՇԻՊ»ի դէմ կազմուած ուժերը այսպէս կը կոչուին) սուրիական բանակի դիրքերը հարուածեն, ապա իրենք ձեռնածալ պիտի չմնան: Մուալլէմի կողմէ քաղաքավարական ոճով տրուած պատասխանը շեշտը կը դնէր ռուս-ամերիկեան փոխհամաձայնութեան մը ընդհանուր պարունակին ու յատկապէս ամերիկեան կողմին համար Մոսկուայի կողմէ «գծուած» կարմիր գիծերը յարգելու վրայ:

Այս գործընթացներու լոյսին տակ կը բացայայտուէր նաեւ, որ ամերիկեան կողմը բաւական «աշխոյժ» կերպով կը զինէ ոչ միայն քրդական ջոկատները, այլ նաեւ «Սուրիոյ ազատ բանակ»ի այն ջոկատները, որոնք այսօր վերակազմուած են եւ իրենց ուսերուն վերցուցած՝ յատուկ նպատակ-առաքելութիւն մը:

Հակառակ անոր, որ վերջին ամիսներուն լրատուական ծառայութիւններ տեղեկութիւններ կը տարածէին այն մասին, թէ «Միջազգային դաշինք»ին համար առաջնակարգ նպատակ է ԻՇԻՊ-ը ծունկի բերել Ռաքքայի մէջ, սակայն այսօր բացայայտ կերպով կը մարմնաւորուի Սուրիոյ անապատային «Ալ Պատիյա» շրջանէն ներս ռազմական գործողութիւններու սկիզբ մը եւ ճակատագրական մարտերու սկսելու իրականութիւնը:

ՇՐՋԱՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրիոյ հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ ինկող «Պատիյա ալ Շամ» անապատային շրջանը կ՚երկարի մինչեւ Սէուտական Արաբիա, որ տարբեր իմաստներով ալ կը համարուի ռազմավարական կարեւոր յենարան՝ շրջանին մէջ պատերազմող բոլոր կողմերուն համար:

Այս բոլորէն անդին կայ «Ալ Թանաֆ» շրջանի ամերիկեան խարիսխը, որուն համար է նաեւ, որ ամերիկացիք կարեւոր բոլոր միջոցառումները կը գործադրեն: Իրաքին կռնակ տուող «Թանաֆ» շրջանը կարեւոր արժէք ունի, որովհետեւ ամերիկացիք այդ վայրէն պիտի փորձեն տիրութիւն ընել Իրաքի մէջ գտնուող իրենց զինուորական խարիսխներուն վրայ: Ապագայ ռազմական գործողութիւնները կրնան սաստկանալ յատկապէս, եթէ ամերիկացիք ուզեն տիրապետել «Պու Քամալ» շրջանին կից Սուրիա-Իրաք սահմանային հատուածին: Ու այդ քայլին երթալով անոնք կտրած պիտի ըլլան կապը մէկ կողմէ իրաքեան սահմաններուն վրայ մեծ ձեռքբերումներու հասած «Ալ Հաշտ ալ Շահպի»ին, իսկ միւս կողմէ՝ սուրիական բանակին միջեւ:

Իբր այդ ալ, Ապու Մահտի ալ Մուհանտէսի վերջերս կատարած յայտարարութիւնները պատահական չեն: Անոնց մէջ յստակ կը դառնայ, որ զինեալ շիի խմբաւորումը պատրաստ է ոչ միայն պահպանելու Իրաքի սահմանները, այլ եթէ կարիք ըլլայ օժանդակութեան ձեռք երկարել սուրիական բանակին:

«Ալ Հաշտ ալ Շահպի»ին բուն նպատակը ԻՇԻՊ-ը չէզոքացնելն է, սակայն գետնի վրայ ընթացող մարտերը այդ նպատակէն բացի ունին ինքնահաս-տատուելու հեռաւոր նպատակներ։ Այդ առումով է նաեւ, որ ուժերէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ իր ծրագիրը յառաջ քաշել:

«ԱԼ ՀԱՇՏ ԱԼ ՇԱՀՊԻ» ԿԱՄ ԻՐԱՔԻ ՆՈՐ ՈՒԺԸ

2016 թուականին Իրաքի մէջ ի յայտ կու գար զինուորական նոր ուժ մը, որուն հարիւր հազարի հասնող զինեալներուն մեծամասնութիւնը շիիներ էին: «Ալ Հաշտ ալ Շահպի»ն (հայերէնով՝ «Ժողովրդային խմբաւորում») Իրաքի խորհրդարանին մէջ օրինականութիւն ստացած զինուորական ուժ մըն է, որուն նպատակն կռուիլ ԻՇԻՊ-ի դէմ եւ շրջանին մէջ ստեղծել հաւասարակշռութիւններու նոր օրինաչափութիւն կերտող շարժում մը:

Դաւանական հաւատալիքներու վրայ հիմնադրուած այս խմբաւորման համակիրներու թիւը կը հասնի երեք միլիոնի եւ անոր համակիրները, որեւէ պահու պատրաստ են արձագանգելու շիի բարձրագոյն կրօնական ատեաններուն կողմէ արձակուած կոչերուն:

Մուսուլի պատերազմի սկիզբէն առաջ իրաքեան դէպքերուն հետեւողներուն համար տակաւին յստակ չէր, որ գետնի վրայ կռուող հիմնական ուժը՝ իրաքեան բանակի կողքին պիտի դառնայ «Ժողովրդային խմբաւորում» զինեալ ջոկատը եւ այսօր տեղի ունեցած զարգացումները եւ յատկապէս Մուսուլ քաղաքը ԻՇԻՊ-ի լուծէն ազատագրելու գլխաւոր հարցը դրուած է «Հաշտ ալ Շահպի»ի ուսերուն:

Այստեղ տեղին է նշել, որ այդ ջոկատին պաշտօնէական կազմի, զինամթերքի, լոժիստիք եւ այլ տիպի խնդիրները կը կարգաւորուին Թեհրանի ուղղակի ազդեցութեամբ կամ խորհուրդներով: «Հաշտ ալ Շահպի»ի այսօրուան առաջնորդը՝ Ապու Մահտի ալ Մուհանտէս, նոյնպէս Իրանի մտերիմ դաշնակիցն է։ Անոր անմիջական ներկայութիւնը եւ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն վերահսկումը զինեալ խմբաւորումը կը դարձնեն շրջանին մէջ ամենաշատ կազմակերպուած ուժ համարուող զինեալ միլիս մը:

Վերադառնալով գլխաւոր նիւթին, այսօր արդէն սկսած է յստակ դառնալ, որ յառաջիկայ օրերուն շատ բան պիտի յստակենայ Սուրիոյ «Ալ Պատիյա» հատուածին մէջ: Այն իմաստով, որ հոն եղած զարգացումները առաջին նախա-նշանը պիտի տան այդ շրջանէն ներս նոր բաժանումներու:

Սուրիոյ տագնապին մասին խօսելու ատեն, երբ բաժանում բառը կ՚օգտագործուի, անպայման չի նշանակեր, որ բաժանումը տուեալ պարագային վերջնական վիճակ մըն է, այլ կը նշանակէ ուժերու եւ դերերու նոր տեղաբաշխում, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ քաղաքական լուծումներու վերաբերեալ սկիզբ առնելիք ընդհանուր գործընթացի կամ գործընթացներու պատրաստութիւն:

Այս առումով, երբ խօսքը կը վերաբերի Սուրիա-Իրաք սահմանային գօտիին, յստակ կը դառնայ նաեւ, որ ամերիկեան ուժերուն այդ շրջանին մէջ ներկայութիւնը կարեւոր նախադրեալ մըն է ապագայ զարգացումներուն կապակցութեամբ:

Հարցումը, որ կը հնչեցուի, կապ ունի շիի «Հաշտ ալ Շապհի»ին յառաջիկայ քայլերուն հետ։ Մանաւանդ որ Մուսուլի մէջ իր արեան մկրտութիւնը ստացած այս խմբաւորումը պիտի կարողանայ իր ունեցած օրինականութիւնը ամրագրել ու ամերիկացիներուն հետ բախումի չերթալով դառնալ կարեւոր բանալի մը՝ այդ շրջանին ապահովութեան ամրագրման տեսակէտէ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2017