ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի ընտանիքը ոգեւոր հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2016-2017 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն։ Դպրոցէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց անոնց հրաժեշտի արարողութիւնը։ Աւարտական դասարանի տղաքն ալ ապրեցան յուզում եւ հպարտութիւն՝ գիտակցելով, որ այլեւս Արամեանի ընտանիքին մաս կը կազմէին։ Անոնք յուզումնախառն զգացումներով հրաժեշտ տուին իրենց դպրոցին եւ բոլորին կողմէ գնահատանքով շրջապատուեցան՝ ապագայ կրթական կեանքի համար յաջողութեան անկեղծ մաղթանքներով։

Այս տարեվերջին աւարտական դասարանի տղաքը վերջին անգամ բարձրացան դպրոցի բեմը։ Հանդէսի յայտագրին մաս կազմեցին զանազան ելոյթներ. ինչպէս՝ թատերակներ, արտասանութիւններ, երաժշտական կատարումներ եւ այլն։ Յայտագրի պատրաստութեան գծով պատասխանատուութիւն ստանձնած էին դպրոցի կրթական մշակներէն Նաժտա Տեմիրճիօղլու, Եուսուֆ Տեմիրթաշ, Գարին Քիւչիւքօղլու, Փելին Մելիսա Կիւնտողտու, Թայիս Մարալ, Քրիստին Տելլալօղլու։

Յայտագրի աւարտին տղաքը հանդէս եկան սրտի խօսքերով։ Դասարանի ուսուցչուհի Ալին Եաղճըօղլու ապագայի համար յաջողութիւններ մաղթեց տղոց։ Յանուն ծնողներուն արտայայտուեցաւ Լատէն Կէօքտաղ։ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ փոխ-տնօրէնուհի Հաթիճէ Ատանըր եւս ջերմ խօսքերով խրախուսեցին շրջանաւարտները։ Ծափահարութիւններու ներքեւ տղաքը ստացան իրենց վկայականները եւ պարգեւները։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցի Սարվէն Սէրթշիմշէք, Գատըգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, շրջանաւարտներու ծնողներ եւ հիւրեր։  

Շաբաթ, Յուլիս 1, 2017