ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԶՈՀՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ԵՐԳԻՉԸ՝ ԳԱԲՐԻԷԼԱ ՄԻՍԹՐԱԼ (1889-1957)
Իւրաքանչիւր բանաստեղծ աշխարհը դարձեալ կ՚արարէ իր բանաստեղծութեամբ՝ կրկին ու նորովի: Բանաստեղծութեան խորհրդաւոր ծնունդը ինքնարարման, ինքնաբաւարարման ծէս է, որով բանաստեղծը կը կարողանայ իր խոհերն ու մտորումները կիսել իր ընթերցողին հետ:
Ստեղծագործական մեծ ձիրքով օժտուած բանաստեղծը կը հաւատայ իր գործին եւ յաջողելու համար ձեւէն ու երեւոյթէն, զինք շահագործող կողմնապաշտ եւ կողմնակալ անհատական նեցուկներէն չի կառչիր։ Երբ բանաստեղծը քարոզչական նեցուկի կը դիմէ, սա կը նշանակէ, որ ինքզինք կը վաճառէ: Բանաստեղծի դերը կը կայանայ ոչ թէ բնութեան կրկնօրինակման կամ վերարտադրութեան, այլ՝ գեղեցիկի ստեղծման մէջ: Գեղեցիկն է այն չափանիշը, որ չի յաւակնիր իրմէ դուրս այլ նպատակի, զոր կը նուաճէ արուեստագէտի եւ ընթերցողի կողմէ: Ստեղծագործութիւնը իսկական արժէք կը դառնայ՝ առանց ընկերական-համակրական գովերգութեան: Այսպիսի՛նն էր Միսթրալ չիլիցի բանաստեղծ-հասարակական գործիչը իր ողջ կեանքի ընթացքին թէ՛ որպէս ուսուցիչ, թէ՛ տնօրէն, թէ՛ մանկավարժ եւ թէ բանաստեղծ:
Արդարեւ, Միսթրալի բանաստեղծութիւնները բանաստեղծութիւն ըլալլէն անկախ, մեզ կ՚առաջնորդեն դէպի մեր ներաշխարհը եւ հոգիի յոյզերը: Անոնցմո՛վ է, որ անհատը կրնայ անմիջականէն վեր բարձրանալ, բացարձակի ըմբռնումն ունենալ եւ նոր իմաստներ որոնել: Ազատ գրողն ու արուեստագէտը թաքուն իմաստներու այն խուզարկուն է, որ ընդունելի եւ անընդունելի սահմաններէն դուրս կ՚որոնէ արժէքներու նոր ըմբռնում եւ կատարելագործում։ Այս մտքի բանալին է, որ Միսթրալ իր ընթերցողներուն կը հաղորդէ՝ «Արուեստը արուեստի համար», որ կը նշանակէ անմիջականի մէջ չբանտարկուիլ եւ չմեկուսանալ:
Հասակ առնելով քրիստոնէական խոնարհ ընտանիքէ մը ներս եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետեւորդ ըլլալով՝ Միսթրալ կեանքի հանդէպ երբեք վրէժխնդիր չգտնուեցաւ։ Ընդհակառակը, իր մորթին վրայ զգալով անարդար կեանքի նսեմացումները, ստորնացումներն ու անարգանքը, փորձեց իր ողջ կեանքի ընթացքին պաշտպանել անապահովները, երախաները, կիներու եւ աղքատներու իրաւունքները, քաջալերել ժողովրդավարութիւնը, կարեւորել ազատութիւնը, ընդգծել խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը ընկերային, քաղաքական եւ գաղափարախօսական հարթակներու վրայ։
Աշխարհի, կեանքի, հաւատքի եւ մարդ էակի խորասոյզ փիլիսոփայութեան, անսպառ բարութեան եւ ազնուութեան զեղուն յոյզերով տոգորուած ու մտահոգ բանաստեղծն է Միսթրալը, իր ժամանակաշրջանի մարդոց տարերքն ու ներաշխարհը իմաստասիրող, քննադատաբար ու ճշմարտութեան պաշտամունքով վերծանող, նաեւ ոգեղէն ուժով ջերմացնելու եւ մաքրելու յոյզերու անձնատուր երգիչն է Միսթրալը: Ան ո՛չ միայն խորասուզուեցաւ ու պեղեց մարդկային կեցութեան նոր ժամանակներու ընդերքին մէջ զարգացող խմորումները, այլեւ կեանքի կոչեց իր մտորումները՝ յուզական պոռթկումով, մարտունակ ու կրքոտ զեղումներով: Ստեղծեց խոհական գրականութիւն, որ ընթերցողին դիմաց բացաւ սիրով տառապող մարդու ուրոյն ներաշխարհը՝ յագեցած իւրայատուկ զգացումներու եւ խոհերու գեղարուեստական վերծանումով:
Միսթրալի բանաստեղծութիւնները լեզուական առանձնայատկութեան եւ գրելաոճի առումով կառուցուած են հարուստ բառապաշարով եւ կանոնաւոր յանգերով, խրթին դարձուածքներով եւ անսովոր արտայայտչաձեւերով՝ մտքի եւ թեմայի փոխկապակցուածութիւնը ընթերցողի երեւակայութեան թողելով։ Անոնց խոհափիլիսոփայական վերլուծութիւնը իւրաքանչիւր ընթերցող իւրովի կ՚ընկալէ եւ կը մեկնաբանէ։ Անոր շօշափած թեմաները մարդկային կենսընթացին կարեւորուած այն գործօններն են, որոնց շուրջ իւրաքանչիւր ընթերցող իր սեփական մտորումներն ու համոզումները անպայմանօրէն կ՚ունենայ, որոնք երբեմն կը համընկնին բանաստեղծի արտայայտած գաղափարներուն եւ մօտեցումներուն հետ։ Շուէտացի յայտնի գրող Աչեխալմար Կուլպերք խօսելով Գաբրիէլա Միսթրալի մասին՝ կը վկայէ. «Մեծ է Միսթրալի դերը լատին-ամերիկեան գրականութեան մէջ: Անձնաւորութիւն մը, որ դարձած է 20-րդ դարու ողորմութեան ու մայրութեան մեծ երգիչը»:
Գաբրիէլա Միսթրալի աշխատանքները կը պատկանին մոտեռնիստական ժամանակաշրջանին։ Այդ պատճառով ան յաճախ կը պնդէր եւ կոչ կ՚ընէր, որ «արձակ գործերը բանաստեղծութիւններով պէտք է փոխարինուին»:
Միսթրալը նաեւ յայտնի էր իր ֆեմինիսթական գաղափարներով։ Ըստ Միսթրալի, ֆեմինիզմի գաղափարախօսութիւնը կը փորձէր սեռերու միջեւ հաւասարութիւն ստեղծել՝ ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական դաշտերուն մէջ, կը պայքարէր վերացնելու համար կիներու շահագործումը, տղամարդոց բացարձակ իշխանութիւնը, կնոջ լուսանցքային դերը վերապահող կարծրատիպերն ու, վերջապէս, ստեղծելու այնպիսի միջավայր, ուր կին արարածը կը կարողանայ վայելել հաւասարութիւն, ազատութիւն եւ արդարութիւն՝ ներգրաւուելով թէ՛ քաղաքական, թէ՛ հասարակական տարբեր ոլորտներու մէջ: Այդ իսկ պատճառով Միսթրալ առիթով մը գրած էր՝ ըսելով. «Ո՛վ կանայք, դուք ձեզ դաստիարակեցէք։ Տղամարդիկը ձեզմէ ոչ մէկ բանով աւելի են»: Իսկ միսթրալագէտ Բետրօ Բապլօ Զեխերսը Միսթրալի մասին ըսած է. «Գաբրիէլա Միսթրալ յաճախ կ՚անդրադառնար կնոջ ներկայութեան եւ անոր ճանաչման՝ որպէս զարգացող ժամանակակից հասարակութեան կարեւոր մաս ըլլալու թեմային։ Ֆեմինիսթը, ըստ Միսթրալի, կը դիտարկուի երկու տեսանկիւններէ, առաջինը այն կնոջ կերպարն է, զոր կը շահագործուի արական սեռի ներկայացուցիչներու կողմէ, իսկ երկրորդը՝ զուրկ է մարդկային ֆիզիքական ներուժէ։ Միսթրալ այս երկու հայեցակէտերուն կ՚անդրադառնար՝ զանոնք տարբեր նրբերանգներով ներկայացնելով իր ստեղծագործութեանց մէջ»։
Մեծն բանաստեղծի գրական ուղին կարելի է երեք փուլերու բաժնել.
Ա) Առաջին փուլին մէջ Միսթրալ ընթերցողին հետ կը կիսուի իր հոգեկան մղձաւանջներն ու տանջանքները, իր սեփական աչքերով տեսած պատանիներու ողբերգութիւնը եւ իր սիրեցեալի՝ Ռոմելիօ Ուլետայի ինքնասպանութեան դէպքի անդարմանելի ցաւը: Այդ ժամանակաշրջանին, երբ ան որպէս ուսուցիչ կ՚աշխատէր, դպրոցականները խրախուսելու համար բազմաթիւ արձակ բանաստեղծութիւններ ձօնած ու գրած է՝ անոնց բարոյական խրատներ տալու նպատակով:
Բ) Լոս Անտրէսի մէջ աշխատելէ ետք, Գաբրիէլա Միսթրալ ոգեշնչուելով լեռնային բնապատկերի գեղեցկութենէն, կը սկսի իր գրական երկրորդ շրջանին: Անոր բանաստեղծութիւններուն մէջ աստիճանաբար դաժան մանկութիւնը մոռացութեան կը մատնուի, արիւնալի նկարագրութիւնները կը կրճատուին, իսկ երիտասարդութեան ողբերգութիւնն ու նեղութիւնը աւելի բացասական ձեւով կը նկարագրուին:
Գ) Երրորդ փուլը կը սկսի գրականութեան ոլորտէ ներս Նոպէլեան մրցանակի ձեռքբերմամբ։ Բանաստեղծը իր յաջողութեան գագաթնակէտին կը հասնի՝ համամարդկային խնդիրներն ու աչառութիւնները բարձրաձայնելով ազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:
1945 թուականին Գաբրիէլա Միսթրալ Նոպէլեան մրցանակ կը ստանայ գրականութեան ոլորտէն ներս իր քնարական բանաստեղծութեանց համար։ Այս մրցանակը առիթ կը հանդիսանայ, որ անոր անունը ամբողջ լատին-ամերիկեան աշխարհին մէջ դառնայ որպէս ոգեշնչման իտէալիստական խորհրդանիշ:
Միսթրալ կը տարբերուի իր ժամանակակից բանաստեղծներէն իր «բռնկող» ոճով՝ խօսուն մտքեր, խոր փիլիսոփայութիւն, եթերայնութիւն: Երբեք չէ ձգտած ակադեմիկոսներու ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրել, ընդհակառակը, փորձած է ընթերցողներուն յուզական զգացումներ փոխանցել՝ իր զգացումներն ու ապրումները կիսելով անոնց հետ: 20-րդ դարու սկզբի կանացի ու մայրական զգայունութիւնն է ան՝ քնքշութիւնը, գորովը, գութը եւ ճաշակը: Գաբրիէլա Միսթրալի շնորհիւ լատին-ամերիկեան գրականութեան ամենասխրալի շնորհքները, կանացի զգայունութեան ամենասրտայոյզ խռովքները, անտեսուածներու եւ անկարներու հոգւոյն խորունկ սարսուռները իրարու կը միանան:
Միսթրալի իւրաքանչիւր գործը առանձնայատուկ է իր բովանդակութեամբ եւ խորաթափանցութեամբ: Անոր առաջին ժողովածուն՝ «Յուսահատութիւն»ը բաղկացած է քանի մը բաժիններէ, որոնք իրենց մէջ կը ներառնեն «Կեանք», «Դպրոց», «Բնութիւն» եւ այլ բաժիններ: «Վիշտ» բաժինը, որ իր մէջ սիրոյ մասին բանաստեղծութիւններ կ՚ընդգրկէ, ամենագունեղն է ու ամենաշատ ընթերցուողը: Իր բանաստեղծութեանց մէջ, ինչպիսիք են օրինակ՝ «Զմայլանք»ը եւ «Մտերմութիւն»ը, Միսթրալ սիրոյ մասին կ՚արտայայտուի զգացումներու անկեղծութեամբ, տառապանքի խորութեամբ եւ բուռն կրքով, երբ սիրով տոգորուած էր իր սիրեցեալի կողմէ: Սակայն իր իսկ սիրեցեալի ինքնասպանութիւնը սիրոյ մասին իր պատկերացումները ամբողջովին փոխեց, որովհետեւ անոր ինքնասպանութիւնը բանաստեղծը ընդունեց որպէս դաւաճանութիւն եւ այդ օրուընէ սկսեալ իր բանաստեղծութեան տողերը լեցուեցան դառնութեան, միայնութեան, լքուածութեան եւ յուսահատութեան զգացումներով:
Բանաստեղծի յաջորդ գիրքը «Քնքշութիւն»ն է՝ մանկական եւ օրօրոցային երգերու ժողովածուն: Գաբրիէլա այս բանաստեղծութիւններու միջոցաւ տղամարդու եւ կնոջ միջեւ ներդաշնակութիւն ստեղծելու փոխարէն՝ կը ջանայ նման հոգեւոր ներդաշնակութիւն ստեղծել մօր եւ մանուկի միջեւ: «Քնքշութիւն» ժողովածուի մէջ եղած օրօրոցային երգերը տարբեր երեւոյթներու միջեւ համեմատութիւններ են։ Օրինակ՝ ինչպէս ծովը իր ալիքները կ՚օրօրէ, գիշերային քամին՝ ցորենը, Հայր Աստուածը՝ Իր հազարաւոր երկիրները, իսկ մայրը՝ իր մանուկը։
Միսթրալի վերջին երկու գիրքերը՝ «Անտառի Տաշեղ»ը եւ «Գինետուն»ը դժուարամատչելի են եւ աւելի քիչ յայտնի են, քան՝ «Յուսահատութիւն» եւ «Քնքշութիւն» բանաստեղծական ժողովածուները: Իր այս երկու գիրքերուն մէջ Միսթրալ իր քնարական ձայնը կը տարածէ՝ տրամայի վերածելով կիներու եւ լքեալներու կեանքը։ Թէկուզ Միսթրալ տխուր բանաստեղծութիւններով իր ընթերցողին ներկայացած է, բայց եւ այնպէս կարողացած է ձայն տալ ողջ աշխարհի միլիոնաւոր մարդոց, որոնք լռութեան ու միայնակութեան մէջ կը տառապէին։
Նոպէլեան մրցանակակիրի բանաստեղծութիւնները, ի տարբերութիւն իր ժամանակակից այլ բանաստեղծներու ստեղծագործութեանց, զգացական եւ յուզական բնոյթ ունին: Իր բանաստեղծութեանց մէջ օգտագործած է փոխաբերութիւններ, խորհրդանիշներ եւ այլ աւանդական բանաստեղծական արտայայտչամիջոցներ: Սէր ու նախանձ, յոյս ու վախ, հաճոյք ու ցաւ, կեանք ու մահ, երազ ու ճշմարտութիւն, իտէալ ու իրականութիւն, էութիւն ու ոգի…։ Հակադրութիւններ, որոնք միշտ մրցակցած են իր կեանքի ընթացքին եւ արտացոլուած իր բանաստեղծութեանց մէջ։
Գաբրիելա Միսթրալի բանաստեղծութիւնը ժամանակի մէջ կը պատկերագծուի գեղարուեստական մտածողութեամբ ու թեմաթիկ ամբողջութեամբ, ուր շերտ առ շերտ հիւսուած ու դասուած են անոր բանաստեղծական խոհերը կառուցակազմող համամարդկային, ազգային եւ ներանձնական նստուածքները: Ֆիկերա Կասթըն Միսթրալի գրչին մասին իր կարծիքը կը յայտնէ՝ ըսելով. «Գաբրիէլա Միսթրալի բանաստեղծական ինքնութիւնը առերեւոյթ պարզութեան մէջ բաւականին բարդ է եւ ան իսկապէս 20-րդ դարու երկրորդ կէսի նորագոյն բանաստեղծութեան առանցքային դէմքերէն է՝ իր տեսակով ու անհատականութեամբ: Այդ խոհերը կը հիւսուին ներյատուկ արտաքին պարզ-շիտակութեան մթնոլորտի մէջ՝ ցոլացնելով իր բանաստեղծութեան ներքին լոյսն ու խռովքը, պարզօրէն հանճարեղ, իմաստուն երակը»: Ահա թէ ինչո՛ւ Միսթրալի ստեղծագործութիւնները թէ՛ ընթերցողներու եւ թէ գրականագէտներու համար առայսօր մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն եւ երբեք չեն կորսնցներ իրենց արդիականութիւնն ու իմաստը։
Աւելի լաւ ճանչնալու եւ հասկնալու համար Միսթրալ գրող-բանաստեղծը, փորձենք ներկայացնել անոր յայտնի բանաստեղծութիւններէն քանի մը պատառիկներ։
Ան կը խօսի իր վայրագ ծովի ձեւով,
Անյայտ մեղուով եւ անյայտ աւազով:
Անձեւ եւ անքաշ Աստուծոյ կ՚աղօթէ
Ինչպէս տարեց մը, կարծես թէ պիտի մեռնի:
Մեր այգին հիմա այնքան տարօրինակ է՝
Որ ան կակտուս եւ օտար խոտ տնկած է,
Անապատի զեփիւռը այդ շնչով իր հոգին լեցուցած է,
Եւ սիրած է կատաղի՝ սպիտակ կիրքով,
Որուն մասին երբեք չէ խօսած, որովհետեւ եթէ խօսէր,
Այդ կ՚ըլլար անյայտ աստղերուն հետ առերեսման նման բան:
Մեր մէջ ան ապրեցաւ մօտաւորապէս ութսուն տարի,
Բայց միշտ որպէս նորեկ՝
Խօսելով բոյսերու եւ դժգոհութեան լեզուով,
Որ միայն փոքրիկ արարածները հասկցան:
Ան պիտի մեռնի այստեղ՝ մեր մէջ
Ամենամեծ տառապանքի գիշեր մը:
Իր ճակատագրի բարձին թիկնելով՝
Պիտի մեռնի լռութեան եւ օտարութեան մէջ:
(Սպաներէնէ հայերէն թարգմանութիւնը՝
Լիանա Գրիգորեանի)
Միսթրալի մտորումները, գտնուելով իրականի եւ երեւակայականի հակասական բախումներու յորձանուտին մէջ, շատերու համար նկատուած են որպէս անըմբռնելի եւ վերացական գաղափարներ։ Միսթրալ վերոյիշեալ «Անծանօթը» բանաստեղծութեան մէջ կը խօսի ոմն անծանօթի մասին, որ երկար տարիներ ապրելով մարդոց մէջ, կը մնայ անհասկնալի, խորթ, օտար եւ չբացայայտուած: Այգիին մէջ իր իսկ ձեռքերով տնկած կակտուսը կը խորհրդանշէ հոգեբանական ինքնապաշտպանութիւն, իսկ օտար բոյսը՝ մարդկութենէն օտարացում: Անծանօթի յենարանը այս կեանքին մէջ երկու բան են՝ հաւատքն առ Աստուած եւ անմրմունջ աղօթքները, զորս իր գոյութենական կեանքին մէջ մնացին իր կեանքի գլխաւորագոյն առհաւատչեան եւ մխիթարութեան միակ միջոցները։
Չնայած երկար տարիներու իր կեանքին՝ անծանօթը կը ստեղծագործէ, կ՚արարէ, կը սիրէ. «բոյսերու եւ դժգոհութեան լեզուով կը խօսի», սակայն եւ այնպէս չ՚ընդունուիր մարդոց կողմէ եւ իր շրջապատին մէջ կը մնայ որպէս նորեկ անձնաւորութիւն մը: Անծանօթը բոլոր մահկանացուներու նման իր մահուան դաշինքը կը կնքէ լռութեան եւ օտարութեան մէջ՝ «ճակատագրի բարձին թիկնելով»:
Անծանօթի կերպարին մէջ քօղարկուած է Միսթրալի ներաշխարհը՝ իր ամբողջ յագեցուածութեամբ եւ կեանքի նկատմամբ իր դիրքորոշումներով, մղումներով, որոնցմէ շատերը «անմարմին» մնացին եւ չիրականացան։
Աղօթէ՛, աղօթէ, աղօթքը քաղցր է:
Բայց տկար է լեզուն՝ կը բացագանչես «Հայր մեր»,
Բայց չես փախչիր յաւերժական գիշերէն:
Ողորմած մահը մի՛ կանչեր,
Նոյնիսկ ներուիս, միեւնոյնն է կտոր մը կը մնայ,
Կը զգաս թէ ինչպէս քարը կը սեղմէ
Քու մոխիրիդ վրայ եւ այն որդերուն,
Որոնք կ՚ապրին եւ կուշտ չեն,
Չնայած որ մահովդ կը սնուին:
(Սպաներէնէ հայերէն թարգմանութիւնը՝
Լիանա Գրիգորեանի)
Այս պարզ բայց խորիմաստ «Դառնութեան կաթիլ» խորագրեալ բանաստեղծութեան մէջ Միսթրալ կը փորձէ մարդկային կեանքի դառնութիւնը համեմել աղօթքի քաղցրութեամբ: Աղօթքի ամենակարող ուժը կը թեթեւացնէ մարդու հոգին, բայց չ՚ազատեր զինք «յաւերժական գիշերէն»՝ մահէն: Ըստ Միսթրալի՝ քաոսացած աշխարհին մէջ մարդիկ հոգեբաւ աղօթքի կարիքը ունին: Ժամանակաւոր տագնապները, հոգեկան նաւաբեկումները, յուսահատութիւններն ու կամալքութիւնները, երբեմն բարեկեցութեան, փարթամութեան, ճոխութեան, նոյնիսկ շռայլութեան ընձեռած պայմանները կ՚իմաստազրկեն մարդուս կեանքը՝ առաջնորդելով զինք դէպի ինքնամոռացութիւն ու նիւթապաշտութիւն: Իսկ աղօթքը այն միակ միջոցն է, որուն օգնութեամբ մարդ արարածը իր Արարիչին հետ ուղղակի եւ յարատեւ յարաբերութեան մէջ կը մտնէ՝ երկրայինը դարձնելով երկնայինին հաղորդակից, իսկ մարմնեղէնը՝ հոգեղէնին ներդաշնակելով։ Միսթրալ իր բանաստեղծութեամբ կոչ կ՚ընէ մէկ կողմ դնել երկրային հաճոյքները եւ աղօթել ինքնամաքրման համար: Անոր խոստովանական բանաստեղծութիւնները իրենց բնոյթով փոքրիկ աղօթքներ են՝ ապաշխարութեան եւ զղջումի պատառիկներ: Իր իսկ խօսքով՝ մահը բոլորին համար է, բայց ապաշխարելէ ետք, մահը փրկութեան դուռ եւ նոր կեանքի սկիզբ է։
Մեր փոքրիկ ու համեստ ուսումնասիրութիւնը ամփոփելով կրնանք ըսել, թէ Միսթրալ իր բանաստեղծութեանց մէջ փորձած է իր իսկ կեանքի դառնակսկիծ ցաւը կիսել՝ ցոյց տալով հաւատքի ուժը եւ ներարկելով զայն իր ընթերցողներու սրտի եւ գիտակցութեան մէջ։ Մահը շատերու համար ամենամեծ չարիքն է. մարդկային խղճուկ կեանքի անյոյս ու անլոյս վերջակէտը: Դարեր շարունակ մահուան եւ գերեզմանի վախը ճնշած ու տանջած է մարդկային գիտակցութիւնը, կսկիծ պատճառած է մարդու սրտին։ Իսկ Միսթրալի մօտ կը տեսնենք, որ ան իր հոգւոյն մէջ փայփայած է անմահութեան գաղափարը, յաւերժութեան ձգտումը եւ զանոնք հաղորդակից դարձուցած է նաեւ իր ընթերցողներուն։
Միսթրալի երգած սէրը առանց ցաւի չեղաւ, տառապանքի մէջ խորացած ու արմատաւորուած իր բանաստեղծութիւններով փորձեց կիսել իր անդարմանելի հոգւոյն վէրքերը։ Աղքատութենէն սկսելով եւ հասնելով մինչեւ բարձրագոյն պաշտօններ, միշտ անկեղծութեան եւ իրաւունքի պատգամաբերը դարձաւ, որ դրսեւորեց իր բերած պատգամին անմնացորդ նուիրուելու մտաւորականի յանձնառութիւնն ու ազգային-հասարակական գործիչի հետեւողականութիւնը։ Իսկ իր պատգամաշեշտ մտածումներով ու գաղափարներով մոտեռնիզմի զարգացման նպաստողներէն մէկը հանդիսացաւ սպանալեզու գրականութեան մէջ, մեծ դեր ունեցաւ նորահաս սերունդի գրական-գեղարուեստական ճաշակի եւ մտաւորական-իմաստասիրական հայեացքներու մշակման ու զարգացման գործընթացին մէջ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ