ՊԱԽԱՐԱԿԵԼԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Շիշլիի քաղաքապետարանը վերջին երկու օրերուն կ՚ապրի ձախող մահափորձի մը ցնցումը։ Այսպէս, նախընթաց երեկոյեան զինեալ յարձակումի մը ենթարկուեցաւ քաղաքապետարանի ենթակայ վերահսկիչ ուժերու (զապըթա) տնօրէն Աթիլլա Տիլէքճի։ Այս վերջինը Իւմրանիէի իր բնակարանին առջեւ ենթարկուած է այս յարձակման եւ բարեբախտաբար փրկուած՝ վիրաւորեալ վիճակով։ Ան անմիջապէս դարմանման տակ առնուած է հիւանդանոցի մէջ։ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ անմիջապէս փութացած է իր այցելութեան, թէ՛ յայտնած է իր բարոյական զօրակցութիւնը եւ թէ տեղւոյն վրայ տեղեկութիւններ քաղած՝ անոր դարմանման ընթացքին կապակցութեամբ։
Միւս կողմէ, Հայրի Ինէօնիւ քաղաքապետարանին առջեւ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ այս դէպքին կապակցութեամբ։ Քաղաքապետութեան զանազան աստիճանի պատասխանատուներու հոծ բազմութեան կողմէ շրջապատուած՝ ան բուռն բողոք յայտնեց այս դէպքին դէմ։ Ինէօնիւ համոզուած է, որ սոյն արարքը ուղղուած չէ միայն Շիշլիի քաղաքապետութեան, այլ յարձակումը գործուած է նաեւ հասարակական համերաշխութեան վրայ։