ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ «ՆԱՏԻԱ-ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ» ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ՎԿԱՅԱԿԱՆ ՍՏԱՑԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՒԱՔՈՅԹՈՎ ՄԸ
Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս երէկ ապրուեցաւ ոգեւոր օր մը։ Այսպէս, «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցին մէջ 2017 թուականի ամրան շրջանի գեղարուեստական ծրագրերու մասնակիցներուն հանդիսաւոր արարողութիւնով մը յանձնուեցան վկայականներ։ Վերջին շուրջ մէկ ամսուան տեւողութեան ընթացքի մէջ էին ամրան աշխատանոցները։ Ամառնամուտի շրջանին 49 պատանիներու մասնակցութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը։ Տղաքը աշխատեցան զանազան ճիւղերու մէջ. յախճապակիի մշակումէ եւ մարմնամարզէ սկսեալ մինչեւ անգլերէն ու գեղարուեստի զանազան բնագաւառներու մէջ։
Երէկուան վկայականներու յանձնման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Գարակէօզեան Տան խնամակալութենէն երկու դէմքեր՝ հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան եւ Մուրատ Ճաւաք։ Ներկայ էին նաեւ Գարակէօզեանի ընտանիքի յարակից կառոյցներէն ներկայացուցիչներ։
Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Առլին Շահպազ Շերեմէթ, որ աշխատանոցէն ներս կազմակերպուած ծրագրի պատասխանատուն է։ Աւելի վերջ աշակերտները հանդէս եկան մարմնամարզի ելոյթներով ու զանազան պարերով։
Հանդիսութեան աւարտին անոնք ստացան իրենց վկայականները։ Այս փուլին մեծ երջանկութիւն ապրեցան նաեւ տղոց ծնողները, որոնք նոյնպէս մասնակցեցան հաւաքոյթին։ Հուսկ, դասընթացքներու մասնակիցներուն համար պատրաստուած կարկանդակը հատուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Բոլորը զիրար շնորհաւորեցին՝ միասնաբար ծաւալուած արդիւնաւէտ եւ ստեղծագործ աշխատանքին համար եւ ամրան բարի շարունակութեան մաղթանքով հրաժեշտ առին աշխատանոցէն։