ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԿԱՄԱՒՈՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերու կամաւորական ծրագրերու մասնակիցները։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան մօտ էին Արեւելեան Թեմի երիտասարդաց միութեան «Ծառայութիւն Հայաստանին» եւ Արեւմտեան Թեմի երիտասարդաց միութեան «Առաքելութիւն դէպի Հայաստան» կամաւորական ծրագրերու մասնակիցները՝ ուղեկցութեամբ Տ. Թադէոս Քհնյ. Բարսեղեանի եւ Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեանի։

Հանդիպման սկիզբին քահանայ հայրերը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին խումբերու՝ Հայաստան այցելութեան նպատակը եւ կամաւորական ծառայութեան ոլորտները։ Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու պատգամը։ Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց երիտասարդ հայորդիներու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութեան առթիւ՝ գոհունակութեամբ հաստատելով, որ Սփիւռքի թեմերուն կողմէ յաճախ դէպի Հայաստան կազմակերպուած այցելութիւնները անջնջելի հետք մը կը թողուն երիտասարդներու կեանքին վրայ՝ առիթ ընձեռելով անոնց զօրանալու իրենց ինքնութեամբ, ճանչնալու եւ հաղորդ դառնալու ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդներուն պատգամեց հպարտութեամբ կրել հայու անունը, հպարտութեան զգացումով վկայել այն արժէքներուն մասին, որոնք դարերու ընթացքին կերտուած են հայ ժողովուրդին կողմէ եւ իրենց ինքնութեան բարձր գիտակցութեամբ իրագործել սեփական առաքելութիւնը ազգային կեանքէ ներս։

Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց երիտասարդներուն կողմէ զանազան հաստատութիւններէ ներս իրականացուած կամաւորական աշխատանքը՝ կարեւորելով այդ մէկը նախ իրենց քրիստոնէական նկարագրի ձեւաւորման տեսակէտէ։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց նաեւ անոնց ծառայանուիրումի եւ պատրաստակամութեան ոգին՝ յորդորելով, հաւատարիմ մնալ տէրունաւանդ պատուիրաններուն, կեանքի ընթացքին մշտապէս իրենց կարողութիւններն ու հմտութիւնները ի սպաս դնել մարդասիրական ու բարեսիրական կամաւորական ծրագրերու համար։ Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձ կատարեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ 20-րդ դարու պատմութեան։ Ան ընդգծեց խորհրդային իշխանութեան տարիներուն Հայ Եկեղեցւոյ կրած կորուստներն ու յաղթահարած դժուարութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց նաեւ Հայաստանի անկախացումէն յետոյ եկեղեցւոյ կողմէ ծաւալուած լայնածաւալ գործունէութիւնը եւ իրականացուած ազգօգուտ ծրագրերը։

Հանդիպման տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան, Սփիւռքի երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի շուրջ համախմբելու ուղիներուն, ինչպէս նաեւ կանանց կողմէ եկեղեցական կեանքին բերուած մասնակցութեան։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը հայորդիներուն մաղթեց ըլլալ ազգի արժանի զաւակներ եւ կարենալ իրենց ազգանուէր ծառայութեամբ օգտակարութիւն բերել իրենց համայնքներուն ու հայրենիքին։

Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը ստանալէ վերջ երիտասարդները Մայր Տաճարի մէջ մասնակցեցան նաեւ Սուրբ Պատարագի։

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2017