ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՌ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՏԱԿ

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ Մեծ պա­հոց Մի­ջին­քին առ­թիւ դէ­պի գա­ւա­ռի մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցուած ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Դրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Զա­քէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օ­հա­նեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս ու­ղե­ւո­րու­թե­նէն շատ վառ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով վե­րա­դար­ձած են սա­մա­թիա­ցի­նե­րը։ Մեծ պա­հոց խո­րա­խոր­հուրդ օ­րե­րուն զու­գա­դի­պած այս շրջա­գա­յու­թիւ­նը իս­կա­պէս հո­գե­ւոր մեծ գո­հա­ցում պատ­ճա­ռած է Սա­հա­կեա­նի ըն­տա­նի­քին։ Գա­ւա­ռի մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ կա­տա­րուած եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ուխ­տագնա­ցու­թեան օ­րե­րուն ըն­թաց­քին ստեղ­ծուած աննկա­րագ­րե­լի մթնո­լոր­տը եւ մեր տոհ­միկ ար­ժէք­նե­րուն տեղ­ւոյն վրայ հա­ղորդ դառ­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը. այս բո­լո­րին հա­մադ­րու­թիւ­նը սա­հա­կեան­ցի­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ար­դէն ա­նանց յու­շե­րու աղ­բիւր մը դար­ձած է։ Հե­տե­ւա­բար Մեծ պա­հոց Մի­ջին­քի ուխ­տագ­նա­ցու­թե­նէն վե­րա­դար­ձին Սա­հա­կեան երգ­չա­խում­բի ըն­տա­նի­քը ար­դէն ար­տա­սո­վոր տրա­մադ­րու­թիւ­նով կը սպա­սէ նաեւ դի­մա­ւո­րել Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։

Շաբաթ, Մարտ 21, 2015