ՏՈՑ. ԱԼՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԱՅՑ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ հիւրընկալեց Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճանը։ Սագըզաղաճի արքեպիսկոպոսարանի յարկէն ներս տեղի ունեցած զրոյցը անցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Թորոս Ալճան ներկայացուցիչի պաշտօնին կոչուելու զուգահեռ քաղաքավարական այցելութիւններ տուած էր փոքրամասնութեան հոգեւոր կեդրոնները։ Այս ամբողջին մէջ Հայ Կաթողիկէից արքեպիսկոպոսարանը մնացած էր պակաս, որովհետեւ Զէքիեան Գերապայծառի եւ Թորոս Ալճանի ծրագիրները չէին համընկնած։ Երէկ, ի վերջոյ այս քաղաքավարական այցելութիւնն ալ տեղի ունեցաւ։ Անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ Զէքիեան Գերապայծառ Թորոս Ալճանին փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքները։ Գերապայծառը անցեալի վերաբերեալ վարչական խնդիրներու շուրջ ըրաւ հետաքրքրական խորհրդածութիւններ, մանաւանդ, որ այդ հարցերէն ոմանց ազդեցութիւնը տակաւին այժմէական է։ Զէքիեան եւ Ալճան կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նաեւ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց հասարակաց օրակարգին վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024