ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՔԷՐՄԷՍԻՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը Ս. Զատ­կի տօ­նի սե­մին յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի կազ­մա­կեր­պէ քէր­մէս մը։ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի Ծնո­ղաց միու­թիւնն ու Սա­նուց միու­թիւ­նը միաս­նա­բար կը նա­խա­ձեռ­նեն այս ծրագ­րին՝ վա­յե­լե­լով օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը քէր­մէ­սի յանձ­նա­խում­բին։ 

Այս ա­ռա­ւօտ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեանն ու Թա­նիա Պալ­ճըն, ո­րոնք մե­զի ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն նա­խա­տե­սուած քէր­մէ­սին մա­սին։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2015