ԵՈՒՍՈՒՖ ՔԱՐՇ. ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԴԷՄՔԵՐ ՇՆՉԱՒՈՐԱԾ ՄԵԾԱՐՈՒԵՍՏ ՀԱՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉԸ
Յուլիս 13-ին կը լրանայ մահուան 15-րդ տարելիցը աշխարհահռչակ հայ արուեստագէտ լուսանկարիչի մը, որ կեանքն ու մարդիկը խորապէ՛ս դիտելու, մանաւանդ՝ մեծ ու անզուգական անհատականութեանց նկարագրին եւ յուզաշխարհին խորագոյն ճշմարտութեան պահերը որսալու եւ այդ ամէնը, մեքենական իր ոսպնեակով, իբրեւ գեղարուեստական բարձրորակ ստեղծագործութիւններ, յաւերժութեան յանձնելու արտակարգ տաղանդը ունէր։
Լուսանկարչական արուեստը այդ աստիճան կատարելութեան հասցուցած մեծ տաղանդն է Յովսէփ Քարշ, որ աշխարհին ներկայացաւ Եուսուֆ Քարշ (Յովսէփ Քարշ, 1908-2002) անունով՝ կարծէք յուշելու համար բոլորին, թէ ինչպիսի՛ հասուն, ոսկեայ հասկեր եւ խոստմնալից՝ նորաբողբոջ ծիլեր ոտնակոխեցին, փճացուցին ու խամրեցուցին իրենց ազգայնամոլութեամբ(…)։
14 տարեկան պատանի էր Քարշ 1922-ին, երբ քեմալականներու եւ ֆրանսացիներու մեղսակցութեամբ, Կիլիկիոյ հայութիւնը երկրորդ անգամ ու վերջնականապէս դատապարտուեցաւ իր հայրենի հողերէն տեղահան ըլլալու դաժան ճակատագրին։ Հետագային, անդրադառնալով այդ աղէտին, իր յուշերուն մէջ Քարշ գրեց. «Ես տեսայ, թէ ինչպէ՛ս կոտորեցին հարազատներս: Քոյրս սովամահ եղաւ գիւղէ գիւղ տարագրուելով»:
Բայց տաղանդաւոր պատանին վերապրեցաւ, որպէսզի ողջ աշխարհին վկայէ հայ ժողովուրդի հանճարին՝ ստեղծագործական ու մարդասիրական հոգեմտաւոր մեծ ժառանգութեան մասին։
Եւ Եուսուֆ Քարշ անմահացաւ իբրեւ լուսանկարչական արուեստի դիմանկարներ կերտող մեծ վարպետը։ Քսաներորդ դարը իրենց անձով ու գործով շնչաւորած եւ յաւերժ խորհրդանշող մեծանուն անմահներէն շատեր, սերունդներու յիշողութեան մէջ, կը պատկերանան յատկապէս Քարշի լուսանկարներով։ Անոնց նկարագրի տիրական գիծերը եւ էութեան խորագոյն ճշմարտութիւնները ոչ ոք կրցաւ լուսանկարել այնքան հարազատօրէն եւ այնքան պերճախօս արտայայտութեամբ, որքան հայ վարպետը՝ Եուսուֆ Քարշ ինք, որ իր այդ տաղանդին համար ալ աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ իբրեւ դիմապատկերի լուսանկարչութեան անկրկնելի վարպետը։
Դիտեցէք իր լուսանկարները, ոչ միայն գլուխգործոցը՝ Ուինսթըն Չրչիլը, այլեւ՝ Էրնեսթ Հեմինկուէյն ու Համֆրի Պոկարթը, Ալպերթ Այնշթայնն ու Պեռնար Շոն… Եւ ինչպէս շատերը մեզմէ առաջ, նոյնպէս եւ բոլորս՝ մեր կարգին պիտի խոստովանինք, որ տարբեր դէմքի արտայայտութեամբ չենք կրնար պատկերացնել այդ անմահները։ Չենք կրնար ըսել, թէ այդ լուսանկարները կը նմանին Չըրչիլի կամ Այնշթայնի, Հեմինկուէյի կամ Պեռնարտ Շոյի. այլ՝ հիացմունքով կը հաստատենք, որ իւրաքանչիւրը այդ մեծերէն ճանչցած ենք ճիշդ այնպէ՛ս, ինչպէս որ Քարշի լուսանկարներով անոնք կը ներկայանան դիտողին։
Այո՛, ի վերուստ՝ դիտելու եւ տեսնելու, այլեւ խորանալու եւ վերծանելու տաղանդով օժտուած էր 23 Դեկտեմբեր 1908-ին Մարտինի մէջ ծնած Յովսէփ Քարշ, որ իր կարգին, մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուն, ցմրուր ճաշակեց հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ահաւոր ու դառն բաժակը։ Կորսնցուց հարազատներ, կրեց տարագիր կարաւաններու անլուր ողբերգութիւնները եւ, մազապուրծ փրկուելով, հասաւ Սուրիա։
1924-ին, ծնողքը զինք ղրկեց Գանատա, Քեպէքի Շերպրուք քաղաքը, լուսանկարիչ հօրեղբօրը՝ Ժորժ Նագգաշի մօտ, որ ամբողջական հոգածութեան արժանացուց պատանի իր հարազատը։ Յովսէփի Քարշ լուսանկարչական բնատուր շնորհքն ու արուեստագէտի թթխմորը նկատելով՝ հօրեղբայրը 1928-ին քսանամեայ Քարշը ուղարկեց Պոսթըն, դիմապատկերի ծանօթ լուսանկարիչ Ճոն Կարոյի մօտ։ Քարշ թէ՛ աշխատեցաւ Ճոն Կարոյի աշխատանոցին մէջ եւ թէ հետեւեցաւ գեղարուեստից, յատկապէս նկարչական արուեստի ուսման։ Չորս տարի ետք վերադարձաւ Գանատա, լուսանկաչական իր սեփական արուեստանոցը բացաւ Օնթարիոյ Օթթաուա քաղաքին մէջ, որպէսզի մօտ ըլլայ կառավարական շրջանակներուն։ Գանատական հանրածանօթ դէմքերու իր լուսանկարները շատ արագ ուշադրութիւն գրաւեցին եւ Եուսուֆ Քարշ ստորագրութիւնը հռչակի տիրացաւ։
Հայ լուսանկարիչին յաջողութիւնները օգնեցին, որպէսզի Գանատայի օրուան վարչապետը՝ Մըքենզի Քինկ իր հովանաւորութեան տակ առնէ երիտասարդ արուեստագէտը եւ Գանատա այցելող օտար անուանի հիւրերը պատուէ Քարշի լուսանկարներով։ Այդ ճամբով եւ այդ առումով՝ Քարշի ճառագայթումին աստեղային պահը հանդիսացաւ 30 Դեկտեմբեր 1941-ը, երբ պաշտօնական այցով Գանատա գտնուող Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլ, Օթթաուայի մէջ, գանատական խորհրդարանին առջեւ իր ունեցած ելոյթէն ետք, ակամայ հաւանութիւն տուաւ Քարշի կողմէ լուսանկարուելու վարչապետ Քինկի խորհուրդին։
Կենսագիրները կը վկայեն, «Չըրչիլին նախապէս չէին զգուշացուցած այդ մասին եւ թէեւ առաջին հակազդեցութեամբ նման առաջարկ մը այնքան ալ սրտամօտ չէր Չըրչիլին, այսուհանդերձ՝ ան չմերժեց լուսանկարուելու հրաւէրը: Սովորութեան համաձայն, Չըրչիլը շրթներուն դրաւ իր սիկառը եւ խիստ հայեացք մը նետեց 33-ամեայ լուսանկարիչին վրայ՝ հասկցնելով, որ «պատրաստ եմ, նկարէ՛»: Քատրը յաջող չէր եւ Քարշ խնդրեց Չըրչիլէն, որ բերնէն հանէ սիկառը: Երբ Չըրչիլ մերժեց խնդրանքը, երիտասարդ լուսանկարիչը մօտեցաւ անոր եւ «Ես ներողութիւն կը խնդրեմ» ըսելով՝ Չըրչիլի բերնէն հանեց սիկառը: Չըրչիլ զայրացած դէմքով կը նայէր Քարշին, երբ լուսանկարչական սարքը չխկաց: «Դուն նոյնիսկ գազազած առիւծը կրնաս հանդարտեցնել՝ լուսանկարելու համար», հետագային ըսած է Չըրչիլ՝ Քարշին»:
Այս լուսանկարը եղաւ Քարշի հռչակին հաստատուն պատուանդանը: Արուեստի քննադատներու կարծիքով՝ Քարշ յաջողեցաւ Չըրչիլը պատկերել այնպէ՛ս, ինչպիսին ան կ՚ընկալուէր մարդոց գիտակցութեան մէջ՝ հզօր, ահազդու հերոս: Նկարին շուրջ գրուեցան բազում յօդուածներ, անիկա երկու անգամ տպուեցաւ «Life» ամսագրի կողմէ: Երկրորդ անգամ նկարը տպուեցաւ ամսագրի՝ Մայիս 21-ի (1945-ին) համարին առաջին կողքին վրայ, երբ կը նշուէր Երկրորդ Աշխարհամարտին աւարտը՝ Դաշնակիցներու յաղթանակով, որուն նուաճման մէջ կարեւոր դեր ունեցած էր Չըրչիլ:
Այդ լուսանկարին տակ, առաջին անգամ, Քարշի անունը գրուեցաւ իբրեւ «Օթթաուայի Քարշը»: Չըրչիլի նկարը ա՛յն երեք եզակի նկարներէն էր (միւս երկուքը՝ Էլիանոր Ռուզվելթի եւ Պեռնարտ Շոյի լուսանկարներն են), զորս շատ կը հաւնէր ինքը՝ հեղինակը: Հետագային, Չըրչիլի հանրայայտ նկարը վերածուեցաւ յուշային դրոշմանիշի, ուր նշուած է. «Լուսանկարիչ՝ Եուսուֆ Քարշ»:
Ահա թէ ինչպէ՛ս իր փառքի ուղին հարթեց լուսանկարչական արուեստի հայ վարպետը։ Ոչ միայն քաղաքական աշխարհի մեծամեծները, այլեւ գրական ու գիտական աշխարհի, շարժանկարի արուեստի եւ ընդհանրապէս արուեստի աշխարհի մեծանուն անմահները, բոլորն ալ, պահ մը կանգնեցան Եուսուֆ Քարշի ոսպնեակին առջեւ, որպէսզի հայ վարպետը կարենայ հետագայ սերունդներուն փոխանցել աշխարհի մեծամեծներուն նկարագրին եւ էութեան ամենէն խոր ու վաւերական արտայայտութիւնը բռնող եւ յաւերժացնող լուսանկարներ։
2000 թուականին հրատարակուած International Who՚s Who-ի ճշդած քսաներորդ դարու 100 մեծագոյն դէմքերէն 51-ը լուսանկարած է Եուսուֆ Քարշ։ Շարլ Տը Կոլ եւ Նիքիթա Խրուշչով, Սամըրսեթ Մոամ եւ Թոմաս Մանն, Ճաւահրալալ Նեհրու եւ Ֆիտել Քասթրօ, Ճոն Քենետի եւ Մարթին Լուտեր Քինկ, Փապլօ Փիքասօ եւ Ճէյմս Սթիուըրթ ու շատ-շատեր անցեալ դարու մեծութիւններէն Քարշին կը պարտին իրենց դէմքն ու նկարագիրը խորապէս արտայայտող լուսանկարները։ Իբրեւ այդպիսին, իբրեւ լոյսի եւ ստուերի իւրայատուկ ներդաշնակութեամբ գեղարուեստական բարձրորակ դիմանը-կարներ արարող լուսանկարիչ, Քարշ իր մնայուն տեղը գրաւած է աշխարհի մեծագոյն թանգարաններուն եւ արուեստի պալատներուն մէջ։
Գանատական իշխանութիւնները յաջորդաբար 1967-ին եւ 1990-ին պետական բարձրագոյն կարգի տիտղոսներու արժանացուցին հայ լուսանկարիչը, որ իր կեանքի վերին տարիները հաստատուեցաւ Պոսթըն, ուր եւ մահացաւ 13 Յուլիս 2002-ին, վիրաբուժական գործողութեան մը հետեւած բարդութեանց հետեւանքով։
Թաղուեցաւ Օթթաուայի Նոթրը Տամ գերեզմանատան մէջ։
Կ՚անցնին ժամանակները, կը փոխուին սերունդները եւ կը տժգունին յիշողութիւնները, բայց Եուսուֆ Քարշի վարպետութեամբ լուսանկարիչներու գեղարուեստական անկորնչելի գործերը կ՚օգնեն, որպէսզի գալիք սերունդները անմահներուն հետ ուղղակի հանդիպելու, դէմ դիմաց կանգնելու… անմոռանալի պահեր վայելեն՝ անոնց դիմանկարներու մտերմութեան մէջ։
Եւ շատ ու շատ անմահներ, անկասկա՛ծ, գալիք սերունդներուն կողմէ պիտի պատկերացուին լուսանկարչական արուեստի հայ մեծատաղանդ վարպետին՝ Եուսուֆ Քարշի աչքերով, մարդոց հոգիները պեղող եւ անոնց խորագոյն ճշմարտութեան պահերը լոյս աշխարհ բերող Քարշի արուեստով։
Ահա՛ իր արուեստին յաջողութեան գաղտնիքը բացատրող Քարշի խորհրդածութիւններէն շիթեր.
- «Կայ արագ անցնող պահ մը, երբ այն ամէնը, ինչ որ կայ մարդու մտքին, հոգիին եւ ոգեղինութեան մէջ, կ՚արտացոլայ անոր աչքերուն, ձեռքերուն եւ կեցուածքին մէջ։ Ահա ա՛յս է այն վայրկեանը, զոր կ՚արժէ արձանագրել»։
- «Լոնտոնի մէջ էր, որ սկսայ գործարկել մինչեւ այսօր շարունակուող «դասս սորվելու» վարժանքս՝ գտնելու համար հնարաւորինս շատ բան այն անձին մասին, զոր պիտի լուսանկարեմ»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ