Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՊԱՏԱՀԻԼ, ԵԹԷ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ «ԱՐՍԷԼ»Ի ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ
Այն ինչ, որ կը կատարուի Սուրիա-Լիբանան սահմանային հատուածին վրայ գտնուող Արսէլ աւանի լեռնային շրջաններուն մէջ, կրնայ բաւական բարդ դրութիւն մը ստեղծել Լիբանանի համար:
Հարցը անշուշտ կը վերաբերի մէկ կողմէ «Հիզպուլլահ»ին եւ լիբանանեան բանակին, իսկ միւս կողմէ՝ Սուրիոյ պատերազմին մասնակից ծայրայեղական խմբաւորումներուն միջեւ սկիզբ առնելիք ճակատամարտի մը, որուն ժամկէտը ըստ երեւոյթին մտած է հասունացման փուլ:
Առաջին անգամը չէ, որ կը խօսուի Արսէլի մասին: Սուրիոյ ճակատներուն վրայ տեղի ունեցած զարգացումներէն ու յատկապէս սուրիական բանակին մէկէ աւելի ճակատի վրայ արձանագրած յաղթանակէն ետք, պարզորոշ սկսաւ դառնալ, որ Արսէլի լեռներուն վրայ դիրքաւորուած ահաբեկիչները յայտնուած են պաշարման մէջ:
Ահաբեկիչներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ առկայ «պատմութիւն»ը ունի հինգ տարուան կեանք: Այսինքն այն օրէն ի վեր, երբ Սուրիոյ պատերազմը սկիզբ առաւ, ծայրայեղականները իրենց համար «տաք տեղ» համարեցին Լիբանանի այդ հատուածը:
Աւելի՛ն. անոնք յաջողեցան «ելք ու մուտք» իրավիճակ մը ստեղծելով «լոժիսթիք» օգնութիւն եւ նեցուկ տրամադրել Սուրիոյ մէջ կռուող իրենց «եղբայրներ»ուն:
Արսէլի հարցով հիմնական մտահոգութիւնը զինուորական գործողութիւնները չեն, այլ սուրիացի գաղթականներուն պարագան, որոնք կրնան որեւէ պահու ծայրայեղականներուն համար «մարդկային վահան»ի մը գործօնը դառնալ:
Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Ժոզէֆ Աուն, վերջերս այցելութիւն մը տուաւ Պաալպէք աւանի լեռնային հատուածները՝ յայտարարեց, որ բանակը բաւարար կամք եւ ներուժ ունի պահպանելու համար շրջանի բնակչութեան անվտանգութիւնը:
Բանակին վճռակամութիւնը ունի նաեւ քաղաքական երեսակ ու յստակ է, որ լիբանանեան բանակը պատրաստ է ապահովական «հովանոց» մը դառնալ սուրիացի փախստականներուն համար:
Այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ Արսէլի մէջ ապրող փախստականներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը բաղկանայ սիւննիներէ, որոնց մեծամասնութիւնը դէմ է Սուրիոյ կառավարութեան: Այս փաստն է, որ կրնայ առիթ դառնալ ներհամայնքային որոշ լարուածութեան:
Լիբանանեան բանակը «հին» հաշիւ մ՚ունի ծայրայեղականներուն հետ ու այս առումով պէտք չէ մէկ կողմ դնել, կամ մոռնալ, որ նոյն այդ զինեալներն են, որ բախում ունեցան բանակին հետ եւ նոյնիսկ կարողացան անոր շուրջ երեսուն զինուորը գերեվարել: Լիբանանի կառավարութիւնը ու յատկապէս երկրի ընդհանուր ապահովութեան նախկին տնօրէն զօրավար Ապպաս Իպրահիմի գործադրած ճիգերուն շնորհիւ բանակի զինուորներու մեծ մասը փոխանակման «գործարք»ով ազատ արձակուեցան: Բանակի զինուորները առեւանգուած էին 2014 թուականի յունիսին։ Անոնք մէկուկէս տարի գերեվարուած մնալէ ետք ազատ կ՚արձակուէին 2016 թուականի Դեկտեմբերին: Թիւով տասնվեց զինուորները ազատ կ՚արձակուէին, սակայն այդ խնդիրը չէր հասներ իր լրումին ու ցայսօր լիբանանեան բանակի տասն զինուորներ կը շարունակեն մնալ գերեվարուած:
Մինչ բանակի առաջին խմբաքանակը կը գտնուէր «Ալ Նուսրա» ճակատին մօտ, երկրորդ խմբաքանակը, որ կը բաղկանայ տասն զինուորներէ, կը գտնուի ԻՇԻՊ-ին («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) մօտ:
Ծայրայեղական խմբաւորումներուն մասին վերլուծութիւններ գրողերուն համար յատկապէս Արսէլի բարձունքներուն մասին արտայայտուելու պահուն կայ հիմնական մօտեցում մը, ըստ որուն, յատկապէս Սուրիոյ հետ սահմանային այդ հատուածին մէջ տեղակայուած զինեալները շատ մեծ տարակարծութիւններ չունին: Այսինքն՝ մինչ Սուրիոյ պատերազմին ողջ տեւողութեան ԻՇԻՊ եւ «Ալ Նուսրա» իրարու դէմ կը կռուէին, այսօր իրադրութիւնը բաւական այլ է։ Այլ է, որովհետեւ այդ զինեալները յայտնուած են բաւական դժուար վիճակի մէջ եւ ստիպուած են ամէն գնով միաւորուիլ: Վերադառնալով լիբանանեան բանակի մօտեցումներուն՝ այստեղ անպայման հաշուի պէտք է առնել, որ բանակը առաջին անգամը չէ, որ սիւննի զինեալներուն հետ բախումի կ՚երթայ: Նոյնը եղած է երկրի հիւսիսային մայրաքաղաքին՝ Թրիփոլիի մէջ, որ ընդամէնը երեք տարի առաջ դարձած էր այդ իսլամամէտներու բոյնը: Ու հակառակ անոր, որ հոն եղած բախումները ներլիբանանեան էին, որովհետեւ զինեալները սիւննի լիբանանցիներ էին, այսօր սակայն իրադրութիւնը քիչ մը տարբեր է: Տարբեր է, որովհետեւ զինեալները լիբանանցիներ չեն, բայց անոնց սիւննի ըլլալու փաստը կրնայ ներքին գրգռութիւններու առիթ հանդիսանալ:
Չմոռնանք, որ տասն օր առաջ բանակին կատարած վերջին ծայր կարեւոր նախայարձակ գործողութեան ընթացին ձերբակալուած էին երեք հարիւր կասկածեալներ, որոնց մեծ մասը ազատ արձակուած էր: Ցնցիչը այդ գործողութիւնէն ետք չորս սուրիացիներու մահն էր, որ առիթ կը հանդիսանար ներքին լարուածութեան: Մինչ քաղաքացիական հասարակութեան տարբեր ձայներ կը մեղադրէին բանակը, անդին բանակին զօրավիգ կողմեր կը պահանջէին զօրակցական հաւաքներ կայացնել:
Կառավարութիւնը իր կարգին նախազգալով ներքին լարուածութեան աճը՝ չեղեալ կը համարէր բոլոր ցոյցերը: Իսկ Ներքին գործոց նախարար Նոհատ Ալ Մաշնուք կը զգուշացնէր բոլոր կողմերը եւ կը յիշեցնէր, որ երկրի ներքին անվտանգութիւնը կարմիր գիծ է:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐ ՄԸ
Երկրի մը մէջ, ուր համայնքներու միջեւ առկայ ընդհանուր հաւասարակշռութիւնը հիմնարար արժէք ունի, ոչ մէկ պարագայի դրական կրնայ համարուիլ այդ ուժերէն մէկուն յառաջանալը, կամ միւսին ետ մնալը: Գաղտնիք չէ, որ այսօր Արսէլի մէջ գոյացած վիճակը ունի համայնքային պատկեր, որովհետեւ այդ աւանի յիսուն հազար բնակիչները սիւննիներ են, հոն ապրող փախստականները սիւննիներ են եւ անոր լեռնային գօտիներուն վրայ կայք հաստատած զինեալներն ալ սիւննիներ են:
Ուրեմն որեւէ բախում պիտի ընկալուի որպէս շիի-սիւննի ընդհանրում. յատկապէս որ ահաբեկիչ զինեալներուն «հաշուեյարդար» կատարել խոստացող կողմը շիի «Հիզպուլլահ»ն է:
Այս դրութեան մէջ երկրի վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մը առջեւ: Ան մէկ կողմէ պարտաւոր է պահպանել երկրին անդորրը, իսկ միւս կողմէ ստիպուած է հաշուի առնել իր սիւննի համակիրներուն ընտրանքները:
Կայ նաեւ բանակին գերիշխանութեան եւ գետնին տէրը ըլլալու մօտեցումը, որ հիմնական դրօշն է այն կողմին, որ կտրականապէս դէմ է Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատին, հետեւաբար նաեւ Էսատի դաշնակից համարուող՝ «Հիզպուլլահ»ին:
Գաղտնիք չէ, որ Սուրիոյ ամենաթէժ ճակատներուն վրայ յստակ առաւելութիւններ արձանագրած «Հիզպուլլահ»ին համար «մեծ հարց» մը չէ Արսէլը, ոչ ալ մտահոգիչ է «Արսէլ»ի «սպասուած» ճակատամարտը:
Հիմնական հարցը «Արսէլ»ի ճակատամարտէն ետք հասնող հանգրուանն է, որ կրնայ տարբեր իմաստներով բաւական լուրջ հետեւանքներ ունենալ ամբողջ Լիբանանին համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024