«ՁԵՐ ՄԱՐԳԱՐԻՏՆԵՐԸ ԽՈԶԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ ՄԻ՛ ՆԵՏԷՔ»
Թանկարժէք ու իմաստալից խօսքերը պատմութեան փոշիին տակ երբեք չեն թաղուած եւ ոչ ալ հնութեան պատմուճանը հագուելով՝ արժեզրկուած ու ժամանակավրէպ դարձած են։ Շատե՜ր փորձած են լռեցնել ու լուսանցքայնացնել զանոնք, սակայն անլեզու ըլլալով հանդերձ՝ անոնք դարձած են մշտաբարբառ եւ շնչատու ոսկեղնիկ ասոյթներ։ Սոսկ պարագայական կամ պատահաբար չեն ըսուած ու ստեղծագործուած այդ բոլորը, այլ անոնցմէ իւրաքանչիւրն ունի իր նպատակադրեալ ու նպատակաուղղուած «հասցէագիր»ը։ Ո՞վ է զանոնք ստեղծագործողն ու բանահիւսողը. շինիչ մտածումներ ունեցող եւ յարատեւ մակընթացութեան մէջ եղող միտքը։
Պապիկներէն ու մամիկներէն հրիտակուած առածները մեր աշխարհագնաց կեանքին մէջ որպէս «ուսուցիչ» յաճախակիօրէն կը պատգամեն ու կը յուշեն մեզի՝ զգաստացնելու մեզ մեր անուղղայ ճամբէն եւ սթափեցնելու մեր թմբիրէն։ Եթէ մարդուն կողմէ գրի առնուած կամ աւանդուած խօսքերը այսքան դիպուկօրէն մեր սրտերուն կը խօսին, ապա որքա՜ն Աստուածորդիին կողմէ ուսուցանուած մարգարտանման խօսքերը ո՛չ միայն կը խօսին ու խօսիլ կու տան, այլեւ՝ ցայսօր կ՚ապրին ու կ՚ապրեցնեն, կը ներշնչեն ու կ՚ոգեզինեն, կ՚ուղղեն եւ զգօն կը դարձնեն մեզ։
«Ձեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք» քրիստոսադիր խօսքը որպէս կեանքի չափանիշ եւ անլռելի զանգահարում մեր ողջ գիտակցութեան, բազմազան դռներ կը բանայ մեր մտապաստառին դիմաց, սակայն ան միայն մէկ նպատակ կը հետապնդէ. ԱՐԺԷ՛ՔԸ։ Արժէք, որ ամրակայուած է անանց գանձերով, բարոյական սկզբունքներով ու կենսաւէտ հիմունքներով։ Արժէք, որ ժամանակի թանձրախաւ փոշիին տակ երբեք չի մնար եւ իր արժէքութիւնը երբեք չի կորսնցներ։ Արժէք, որ մարդոց պարսաւանքներուն դիմաց երբեք չ՚ոչնչանար, այլ իր ներկայութեամբ կը դառնայ լոյս՝ խաւարին մէջ, սպեղանի՝ հոգեկորոյս մարդոց համար։
Սակայն նախքան արժէքի մասին խօսիլը, հիմնաւորենք եւ վերլուծենք, թէ ինչո՞ւ Քրիստոս մարգարիտը խոզին հետ կապեց եւ թելադրեց մեր խօսելակերպին եւ միտքերու փոխանակման մէջ զգոյշ ըլլալ։ Խոզը բնոյթով կեղտոտ, կճղակաւոր կենդանի մըն է, որուն «լողաւազանը» ցեխն ու տիղմն են։ Յառա-ջադէմ երկիրներու մէջ՝ Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա. ամենէն շատ սպառող ու սիրուած մսեղէններէն մին է խոզի միսը՝ կարմիր գինիի ընկերակցութեամբ։ Միւս կողմէ սակայն, զարմանալին այն է, որ այսքան սիրուած մսեղէն հայթայթող կենդանին՝ խոզը, ենթակայ է անարգանքի, նուաստացման…։
«Խոզ» բառը, որ հնչիւնային տեսակէտէ ալ սիրուն կազմութիւն մը չունի. մեր բերնին մէջ կը գործածուի բացառաբար ժխտական իմաստով ու երանգներով։ «Խոզի պէս մարդ մըն է»,- կ՚ըսենք յաճախ, երբ կ՚ուզենք ակնարկել մէկու մը, որ կոպիտ վերաբերմունք ունի իր շուրջիններուն նկատմամբ եւ անփափկանկատութեան, անքաղաքաքավարութեան դափնեկիր մըն է։ Տակաւին կայ «այնքա՜ն գիրցած է, որ խոզի սկսած է նմանիլ» ասոյթը, զոր կը կիրառուի այն մարդոց համար, որոնք կորսնցուցած են իրենց ֆիզիքական նրբութիւնն ու վայելչութիւնը։
Խոզը առհասարակ իր դիմացը դրուած բոլոր կերակրատեսակները առանց հասկնալու կ՚ուտէ՝ նոյնիսկ այդ մէկը անհամ եւ կամ համեղ ըլլայ։ Խոզը իր արարքներով անհասկնալի կենդանի մըն է, որովհետեւ ո՛րքան ալ բարիք ընես՝ չի՛ հասկնար անոր ինչութիւնը։ Ինչքա՛ն ալ փորձես մաքրել զայն եւ հանել իր տիղմէն, վայրկեան մը իսկ չանցած կը վերադառնայ իր նախընտրելի ցեխին մէջ՝ զովանալու եւ հանգստանալու համար։ Շարք մը կրօններու համար խոզի միսը արգիլեալ ուտեստեղէն մըն է, որոնք յստակօրէն կը թելադրեն իրենց հետեւորդներուն չճաշակել խոզի միսը՝ զայն նկատելով պիղծ ու գարշելի եւ այլազան հիւանդութեանց աղբիւր:
Բազմաթիւ են այն մարդիկը, որոնք խոզերու բնոյթը ընդօրինակելով, կ՚ուզեն տգիտութեան խաւարին մէջ մնալ՝ իրենք զիրենք ճշմարիտ գիտութենէն զրկելով եւ մթութեան մէջ խարխափելով։ Սակայն մարդ արարածը շատ յաճախ կը մոռնայ, որ ինք արժէք է եւ արժէք մը կը ներկայացնէ։ Երբ Աստուած է քեզ ստեղծողը, արարողը եւ շնչաւորողը՝ սա նշանակ է արժէքի մը, որ ի վերուստ սահմանուած եւ տրուած է քեզի։ Մարդկայնօրէն կարելի չէ ըմբռնել զայն կամ սահմանել, ոչ ալ տրաբամանական ու տրամախոհական եզրերով ընկալել։ Արժէքին տարողութիւնը լա՛ւ հասկնալու համար, նախեւառաջ պէտք է արժէքդ գիտնաս եւ ըստ այնմ դուն քեզ արժեւորես։ Կարողութիւններդ ու հնարամտութիւններդ, խօսելակերպդ ու արտայայտչաձեւերդ, վարքագիծիդ լաւ ու յոռի կէտերը, այլ խօսքով՝ նկարագրային գիծերդ գիտնալով, կրնաս գիտնալ արժէքդ, դուն քեզ ըմբռնել, ճանչնալ ու հասկնալ եւ կեանքիդ սահմանները գծել։
Այսօրեայ մարդը արժէք հասկացողութիւնը կ՚ըմբռնէ տարբեր ոլորտներով, տարբեր եզրաբանութեամբ ու իմացականութեամբ։ Արժէքը վերացական յղացք մը չէ երբեք։ Արժէքը արժէ՛ք է նախ՝ երբ անոր ընկերացած են ինքնաճանաչումը, ինքնարժանապատուութիւնը եւ ինքնայարգումը եւ ապա փոխհասկացողութիւնը, փոխըմբռնումը ու փոխադարձ յարգանքը։
Աւետարանական սրտայոյզ խօսքը կ՚ըսէ, թէ ո՛ւր որ է մարդուս հարստութիւնը, հո՛ն կ՚ըլլայ նաեւ անոր սիրտը (Հմմտ. Մտ 6.21)։ Չկայ գոյակ մը այս երկնակամարին մէջ, որ չունենայ արժէք մը, գանձ մը, նպատակ մը ու գոյապատճառ մը, որուն կ՚աղերսէ իր անձն ու համակ կեանքը եւ որուն մէջ կը գտնէ իր կեանքի գերագոյն նպատակն ու վախճանը։ Կան մարդիկ, որոնք այդ գանձն ու արժէքը կը տեսնեն իրենց դիզած նիւթական հարստութեանց մէջ, ուրիշներ իրենց ուսման եւ վկայականներուն մէջ, ոմանք ալ՝ իրենց շրջանակին եւ նուաճած դիրքերուն մէջ։ Զարմանալին այն է, որ նման մտայնութեամբ պարապող մարդիկ կը հպարտանան իրենց սնափառութեամբ, պարծենկոտութեամբ ու մեծխօսիկութեամբ՝ իրենց աչքին առջեւ քօղարկելով կեղծմտութեան վարագոյրը եւ ինքնախաբէութեան շղարշը։ Մնայուն եւ արժեւորեալը այն անգին արժէքներն են, որոնք դրսեւորուած ու ջրդեղուած են զոհողութեամբ, ծառայութեամբ եւ հոգեմտաւոր արժէքներով, չունին ժամկէտ, ժամանակ ու սահման, այլ ունին մէ՛կ ակնաղբիւր՝ Գերագոյն Բարին՝ Աստուած։ Աստուած Երեմիա մարգարէին միջոցաւ կ՚ըսէ. «Իմաստունը իր իմաստութեամբ թող չպարծի եւ զօրաւորը իր զօրութեամբ թող չպարծի. բայց ան որ կը պարծի՝ թող անով պարծի, որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայ եւ գիտէ թէ ե՛ս եմ Տէրը, որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ՚ընեմ» (Եր 9.23-24)։
Մարդասիրութեան ու զոհողութեան առաքինութիւններէն մղուած, ստէպ կը փորձես մարդկային արժէքներդ ու գաղափարախօսութիւններդ բաժնեկցիլ նմանակիցներուդ հետ՝ հիմնուելով այն ճշմարտութեան վրայ, թէ իւրաքանչիւր մարդ ի՛նչ գոյնի կամ ազգի ալ պատկանի՝ ԱՐԺԷ՛Ք մըն է։ Իրողութիւնն այն է սակայն, որ նման անձնաւորութիւններ չեն գիտակցիր ու չեն անդրադառնար իրենց օգտին համար կատարուած բոլոր զոհողութիւններուն ու տարուած աշխատանքներուն եւ առ այդ՝ շտկել իրենց ընթացքը եւ ձերբազատուիլ կործանալից վարուելակերպերէ։ «Որեւէ սրբութիւն շուներուն մի՛ տաք. ձեր մարգարիտներն ալ խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք. որպէսզի չըլլայ թէ զանոնք կոխկռտեն եւ դառնան ձեր վրայ յարձակին» (Մտ 7.6)։ Քրիստոսախօս պատգամը բացայայտօրէն կը կարեւորէ մարգարտեայ խօսքերը բաժնեկցիլ այն մարդոց հետ, որոնք գիտեն արժեւորել նախ քեզ, ապա խօսքդ ու գործդ։ Իսկ Պետրոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Շունը իր փսխածին կը դառնայ, իսկ խոզը որքան ալ լուաս՝ տիղմին մէջ կը թաւալի» (Բ. Պտ 2.22)։
Մարդկային կենսակերպը ունի պէս-պէս երեւոյթներ, որոնք օրն ի բուն քեզ դէմ յանդիման կը դնեն տարբեր կացութաձեւերու եւ դէպքերու դիմաց։ Պատուհասները քեզ կը հարկադրեն, որ ենթարկուիս տուեալ իրադրութեան, մարմնիդ վրայ զգաս անոնց խորազդեցիկ հետեւանքը եւ երկա՜ր ժամանակ անոնց «սպի»ն որպէս մասնիկ մը մարմնիդ՝ քու վրա՛դ կրես։ Անմիջական չորսդիդ գտնուող ճանչուորներ, կը փորձեն քեզ մխիթարել ու աջակցիլ՝ ինչ-ինչ հաշիւներէ մեկնած։ Կը յաջողի՞ն. այդ կախեալ է համոզող անձնաւորութեան ճարտարութենէն։ Հաւանաբար «սպի»ն ժամանակի ընթացքին անհետանայ եւ ո՛չ մէկ ազդեցութիւն թողու իր ետին, սակայն եւ այնպէս կրնայ ճիշդ հակապատկերը ունենալ, այս պարագային երբե՛ք չբուժուիլ՝ խոր ու անբուժելի վէրք մը յառաջացնելով ներսիդիդ ու հոգեկանութեանդ վրայ։ Իսկ դուն, կարողութեանդ սահմաններուն մէջ կ՚ուզես դիմագրաւել զանոնք, վերլուծել տուն տուող դրդապատճառները, գիտնալ դերակատար ու թիրախամէտ մարդիկը, որոնք պատահականութեամբ կատարած չեն ըլլար իրենց վնասաբեր արարքները, այլ՝ որոշ անմարդկային ու տհաճ նպատակի մը համար, որ վնաս կը հասցնէ թէ՛ հանրութեան, թէ՛ ընկերութեան եւ թէ իր անձին։ Երեւոյթ մը, որ կարելի է որակել ՑԵԽԱԹԱԹԱՒ ՈՒ ԸՆԿԵՐԱԿՈՐԾԱՆ արարք մը, որուն կիզակէտը՝ վնա՛սն է, իսկ արդիւնքը՝ ընկերութիւնը։
Աստուածորդին Իր մարգարիտները՝ ուսուցումները, սրբութիւնը չկիսեց պատահական մարդոց հետ, որովհետեւ քաջ գիտէր, որ մարդիկ Իր ըսած խօսքերը պիտի լսէին, սակայն հոգիի ականջով մտիկ պիտի չընէին։ Սակայն այն հաւատաւորները, որոնք լսեցին Քրիստոսի մարգարտափայլ սուրբ խօսքերը, իրենց ողջ կեանքը փոխակերպեցին եւ դարձան Ս. Հոգիի տաճարները։ Սրբութիւնը մարդկային սրտի, հոգիի եւ մտքի այն մաքրագոյն եւ պարզագոյն վիճակն է, որուն շնորհիւ մարդ երկրաւոր բիծերէ եւ ախտերէ զերծ կը մնայ եւ աստուածային արարչագործ մատներուն դրոշմը կը կրէ իր վրայ, իսկ իր ներսիդին՝ անապակ աղբիւրներու վճիտ հայելին կը մաքրազարդէ, որուն մէջ կը ցոլանայ Աստուծոյ պատկերը՝ աստուածային նմանութիւնը։ Ահա այսպիսի աստուածահաճ կեանք ապրող քրիստոնեաները «բանգէտ» մարդոց համար նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն չունին, խոզանոցի աղբին մէջ թաղուած մէկական «խոզեր» են։ «Բանգէտ», խոզաբարոյ մարդը պէտք է ի մտի ունենայ, որ մարգարիտը թէ՛ խոզի տիղմին մէջ եւ կամ թագուհիի պարանոցին վրայ ՄԱՐԳԱՐԻՏ է, որուն անժամանցելի արժէքին մասին ինք անգիտակ է եւ ոչ ալ իր նեղմիտ, աշխարհապատկան մտքով կրնայ հասկնալ։ Ստեփանոս Սիւնեցի կ՚ըսէ. «Սրբութիւնը եւ մարգարիտները քրիստոնէական վարդապետութիւնն են. որ պէտք չէ անարժաններու առջեւ նետել։ Շուները անոնք են, որոնք ո՛չ միայն չեն ուզեր լսել ճշմարտութեան խօսքը. այլեւ անընդհատ հաչելով՝ կը փորձեն յաղթել. իսկ խոզերը անգիտութեան խաւարին մէջ թաւալուողներ են»։ Մարգարտայեռ քրիստոնեան ան է, որ ամենատես Աստուծոյ գթութիւնը կը հայցէ՝ զինք անիծողներուն համար: Մարգարտահուռ նկարագիր ունեցողը ան է, որ արցունք կը թափէ` իր արիւնը թափել ուզող մարդոց փրկութեան համար եւ չ՚անտեսեր աղտեղասէր մարդիկը, որոնք զինք շարունակ կը զգետնեն ու կ՚անարգեն։
Մարդ մը ամէն առաւօտ երկու կուժեր առած աղբիւր կ՚երթար ջուր լեցնելու համար։ Երբ տուն կը հասնի, կը տեսնէ որ մէկ կուժը լեցուն է, իսկ միւսը՝ պարապ։ Պարապ կուժին կը նայի ու կը տեսնէ, որ տակէն քիչ մը ճաթած է։
Յաջորդ օր դարձեալ նոյն երկու կուժերով ջուր լեցնելու կ՚երթայ։ Վերադարձին, դարձեալ մէկը լեցուն կը տեսնէ, իսկ միւսը՝ դատարկ։ Այսպէս երկար օրեր կը շարունակէ նոյն գործողութիւնը կրկնել։
Օր մը, ճաթած կուժը զինք շալկող իր տիրոջ կ՚ըսէ. «Ո՛վ իմ տէրս, ինչո՞ւ կը շարունակես զիս ուսիդ վրայ դնել եւ մինչեւ աղբիւր տանիլ, երբ կը տեսնես որ ճաթած եմ եւ ինձմէ օգուտ մը չկայ»։ Անոր տէրը կը նայի այն ճամբուն, ուրկէ ամէն օր անցած էր եւ կը տեսնէ այդ ճամբան բուրեան ծաղիկներով եւ վարդերով լեցուած։ Դառնալով ճաթած կուժին՝ կ՚ըսէ. «Նայէ՛ այն ճամբուն, ուրկէ ամէն օր միասնաբար կ՚անցնէինք։ Եթէ դուն ճաթած չըլլայիր եւ եթէ քեզմէ ամէն օր ջուր չկաթկթէիր գետինը, այս գեղեցիկ ծաղիկներն ու վարդերը հոս պիտի չըլլային այսօր։ Հետեւաբար, սիրելի՛ կուժ, մի՛ նայիր քու ճաթած ըլլալուդ, այլ նայէ ճաթածութեանդ արդիւնքը եղող այս գեղեցիկ ծաղիկներուն եւ վարդերուն»։
Սիրելի՛ ընթերցող, քու խօսքերդ ալ իբրեւ «բուրեան վարդ» կրնան բազում մարդոց կեանքը կերպարանափոխել ու յեղաշրջել։ Շատեր չեն հասկնար արտաբերած խօսքերուդ իմաստն ու արժէքը, իսկ ոմանք ալ զանոնք կ՚ընկալեն ու կը կիրառեն իրենց կենսընթացին։ Չհասկցողները, որոնց խումբին մէջ ներկայ կ՚ըլլան նաեւ «զարգացած» կարծեցեալ անձնաւորութիւններ, Քրիստոսի իսկ բառերով, վրադ կը յարձակին, անիմաստ ու անարժէք կը սեպեն զանոնք եւ զանազան աւերներ կը գործեն՝ թանկարժէք խօսքերդ կոխկռտելով, անհիմն ու անտեղի մեկնաբանութիւններ կատարելով։
«Բուրեան վարդ»երով եւ «մարգարտեայ քար»երով լեցուն բերանը ճշմարտութեան շեփորահարն է, միտքերու մեղրախարիսխ քաղցրահամ պտուղն է եւ առաքինութեան ծաղկեստանի անթառամ մեխակը։ Ըսուած խօսք է, թէ «Ճշմարիտ պերճախօսութիւնը կը կայանայ ըսելու մէջ միայն՝ ինչ որ պէտք է եւ չըսելու՝ ինչ որ պէտք չէ»։ Խօսէ՛ ու մտածումներդ բաժնեկցէ այն մարդոց հետ, որոնք քեզ կը հասկնան ու կ՚արժեւորեն, եւ ոչ թէ այն սնապարծ ու ինքնանպատակ մարդոց հետ, որոնք կ՚ապրին վասն ոչինչի ու նպատակի։ Հասկցողը կը հասկնայ, իսկ արժեւորողը՝ կ՚արժեւորէ…։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ